ՀՅԴ Մամուլ

Գերի տարւածներու առեղծւածը

Աւելի քան մէկ ու կէս ամիս անցած է այն օրերէն, երբ Արցախի վերջին տարածքներուն խլումէն ետք, արցախցիներու բռնագաղթին զուգահեռ՝ տասնեակ մը քաղաքական եւ զինւորական ղեկավարներ, որոնց կարգին նախկին նախագահները, գերեվարւեցան դէպի Բաքու եւ մինչեւ օրս բանտարկւած կը մնան ալիեւեան խուցերու մէջ։

Անարգանք պիտի ըլլայ, անշուշտ, չյիշատակել նախապէս նոյն ճակատագրին ենթարկւած այլ արցախահայերը, սկսելով 44-օրեայ պատերազմի օրերէն, ապա՝ նոյեմբերեան ու հետեւող համաձայնագրէն ետք։

Յստակ չէ ճիշտ թիւը հայ առեւանգեալներուն ու բանտարկեալներուն, եւ սա աւելի՛ դժնդակ կացութիւն կը ստեղծէ, յատկապէս երբ օրին, նախքան Արցախի անկումը (իմանալ՝ յանձնումը) ՀՀ վարչապետ Փաշինեան հպանցիկ կերպով կը խօսէր անոնց թիւին մասին՝ «պլիւս-մինիւս» արտայայտութեամբ, կարծէք թէ գերեվարւածները մարդկային արարածներ ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտնչողներ չըլլային, եւ ատիկա եղաւ առաջին աղաղակող ապացոյցը, թէ այս մարդուն համար, հարցը հրատապ չէ։ Հետեւանքներէն մէկը եղաւ այն, որ ադրբեջանական «հերոսութիւնները» շարունակւեցան եւ այսօր, Բաքւի մէջ կազմւած է արգելափակւածներու «փոքր գաղութ» մը։

Հակառակ տարածւած կիսատ-պռատ լուրերուն, ցարդ յստակ չէ, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ կապրին այս բանտարկեալները։

Յստակ օրէնքներ գոյութիւն ունին, որոնք որդեգրւած են ինքզինք քաղաքակիրթ կոչող աշխարհին կողմէ, յստակեցնելու համար, թէ ինչպիսի՞ պայմաններ պէտք է ստեղծել պատերազմական գերիներու համար:

1907-ին, Լահէի (Հոլանդիա, այժմ՝ Նիդեռլանդներ) մէջ բանաձեււած՝ պատերազմի օրէնքներուն լայնածաւալ թղթածրարին մէջ, մանրամասնութեամբ ներկայացւած են պատերազմի ժամանակ գերեվարւած եւ բանտարկւած անհատի մը իրաւունքները. յստակ պայմաններ արձանագրւած են բանտարկեալին եւ արգելափակողին պարտաւորութիւններուն մասին։

Ազգամիջեան յարաբերութիւններուն մէջ, ընդունւած բառ մըն է POW-ն (prisoners of war): Պատերազմական գերիներու մասին սկզբնական օրէնքները ժամանակի ընթացքին զարգացում ապրեցան եւ մշակւեցան Ժնեւի մէջ գոյացած յատուկ գիտաժողովներու ժամանակ։

Հանրածանօթ են Ժնեւի 1949-ի համագումարին որդեգրւած բանաձեւերն ու կանոնները, որոնց մէջ յստակօրէն կը նշւին, թէ բանտարկեալը պէտք է յարգւի եւ անոր հանդէպ վերաբերմունքը ըլլայ մարդկային։ Նաեւ՝ ան կարելիութիւն պէտք է ունենայ հետեւողականօրէն կապ հաստատելու Կարմիր Խաչին եւ իր հարազատներուն հետ: Անոր համար նաեւ կարելիութիւն պէտք է ստեղծւի նամակցելու, եւ ապրանք առաքելու իր պարագաներուն: Սնունդ եւ բժշկական խնամք ստանալու կողքին, ան երբեք պէտք չէ կատարէ տաժանակիր աշխատանք եւ անշուշտ, ի վերջոյ պէտք է, որ ազատ արձակւի՝ երբ խնդրոյ առարկայ պատերազմը աւարտի։

Արդեօք 19 Բաղրամեանի վարձակալները քաջատեղեա՞կ են այս մանրամասնութիւններուն։ Արդեօք անոնք կարդացա՞ծ են Ժնեւի համագումարէն բխած բանտարկեալներու օրէնքները, թէ՞ (ան)գիտութիւնը հոս ալ զիրենք կը դնէ այլ տեսակի մրցանիշ հաստատելու վազքուղիին մէջ: Փաստը այն է, որ Արցախէն ձեռք լւացած ըլլալու բազում փաստերէն ետք, ահաւասիկ նոր ապացոյց մըն ալ կաւելնայ թաւշեահիւսներուն «հանճարե՜ղ» դիւանագիտութեան վրայ:

Բնականաբար չենք կրնար արհամարհել մեդալին միւս երեսը: Վերջին տարիներուն, Ադրբեջան նոյնինքն պատերազմներու եւ ճակատումներու պահուն, ու անոնցմէ ետք, հետեւողականօրէն ցոյց տւած է, թէ միջազգային օրէնքներ ու մարդկային նկատառումներ չունին իր ոճրային տրամաբանութեան հետ, աւելի՛ն, պատրաստ չէ յարգելու որեւէ համաձայնագիր կամ պայման, որուն տակ կը դնէ իր ստորագրութիւնը: Ուրեմն, գերիներու հարցը իրեն համար մանր դրամի մը արժէքն իսկ չունի: Ողբերգութեան մէկ ահաւոր երեսն ալ այն է, որ Ադրբեջանի այս վարքագիծը ոչինչ կըսէ «բաղրամեանցիներուն», որոնք կը շարունակեն վազել խաղաղութեան կրկներեւոյթի մը յետեւէն, եւ ազգն ալ վարակել այդ անիրականալի իրականութեամբ:

Ինչ որ տեսանելի է եւ վէճի նիւթ չի կրնար ըլլալ, այն է, որ ղեկը իւրացնողները ո՛չ միայն կը թերանան, այլ հագած են անփութութեան եւ թշնամիին հաճոյանալու գեղեցկագոյն պատմուճանները, իսկ անդին, նախկին նախագահներ եւ պատասխանատուներ, հարիւրաւոր գերիներ կը մնան արգելափակւած, անմեղ տարեց մըն ալ 15 տարի բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ, ինչ որ ուրախանալու ո՛չ մէկ նշոյլ կը բերէ:

…Ու մեր ժողովուրդը ինքզինք նետած է անտարբերութեան ալիքներու մէջ, կը հաշտւի իշխանաւորներու բոլոր այլանդակութիւններուն եւ ազգավնաս, հայրենավնաս քայլերուն հետ, որոնք պետութիւնը ենթակայ կը դարձնեն մաս-մաս բնաջնջւելու վտանգներու:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն

Related Articles

Back to top button