ՀՅԴ Պատանիի օրւան նշումը հայկական իրականութեան ներկայ պայմաններուն մէջ ամենէն աւելի մտածումները կը կենտրոնացնէ պատանիներուն ստացած դաստիարակութեան բովանդակային հարցերուն վրայ:
Գաղտնիք չէ, որ Դաշնակցութեան պատանեկան միութիւններու դաստիարակութեան առանցքային բաժինը ազատագրական պայքարի պատմութիւնն է: Հոն է, որ պատանին կընկալէ ազգի գաղափարը, անոր ազատ ու անկախ ապրելու սկզբունքը, այդ իրաւունքին համար նախորդներու ստանձնած զոհողութիւններու տարողութիւնը, հայրենիքի ազատագրութեան համար անմնացորդ նւիրւելու եւ ամենէն թանկը նւիրաբերելու օրինակները: Զուգահեռ՝ ընկերասիրութիւնը, ազնւութիւնը, հաւաքական աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը:
Այս դաստիարակութեան առընթեր պատանեկան միութիւնները ձեւաւորած են այն առողջ միջավայրը, ուր ազգային, միութենական դաստիարակութիւն ստանալով, մեր պատանիները կը զարգացնեն իրենց հմտութիւնները, ընկերային կեանքի հաղորդականութիւնը, զարգացման համար հայեցիի ու մարդկայինի համատեղման փորձերը, բանակումներու մասնակցութեամբ՝ կարգապահութիւնը, կազմակերպ աշխատանքը եւ այս բոլորի ընդմէջէն պատրաստւիլը: Պատրաստւիլն ու կազմաւորւիլը անցում կատարելու համար դէպի երիտասարդական միութիւնն ու ապա Դաշնակցութեան շարքերը:
Այս ամբողջ ընթացակարգի յենարանը, ենթահողը, առաջին կարգը ուրեմն ՀՅԴ պատանեկան միութիւններն են, որոնց աշխատանքները կերեւան մեր ակումբներուն ու թաղերուն մէջ, բայց նաեւ երբ կը ներկայանան սրահներ՝ ժողովուրդին հրամցնելու համար այդ դաստիարակութեան արդիւնքը: Մեր թաղերուն մէջ, երբ տիպար քաղաքացիի օրինակով կը նպաստեն հայաբնակ թաղերու բարեզարդման: Մեր տուները այցելելով, երբ տարբեր առիթներու կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքի արդիւնքը կամ տօնական առիթներու կը շնորհաւորեն հայ ընտանիքները:
Մեր պատանիները մարզական օրեր կազմակերպելով, կը սորվին ազնւօրէն մրցակցիլը, յաղթելը կամ մրցում կորսնցնելէ ետք քաջալերւիլն ու քաջալերելը: Անոնք նաեւ հայ վարժարաններուն մէջ ազգային տօներու առիթով կազմակերպւող ձեռնարկներուն կունենան իրենց ներդրումը եւ կը փոխանցեն միութիւններէն քաղած իրենց փորձառութիւնը:
Մարդուժի պատրաստութեան այս առաջին հնոցին մէջ է ուրեմն, որ ազգին, հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ այդ արժէքները գերադասած նւիրեալ անձերու կենսագրութիւններուն, մղած կռիւներուն թէ կատարած գործերուն կամ գրած հատորներուն ծանօթանալով անոնք կը ստանան ազգային արժեհամակարգի առաջին պատւաստները: Այս պատւաստումը կապահովէ անբեկանելի դիմադրողականութիւն: Եւ եթէ պատանեկան միութիւններուն մէջ ներմուծւած պատւաստումը չըլլար, մեր պատանիները եւս այսօր կրնային քննել կրթութեան կամ դաստիարակութեան այնպիսի չափորոշիչներ, որոնք ազգային գաղափարախօսութիւնը կը հակադրէին գիտականութեան, հայոց պատմութիւնը կանւանափոխէին Հայաստանի պատմութեան, պատմական Հայաստանը կը հակադրէին իրական Հայաստանին, Արարատը՝ Արագածին, միացեալ Հայաստանի դաւանումը կորստաբեր առաւելապաշտութիւն կը նկատէին, կամ Պատանիի գիրքէն կը փորձէին դուրս բերել եկեղեցւոյ պատմութիւնը կամ ժողովներու օրակարգէն ջնջել ռազմահայրենասիրական կամ յեղափոխական երգերը:
Այս բոլոր «չափորոշիչներ»-ը կրնան որդեգրւիլ այդ պատւաստները չստացած միջավայրերու մէջ: ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները այն անփոխարինելի միջավայրերն են, ուր այս բոլորին մասին կը զեկուցւին, կուսուցւին, եւ այդ ճամբով կիրականացւի արժէքափոխանցումը:
Պատանեկան միութիւններուն սրսկած պատւաստները պէտք են մեզի, որպէսզի նոր սերունդը հաւատարիմ մնայ այն արժէքներուն, որոնց համար հիմնադրւեցաւ Դաշնակցութիւնը, եւ որոնց համար ոչինչ խնայեցին իրերայաջորդ սերունդները:
Այս պատւաստները ստացողները չեն ազդւիր ապազգային չափորոշիչներէն, որոնք համավարակի ուժգնութեամբ եւ կշռոյթներով կը կլանեն ամբոխները:
Պատւաստները կրնա՛ն կասեցնել համավարակները:
Ազդակ