Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան դիտորդներու խաղաթուղթը
Ադրբեջանի նախագահին յայտարարութիւնը թուրքական ուժերու Ադրբեջանէն հեռացման մասին առաջին հայեացքով տարակուսելի կը թւի: Ըստ իրեն, Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին Շուշիի հռչակագիրին մէջ կէտ կայ, որ կը նախատեսէ սպառնալիքի եւ յարձակումի պարագային փոխադարձ զինւորական օգնութիւն: Ատիկա թէ՛ Ադրբեջանի, թէ՛ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է` օգնութեան հասնիլ այն պարագային, եթէ այս կամ այն երկիրը բախի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակումի: Ուստի հռչակագիրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքին մէջ մնայուն զինւորական ենթակառոյցներու ստեղծումը:
Այս յայտարարութեան քաղաքական ընթերցումը որեւէ կերպ խնդրոյ առարկայ չի դարձներ «Մէկ ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւը որդեգրած թուրքեւադրբեջանական դաշինքի ամրութիւնը: Մանաւանդ որ աւելի քան տեսանելի է ադրբեջանական բանակին ամբողջովին թուրքական համակարգի վերածումը: Ադրբեջանական բանակը քայլ առ քայլ կը վերածւի թուրքական բանակի ստորաբաժանումի:
Ալիեւի կողմէ նման յայտարարութիւն մը գրեթէ բացառւած է, որ ինքնուրոյն է: Թուրքական կողմին հետ համաձայնեցւած, եթէ ոչ նոյնիսկ անոր կողմէ պատւիրւած:
Նախեւառաջ Մոսկւային ուղղւած բաժին կայ անոր մէջ: Ռուսական զօրքերը հեռացան Արցախէն: Թուրքական ստորաբաժանումը շարունակեց մնալ Ադրբեջանի մէջ: Այսինքն` Կովկասի մէջ: Կովկասը դասական իմաստով ռուսական տիրոյթ է, ուր ռուսը կը նահանջէ, թուրքը կը թափանցէ: Ադրբեջան դէպի Ռուսիա ձեւական քայլ կառնէ այս ձեւով իր համագործակցութեան հիմքերը վերաամրացնելու առումով, մանաւանդ որ ռուս-թուրքական գիծին վրայ կերեւին ճեղքեր եւ հակասութիւններ, մանաւանդ Սիրիոյ մէջ: Միանշանակ այդպէս չէ:
Գլխաւոր ուղերձը այս չէ սակայն: Հիմնականը այն է, որ միաժամանակ նոյն յայտարարութեան մէջ Ադրբեջանի նախագահը կը խօսի հայկական կողմին հետ կնքւելիք համաձայնագիրի վիճելի կէտերուն մասին: Այնտեղ կայ պահանջ Բաքւէն, որ կըսէ, թէ սահմանին միւս կողմը` սահմանին վրայ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայւին:
Հիմա նախեւառաջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան չեղեալ նկատւիլն է, որ կը պահանջւի Բաքւէն: Այս ձեւով Բաքուն պիտի ըսէ, որ ինք երրորդ երկրի ուժի պիտի չարտօնէ իր տարածքներուն վրայ ներկայութիւն ըլլալ. նոյնիսկ` Թուրքիոյ: Հետեւաբար Հայաստանը եւս սկսելու համար Եւրոպական Միութեան դիտորդները պէտք է տուն ճամբէ:
Այս ձեւակերպումը սակայն կրնայ ընկալւիլ այնպէս, որ արտատարածքային որեւէ միջանցք ալ պէտք չէ գործէ երկու երկիրներու պարագային: Հիմա Ռուսիոյ յղւած ուղերձը հակառակ ուղղութեամբ է: Նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտով ռուս խաղաղապահները հաղորդուղիներուն վրայ պիտի ունենային վերահսկողական ծառայութիւն: Միջանցքի պայմանը չարծարծւիր, սակայն այնպիսի կէտ առաջ կը քշւի, որ կը բացառէ այլ ուժի ներկայութիւնը այս պարագային Հայաստան-Իրան սահմանին:
Այս ձեւակերպումով կամ այս պայմանով այս անգամ Իրանին ուղերձ կը յղէ Ադրբեջանը: Նոյն տրամաբանութեան մէջ մնալով թուրքական ուժերը չեն կրնար տեղակայւիլ Ադրբեջանի մէջ, իսկ ռուսականը` Իրանի սահմանին:
Թուրքականին չտեղակայւիլը Ադրբեջանի մէջ այնքան էական նշանակութիւն չունի, եթէ ընդունինք, որ ադրբեջանական բանակը ածանցեալ ստորաբաժանումի վերածւած է արդէն թուրքականին: Մանաւանդ որ Թուրքիոյ նախագահը կը յոխորտար, որ Թուրքիան միայն միջազգայնօրէն իր ճանչցւած տարածքին ամբողջականութեամբ չի յատկանշւիր: Իսկ ռուսականին արգելակումը լուրջ հարւած է Մոսկւայի առաջադրանքին:
Յայտարարութիւնները անպայման չեն համապատասխաներ տեղի ունենալիք քաղաքական գործընթացներուն: Այս յայտարարութիւնը կրնայ միայն Եւրոապական Միութեան դիտորդներու հեռացման ծառայեցւիլ: Մնացեալ հիմնական բաժինները կրնան շատ արագ վերափոխւիլ:
Օրինակ, Թուրքիան կը վերարծարծէ Եւրոպական Միութեան համարկման եւ անդամակցութեան իր առաջադրանքները: Դերերու բաժանումով Ադրբեջանի պահանջը Թուրքիոյ միջամտութեամբ կրնայ վերափոխւիլ: Իսկ Անկարան այդ պահանջը փոխելու համար Եւրոպական Միութենէն քայլ կակնկալէ. ապասառեցում դէպի Եւրոպական Միութեան իր համարկման գործընթացին:
«Ազդակ»