Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Մոռացում, անհոգութիւն, արհամարհանք…

Արցախի անկումէն շաբաթներ անց, ամէն օր նոր բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կը տրւին ա՛յն ահաւոր, ճգնաժամային քանի մը օրերուն մասին, երբ ադրբեջանական յարձակումը շղթայազերծւեցաւ, բուռն դիմադրութենէ ետք զինադադար յայտարարւեցաւ, Պաշտպանութեան բանակը յանձնւեցաւ եւ ծայր առաւ զանգւածին գաղթը։

Արցախի նախագահը՝ Սամուէլ Շահրամանեան, բաւական մանրամասնութեամբ ներկայացուց դէպքերու ընթացքը։ Յիշատակելի է անոր մէկ հաստատումը, թէ 19 սեպտեմբերի ադրբեջանական յարձակումին, իրեն համար յստակ եղած է, թէ արցախցին առանձին մնացած էր։ Պաշտպանութեան բանակը, որ խիզախօրէն կը փորձէր պաշտպանել, կորով չէր կորսնցուցած, սակայն յստակ էր, թէ ռազմաճակատէն առաջ, դիւանագիտական գետնի վրայ արդէն պարտւած էինք։ Ոչ մէկ աշխատանք տարւած էր, իսկ ռուս խաղաղապահ ուժերն ալ վերածւած էին պարզ, անզօր դէտի։ Հաշիւները այդպէս կը պահանջէին, իսկ հայկական կողմի հաշւապահներն ալ այլ հաշիւներով զբաղած էին։

Պարտութեան վերջին էջը, նաեւ՝ Արցախի առանձին մնալը, չմոռնանք, սկսած էր խմբագրւիլ այն օրէն, երբ Հայաստանի վարչապետը հպա՜րտօրէն յայտարարած էր, որ Արցախը Ադրբեջանի մաս կը կազմէ եւ պաշտօնապէս ու վերջնականապէս ձեռքերը լւացած էր այս գործէն: Կարելի չէ մոռնալ այդ յայտարարութիւնը կանխած եւ անոր յաջորդած քաղաքական ձախաւերութիւններու ամբողջ շարանը…

Հիմա բան մը փոխւա՞ծ է: Երանի թէ: Սակայն բաց աչքերով կը տեսնենք, որ ոչինչ փոխւած է:

ՀՀ վարչապետն ու իր խմբակը բազմազբաղ կերեւին։ Այնքա՜ն զբաղած՝ որ ՀՀ-ի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս ոչ մէկ տեսակցութիւն ունեցած է Արցախի ղեկավարութեան հետ։ Զբաղումներուն շարքին են «Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է» քարոզները, «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի մենախօսութիւններն ու Ալիեւի հետ նախատեսւած հանդիպումին ջնջումը, Հայաստանի երեսին շպրտւած՝ ալիեւեան արհամարհանքին նորագոյն փաստը…:

Կրթական վերամուտին առթիւ, Փաշինեան այցելած է նորակառոյց կրթօջախներ, ուրկէ արձագանգներ կը լսւին, թէ վերատեսութեան ենթարկւած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կարելի եղածին չափ մոռցւած են Արցախն ու արցախցին, իսկ հնագոյն դարաշրջաններու քարտէզներուն վրայ տեղ գտած է… Ադրբեջանը, այդ ալ մանկավարժական ինչպիսի՜ հնարամտութեամբ: Անկէ քանի մը օր առաջ, երբ վարչապետը արդիական կազմածներով օժտւած ոստիկաններու նոր փաղանգի մը երդման արարողութեան ներկայ եղած է, հոն ալ յիշողութեան կորուստի դէպք մը արձանագրւած է. մոռցւած է երկրին պաշտպանութիւնն ու անոր բազկերակ՝ բանակը (դեռ կը սպասենք Ֆրանսայէն եւ Հնդկաստանէն մատակարարւած հրթիռներն ու ռազմամթերքը)։ Փոխան պետութեան եւ պետականութեան՝ վարչախումբի՛ն ապահովութիւնն է, որ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ։ Մոռցւած են հողն ու անոր համար պայքարած ու նահատակւած՝ Եռաբլուրի սերունդները, որոնց ընտանիքներն ալ վարկաբեկումի կենթարկւին նո՛յն այդ ոստիկններուն կողմէ։

Պիտի պատահի՞ արդեօք պաշտօնական տեսակցութիւն Արցախի ղեկավարութեան հետ։ Եւ ի՞նչ ընելու համար…

Ղեկավարութիւն մը, որ վիրաւոր է եւ կարիքն ունի շտապ օժանդակութեան եւ գործակցութեան։ Արդեօք պիտի կրկնւի՞ յանկերգը, թէ Հայաստան ընելիք չունի ու Արցախի պատասխանատուները պէտք է իրենց հարցերուն (խօսքը քաղաքականին եւ մարդկայինին մասին է) լուծեն Բաքւի հետ: Այլապէս, արդէն տեսանելի է, թէ արցախցիք ինչպիսի՜ տագնապներու դէմ յանդիման են Հայաստան բռնագաղթւելէ ետք, անոնցմէ իրողապէս կը խլւի Հայաստանի հպատակի իրաւունքը…:

Այո՛, վիրաւոր է Արցախի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ մոռնալ Բաքւի բանտախուցերուն մէջ գերեվարւած տասնեակ մը ղեկավարները, որոնք աւելցան նախապէս գերի տարւած հայորդիներուն վրայ։ Կարելի չէ մոռնալ նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք գերի բռնւած հայ զինւորները, որոնց թիւը կը մնայ անորոշ եւ որոնք շատո՜նց դուրս ինկած են Երեւանի հպարտ կառավարիչներուն յիշողութենէն:

Վիճելի չէ, որ Արցախէն հեռացւած շուրջ 120 հազար գաղթականներու դժնդակ կացութիւնը առաջնահերթութիւն է։ Հապա անո՞նք, որոնք Հայաստան հասած էին ու չէին վերադարձած 44-օրեայ պատերազմէն ետք…

Զարմանալի է ստեղծւած կացութիւնը։

Մոլորւած ու ձեռնածալ ենք բոլորս։

Շեշտենք՝ բոլո՛րս, այսինքն՝ ե՛ւ իշխանաւոր, ե՛ւ ընդդիմութիւն։

Եթէ այս ընթացքը շարունակւի, աւելի քան ամիսէ մը ի վեր պարպւած Արցախը կրնայ վերջնականապէս կորսւիլ: Ադրբեջանցիները արդէն ոգի ի բռին գործի լծւած են հայկական հետքերու ջնջման համար։ Ո՞վ ինչի՞ կը սպասէ: Ճիշտ ու խելամիտ վերլուծումները, ախտաճանաչումները շատ լաւ են, սակայն կացութիւնը դարմանող ԳՈՐԾ չեն:

Աքսորւած արցախցիին պէտք է շուտափոյթ աքսորական կառավարութիւն (government in exile), եւ այս նպատակով աշխատանք պէտք է կատարւի անյապաղ: Ներելի չեն նմանօրինակ մոռացում, անհոգութիւն, արհամարհանք, թմրութիւն…:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական
Բոստոն

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button