ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2023-էն ետք բացւող պատուհաններ

Արցախի 44-օրեայ պատերազմի չորրորդ տարելիցի նշումը կը համընկնի Արցախի մէջ իրականացւած ցեղային զտումին եւ ամբողջական հայաթափումի առաջին տարելիցին: Փաստօրէն 44-օրեայ պատերազմը սկիզբն էր այն գործընթացին, որ պիտի աւարտէր Արցախի մէջ Ադրբեջանի գործադրած ցեղասպանական արարքներով:

Պատերազմական գործողութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ, շրջափակում, ցեղասպանական արարքներ իրենց նախադէպերը ունեցած էին պատերազմի տարբեր արարներուն ընթացքին: Արցախը, սակայն, իբրեւ հանրապետութիւն եւ ժողովուրդ, ծառացած էր այդ բոլորին դէմ եւ կանգուն մնացած՝ Ադրբեջանի կիրարկած ամէն տեսակի բնաջնջման ահաբեկչական քաղաքականութեան դէմ:

Արցախի ամբողջական հայաթափումն էր, որ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ այս բոլորին մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին եւ տակաւին չեն ուզեր ըմբռնել, որ Արցախի կորուստը հիմնական սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ նախաբանն է դէպի Սիւնիք վերահսկողութիւն հաստատելու թուրքեւադրբեջանական դաշինքի առաջադրանքին:

Բաքուն հիմա կուզէ ամրագրել այն, ինչ որ ձեռք ձգած է սեպտեմբեր 2023-ին: Այլ խօսքով՝

1 – Լուծարւած համարել Արցախի հանրապետութիւնը,

2 – Բացառել հաւաքական վերադարձի իրաւունքը,

3 – Աղւանական համարել Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը,

4 – Միջազգային հանրութեան մօտ արձանագրել Արցախի հակամարտութեան լուծւած ըլլալու փաստը:

Արցախի Հանրապետութեան վերջին նախագահը յայտարարեց, որ իրաւական հիմք չունի Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարւած համարելու իր կողմէ ստորագրւած հրամանագիրը: Ադրբեջանի այս պահանջին ընդառաջ կերթան պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչները ոչ միայն ընդդիմանալով Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութեան Հայաստանի մէջ շարունակութեան, այլ նաեւ՝ յայտարարելով, որ գոյութիւն չունին Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր ներկայացուցչութիւնը:

Բաքուն ի՛ր կողմէ ճշտւած կանոններով միայն կը պայմանաւորէ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ: Ան լաւ կը գիտակցի, որ բռնատեղահանւած ժողովուրդին Հայաստան կեցութիւնը ամենանպաստաւոր ենթահողն է հաւաքական վերադարձի գործնականացման: Բաքուն անհանգիստ է, որ այս հարցը հետզհետէ կը վերածւի միջազգային օրէնքի, եւ պետութիւններ կը համալրեն Արցախի ժողովուրդի վերադարձը պահանջող երկիրներու ցանկը: Այս իրաւունքի միջազգայնացումը աշխարահաքաղաքական շարժառիթներ ունի: Վերադարձը ինքնին կը պայմանաւորւի անվտանգութեան երաշխիքներու տեղակայումով, որ իր հերթին կը կապւի տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնի հակակշռումով եւ միջազգային երաշխաւորութեան ապահովման առաջադրանքներով: Ուրեմն, անկախ հայկական գործօնէն, կայ աշխարհաքաղաքական նախադրեալ՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ գործընթաց սկսելու: Կը թւի, որ այս մօտեցումէն հեռու են Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք պարտականութիւնը պէտք էր ունենային վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրակարգ բերելու:

Եթէ Հայաստանի վարչակարգի ներկայացուցիչները պիտի չուզեն Արցախի իրաւունքներու վերականգնումը օրակարգաւորել, ապա հոգեւոր, հասարակական եւ մշակութային համահայկական հարթակները Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման նպատակով միջազգային կազմակերութիւններու մօտ աշխատանքը հետապնդելու հրամայականին առջեւ են: Չկայ զուտ մշակութային օրակարգ: Կայ մշակութային քաղաքականութիւն եւ, այո՛, աշխարհաքաղաքականութիւն: Չի բացառւիր մեր հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու մօտեցումներու միջազգայնացումը՝ իբրեւ գործիք տարածաշրջան թափանցելու կամ այլ բեւեռային գործօն հակակշռելու:

Վերջապէս, Ադրբեջանի համար մղձաւանջային խնդիր է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի առկայութիւնը: Ամէն առիթի, նախապայմանային կարգով, Բաքուն կը պահանջէ Երեւանէն համատեղ դիմում ներկայացնել չեղարկելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի լիազօրութիւնը: Եթէ կան Մինսկի խումբն ու անոր եռանախագահութիւնը, ուրեմն միջազգային հանրութեան համար չէ լուծւած արցախեան հակամարտութիւնը: Աւելի՛ն. կը շարունակէ սեղանի վրայ մնալ ինքնորոշման իրաւունքը:

Սեպտեմբերի աւարտը՝ թէ՛ 2020-ով, եւ թէ՛ 2023-ով, տխուր էջերը կը կազմէ մեր ժամանակակից պատմութեան: Այդ թւականները, սակայն, դասեր կը փոխանցեն հայկական կողմին. նախ՝ ելքեր ու պատուհաններ գտնել՝ դուրս գալու համար փակուղային վիճակէն, բայց մանաւանդ՝ նպատակաուղղւած աշխատիլ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրւածքներով:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button