ՀՅԴ Մամուլ

«Այնտեղ ըլլալ»․․․ Չէ՛, երբե՛ք

«Այնտեղ ըլլալ»-ը («Being There») ծագումով լեհ Ժերզի Քոզինսկիի (1933-1991) մէկ լուրջ – երգիծական նորավէպն է, հրատարակւած 1971-ին, որ քանի մը տարի ետք սպիտակ պաստառ բարձրացաւ իբրեւ եօթներորդ արւեստի գործ մը. բեմադրիչն էր Հոլիվուդի եզակի դէմքերէն՝ Հալ Աշպի (1929-1988)։

Նիւթը ներկայ օրերը հայելող կացութիւն մըն է։ Չափէն աւելի պարզամիտ, կարելի է ըսել՝ մանկամիտ հողամշակ մը անորոշ ժամանակէ ի վեր դարձած է մեծահարուստ «լորտ»-ի մը պարտիզպանը։ Դէպքերու թաւալքը ցոյց կու տայ, որ ան բառին ամբողջական իմաստով աշխարհէն կտրւած կեանք մը ապրած է, մինչեւ այն օրը, երբ գործատէրը կը մեռնի եւ ինք անգործ մնալով՝ փողոց կիյնայ եւ արկած մը կունենայ, կը վայելէ իր դարմանումը հոգացող պետական ազդու մարդու մը կնոջ խնամքը: Դիպուկ եւ սուր երգիծանք բուրող դէպքերու բերումով, ան այնքան մը կը տպաւորէ իր շրջապատը, որ մինչեւ իսկ կը նկատւի… ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու լուրջ թեկնածու։

Պարզունակ, թերամիտի տպաւորութիւն ձգող հերոսին՝ Չենսի Կարտինըր անունով պարտիզպանին դերը սքանչելի հարազատութեամբ մարմնաւորած է «Փինք Փնթըր» շարքով հռչակ շահած Փիթըր Սելըրզը, իսկ հոգատար կնոջ տիպարը՝ Այլ տաղանդաւոր մը՝ Շիրլի Մաքլէյն։

«Այնտեղ ըլալ»-ը հետաքրքրութեամբ կարելի է ըմբոշխնել որեւէ ատեն, կարդալով կամ դիտելով։ Անժամանցելի արժէքներու շարքին է:

***

«Այնտեղ ըլլալ»-ը յիշեցինք, հետեւելով Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երկու թեկնածուներուն՝ Ճօ Բայդէնի եւ Դոնըլդ Թրամփի պատկերասփռւած բանավէճին: Այո՛, դժբախտաբար ԱՅՆՏԵՂ ԷԻՆ երկու թեկնածուները, սակայն կարծէք թէ այլ աշխարհի մը բնակիչներ էին: Յաւելեալ մատնանշումներ ընելը անտեղի է եւ պիտի ըլլայ մելանի մսխում:

Շատեր ի սկզբանէ որոշած էին չհետեւիլ այս դէմ առ դէմ վիճաբանութեան, ուրիշներ հազիւ քանի մը վայրկեան հետեւեցան եւ անդրադարձան, որ բացայայտօրէն սարքովի հարց-պատասխաններով անհեթեթի թատրոն մը կը ներկայացւի, «ձայն բարբառոյ յանապատի» մը, որուն արդիւնքն ու եզրակացութիւնը անդնդախոր մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ։ Սկսելու համար՝ մրցակիցներէն մէկը արժանի՞ է քւէի…

Հակառակ իր դէմ կատարւած ու փաստարկւած՝ բազմաթիւ նիւթաբարոյական ամբաստանութիւններուն եւ աւարտած դատավարութիւններուն, որոնց շարքին՝ յատկապէս 6 յունւարի 2021-ին, «Քեփիթըլ Հիլ»-ի (ամերիկեան ազգային ժողովի շէնքը) վրայ իր համակիրներուն վայրագ ու արիւնալի յարձակումը՝ հանրապետական Թրամփ կը յամառի վերստին ստանձնել Սպիտակ տան բանալիները, որ չորս տարի առաջ փոխանցւած է դեմոկրատական Բայդէնի։ Ըստ բաւականին արդարացի են անոր յիշողութեան մասին կասկածները: Ուրեմն, հարց կը ծագի, թէ ան արդեօք կը յիշէ՞, որ ինք գրեթէ չորս տարի առաջ կրցած էր պարտութեան մատնել իր ներկայ մրցակիցը։ Անցեալ շաբթւան վիճաբանական երեկոն ցոյց տւաւ, թէ նոյնիսկ ան չի յիշեր Ռընէ Տեքարթի մէկ իմաստուն խօսքը՝ «Կը մտածեմ, ուրեմն ես եմ (կամ գոյութիւն ունիմ, հոս եմ)» («I think therefore I am»):

Եւ որպէսզի խեղկատակութիւնը քիչ մը աւելի՛ կատարեալ ըլլայ, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը հրապարակ կու գայ Թրամփի «մասնակի անձեռնմխելիութեան» վարկածով մը, որ կը խայտառակէ ամերիկեան արդարադատութեան էութիւնը: Սա բոլորովին այլ էջ է եւ կը յուշէ, որ այս դատարանին անդամներուն մեծ մասը…Թրամփի համակիր են, այսինքն անաչառ ու արդարամիտ չեն: Իսկ տեղ մը զանգեր կը հնչե՞ն Հայաստանի մէջ…

***

Որեւէ իրատես ամերիկացիի, նաեւ ամերիկահայերուս համար դժւար է «կուլ տալ եւ մարսել» այսպիսի ողբերգական իրավիճակ։ Այդ մասին կարելի է երկար խորհրդածել, մեկնաբանել եւ ախտաճանաչումներ կատարել: Սակայն անցնինք մեզի համար աւելի՛ շահեկանին, անդնդախոր մտահոգութիւն պատճառող իրականութիւններու, որոնք կլանած են Հայաստանը:

Անշուշտ ամերիկեան հողի վրայ եղածը կարելի չէ ուղղակի բաղդատել Հայաստանի ներկայ ներքաղաքական իրավիճակին, որ կը յիշեցնէ արւեստի աշխարհէն ուրիշ արտայայտութիւն մը. 70-ականներու անգլիական ռոք երաժշտութեան հռչակաւոր տիտաններէն՝ «Genesis»-ի մէկ հանրածանօթ ալպոմին խորագիրն էր «Selling England by the pound» (իմաստը՝ Անգլիան ծախու հանւած է շատ աժան, մաս առ մաս…):

Երեւանի ներկայ իշխանութիւնները ծախու հանած են Հայաստանը, մաս-մաս կը ծախեն, փոխարէնը ոչինչ ստանալով, ու կը յոխորտան, թէ նւաճումներ կընեն, ճիշտ այն տրամաբանութեամբ, որ… Ալիեւինն ու Էրդողանինն է։

Վիլիըմ Սարոյեանի ակնոցով, կեանքը կատակերգութիւն է, իսկ Անաթոլ Ֆրանսի եւ ուրիշներու աչքին՝ կեանքը ողբերգութիւն է…:

«Being There»-ի աւարտին, համեստ պարտիզպանի դերը ստանձնած Չենսի Կարտնըր/Փիթըր Սելըրզը, որ կը նկատւի նախագահական ընտրութիւններուն լուրջ թեկնածու մը, կը քալէ դէպի լճակ մը, եւ ակնթարթ մը ետք, կարծէք թէ վերածւած է Յիսուսի, որ կը քալէ ջուրին վրայ։ Ինքն ալ կը զարմանայ, երբ իր ձեռքի հովանոցը կը մխրճէ ջուրին մէջ…։ Ան չէ նկատած, թէ ջրամոյն ցանկապատի մը վրայէն կը քալէ…։

Այս իրականութիւններուն դիմաց, Վաշինգտոնէն մինչեւ Երեւան՝ տեղին է հարցադրել. ըլլա՞լ այնտեղ: Ներկայ վիճակով՝ ո՛չ, երբե՛ք:

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button