ՀՅԴ Մամուլ

Արգելափակւած դիւանագիտութի՞ւն, թէ՞ հպարգելք

Հպարգելք (taboo) մըն է մեր ներկայ օրերու դիւանագիտական բեմահարթակը։

Նոյնիսկ անտեղի է բեմի կամ հարթակի մասին խօսիլը։ Այնքան մը հիւծած, հալած ու ցամքած է մեր հայրենի դիւանագիտական գործընթացն ու պրոտոկոլը, որ կարելի է շատ աւելի վտանգաւոր եզրակացութիւններու եւ լուծումներու հանգիլ։

Նորագոյն ցայտուն ապացոյցն էր վերջերս, ազգային ժողովին բեմէն, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մէկ հարցադրումը՝ ընդդիմադիր ճակատին, թէ՝ «Դուք ի՞նչ նկատի ունէք Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձ ասելով, արդեօք դա ա՞յն պայմաններն են, որ առաջարկում է պաշտօնական Բաքուն, թէ՞ դա ինքնավարութիւն է Ադրբեջանի կազմում, թէ՞ անկախ Լեռնային Ղարաբաղ է: Դուք ի՞նչ էք ուզում առաջարկել: Եթէ անկախ Լեռնային Ղարաբաղ է կամ այն գոյավիճակը, որ կար 2019 թւականին։ Դուք հասկանո՞ւմ էք եւ պատրա՞ստ էք դա անել առնւազն 4000 զոհի գնով: Դուք առաջարկում էք պատերա՞զմ, թէ՞ ոնց որ ձեր հերթական վարչապետի թեկնածուն ասում է՝ զինւորականները պիտի մեռնեն»։

Եւ տեսէ՜ք թէ ո՛վ է «բան հասկնալու» մասին քարոզ կարդացողը: Ա՛ն, որ անցեալ սեպտեմբերին, օր մը սխալեցաւ եւ ՄԱԿ-ի ամբիոնէն յայտարարեց, որ Ադրբեջան Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ (հազւադէպ լաւ ու յիշատակելի սխալ մը), իսկ նոյն պահուն, իր «շէֆ»-ը յայտարարեց, թէ Արցախի մէջ ամէն բան բնական է, ու ազերի իր պաշտօնակիցը Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը շահող խաղաթուղթի վերածեց իր, Արցախի ու հայութեան դէմ: Ու Միրզոյեան «գետինը բանալով տակը չանցաւ» ու հիմա ելած է ու նման ցնդաբանութիւններով քարոզ կը կարդայ…

Եկէ՛ք, պահ մը մենք ալ մանկամիտի պէս տարւինք վերոյիշեալ չնաշխարհիկ հարցումներուն ծնունդ տուող մտածելակերպով, վերլուծենք ու հաստատենք, մեր աչքերը բանանք ու տեսնենք, որ վերլուծման լոյսին տակ, շա՛տ աւելի ահաւոր ողբերգութիւն կայ՝ դիւանագիտական ոլորտէն ներս արձանագրւած պարտութիւնը, քան տաք ճակատամարտի ընթացքին հող կորսնցնելն ու նահատակ տալը։ Աւելո՞րդ է ըսել, թէ Սուրբ հողին կարելի է վերատիրանալ եւ յաւերժացնել նահատակներն ու անոնց սխրանքը։

Նոյնինքն իսկական դիւանագիտութիւնն է բանալին այս սնանկութեան դէմ ուղղւած հակայարձակողականին. հոն առաջնահերթ դեր ունի «Դիւանագէտներու Համահայկական խորհուրդ»-ը, որ կազմուեցաւ վերջին ամիսներուն եւ բեղուն գործունէութիւն կը տանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած ձախող գործունէութեան դէմ, շարունակ կը փորձէ ահազանգել եւ թմբիրէն դուրս բերել արտաքին գործոց նախարարութեան անմիջական ազդեցութեան տակ գտնւող դիւանագիտական մեքենան։ Անոնք սկսած են կազմակերպել օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ եւ շարունակ կոչ կուղղեն պաշտօնի վրայ գտնւող իրենց գործընկերներուն, որպէսզի իմաստնանան եւ տեսնեն, որ իրենք ծառայութեան անցած են իշխանութեան ղեկը պատահաբար ստանձնած եւ պետութեան շահին մասին որեւէ խորքային եւ տրամաբանական պատկերացում չունեցող խումբի մը, մինչդեռ իրենց առաքելութիւնն է ծառայել հայրենիքին ու ժողովուրդին: Անոնց շարքին են դիւանագէտներ, որոնք որոշ ատեն մը, հայրենիքին ծառայելու նախանձախնդրութեամբ, ճամբայ քալած են ՔՊ-ականներուն հետ եւ սակայն, ի վերջոյ անդրադարձած են թէ անոնց բռնած ուղին յաւելեալ կորուստներու կը տանի երկիրը, ո՛չ մէկ դրական ակնկալիք մնացած է, ուրեմն, վար դրած են իրենց պաշտօնները…

Դիւանագէտներու խորհուրդը յստակօրէն կահազանգէ, թէ Հայաստանը համաշխարհային եւ շրջանային վտանգներու դիմաց է, կը գտնւի անկախութեան շրջանի ամէնէն խախուտ, անորոշ եւ անկայուն դիրքերուն վրայ. անդամները կը շեշտեն, թէ դիւանագէտին կոչումն է սեփական ժողովուրդի ու պետութեան շահերու պաշտպանութիւնը՝ միջազգային բոլոր մակարդակներուն վրայ: Իրականութիւնը այն է, որ դիւանագիտական մեքենային մէջ մնացողները իրենք զիրենք սահմանափակած են ազգ ու հայրենիք թշնամիին մատաղ ընելու գործին լծւած վարչախումբին:

«Մերը ծառայութիւն է, եւ ո՛չ թէ սովորական դիւանակալական աշխատանք: Մենք կը ճանչնանք այս պահուն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տակաւին իրենց պարտքը իրականացնող մեր գործընկերները եւ կը հասկնանք, թէ անոնք ինչպիսի՛ ծանր իրավիճակի մէջ կը գտնուին», կը հաստատէ «Դիւանագէտներու Համահայկական խորհուրդ»-ի մէկ կոչը։

Ընկղմած է ու էապէս անդամալուծւած՝ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մեքենան: Անդին, ի՞նչ կըսէ թշնամին: Առանց բառերը ծամծմելու՝ Հայաստան պէտք է գիտակցի, որ «իր ապագան կապւած է շրջանի երկիրներուն հետ», եւ նախ եւ առաջ պէտք է ձերբազատի երրորդ երկիրներու եւ արտերկրի հայկական սփիւռքի «վատ ազդեցութենէն», կըսէ Թուրքիոյ նախագահ Էրդողան, Իզմիրի մէջ, բազմազգ «էֆես 2024» ռազմափորձերու ընթացքին: Ան ամբարտաւան յոխորտանքով եւ ամէնայն յանդգնութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ հանդարտութեամբ յայտարարեց, թէ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք, շրջանին մէջ ձեւաւորուած է կայուն խաղաղութիւն հաստատելու իսկապէս պատմական կարելիութիւն: Ան շեշտեց, թէ առիթ պէտք չէ կորսնցնել, թէ՝ Հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ իր ապագան կապւած է շրջանի երկիրներուն հետ։ Իսկ «շրջանի երկիրներ» ըսելով՝ ի մտի ունի բացայայտօրէն համաթուրանականութեան ծրագիրը իրականացնելու լծուած Թուրքիան եւ Ադրբեջանը…

Նորացւած յանկերգ մը, որ կը կրկնեն ՔՊ-ական իշխանաւորները։ Որեւէ շրջահայեաց ու իմաստուն հայ կը տեսնէ, թէ Էրտողանի, Ալիեւի ու Փաշինեանի (ու խումբին) քարոզած «խաղաղութեան աննախընթաց առիթ»ը խորքին մէջ կը նշանակէ խաղաղութիւն՝ առանց Հայաստանի գոյութեան:

Հայրենի դիւանագիտութիւնը մեծ գործ ունի կատարելիք, վերաորակաւորում, վերաշինութիւն, վերածնունդ եւ… ժամացոյցի դէմ սրարշաւ մրցում։ Պէտք է խորտակել բոլոր աննպաստ հպարգելքները:

«Հայրենիք» Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button