ԻՒՆԵՍԿՕ-ն վաճառւած
Երբ հովիւ մը իր հօտը վստահի գայլերու․․․
Շարունակութիւնը շատ աւելի տպաւորիչ գրիչով կրնայ շարունակել Ֆրանսիացի հանրածանօթ առակագիր Ժան Դը Լա Ֆոնթէն (1621-1695)։
Ի՞նչ թելադրանք կայ այս առակի ետին։
Մեր դիտարկումը արեւին բերենք: 7-էն 22 նոյեմբերի օրերուն վրայ կերկարի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ենթաբաժանումին, այսինքն՝ ԻՒՆԵՍԿՕ-ի 42-րդ ժողովը։ Մի՜ գայթակղիք. Ադրբեջանին վստահւած է կրթութիւն մշակող, գիտութիւն պրպտող ե՛ւ․․․ մշակոյթ պաշտպանող այս կազմակերպութեան այժմու համագումարին փոխ նախագահութիւնը։
Հայրենի իրադարձութիւններուն ուշի-ուշով հետեւող հայորդին գիտէ, որ Արցախի անկումէն (այո՛, միայն անկումէն) ետք, ԻՒՆԵՍԿՕ-ն ինչպիսի՞ պատւիրակութիւն մը ղրկեց բռնագրաւեալ շրջան, եւ առանց երկար-բարակ քննութիւններու՝ հապճեպօրէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ հայկական ոչ մէկ կոթող փճացւած, ո՛չ մէկ վանք, եկեղեցի կամ նոյնիսկ մատուռ սրբապղծւած է։
Ինչո՞ւ այս շլութիւնը, կուրութի՛ւնը: Պատասխա՞նը. կարելի մանրամասն պրպտումներ կատարել եւ մէկ առ մէկ տեղեկանալ, թէ… ի՞նչ գումարներ մտած են ԻՒՆԵՍԿՕ-ի դրօշը կրող ինքնաշարժներուն մէջ բազմած ներկայացուցիչներուն գրպանը:
Ադրբեջան երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի ԻՒՆԵՍԿՕ-էն ներս եւ շնորհիւ իր նիւթական եւ (ան)բարոյական աջակցութեան՝ կրցած է իրեն հանդէպ համակրանք ստեղծել։
Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իսկ, Ադրբեջանի փոխնախագահը՝ նախագահին կողակից Մեհրիբան Ալիեւան սկսած էր սիրաբանիլ ԻՒՆԵՍԿՕ-ին հետ։ Չենք ուզեր երկար կանգ առնել նախագահ-փոխնախագահ այս եզակի կացութեան առջեւ, որ կը մերկացնէ երկրին ժողովրդավարութեան մակարդակը: Աւելի՛ն, Ադրբեջանի մշակոյթի նախարարը ընտրւած էր ԻՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան գործադիր կոմիտէի նախագահ, իսկ 2019-ին միջազգային համագումարներ կազմակերպւած էին Բաքւի մէջ։
ԻՒՆԵՍԿՕ-ի այս վարմունքը ցուցանիշ է միջազգային ընտանիքին յանցաւոր եւ իրականութիւններուն անհաղորդ ընթացքին, կամ ալ… վաճառւելու պատրաստակամութեան: Փաստօրէն, արւեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան զանազան ոլորտներէն բոլորովին հեռու, ընդհակառակը, այս հասկացութիւններուն հականիշը եղող ծաւալապաշտ եւ բռնատիրական իշխանութիւնը իր ձկնկիթի եւ սեւ ոսկիի՝ նաւթի դրամով «գնած» է ԻՒՆԵՍԿՕ-ն եւ զայն եղծելով՝ կը փորձէ ստեղծել նոր կեղծիք մը։
Բաքւի մէջ, 2019-ին կայացած այդ հռչակաւոր համագումարին, տիկին Ալիեւա յանդգնած էր բուռն կերպով քննադատել Արցախի մէջ ադրբեջանական կոթողներու եւ կառոյցներու իբրեւ թէ «սրբապղծումը», որմէ անդին, ոչ մէկ ակնարկութիւն՝ Շուշիի պարսկական վերանորոգւած մզկիթին մասին: Ան յիշողութեան կորուստ կը խաղար նաեւ ցաւոտ թղթածրարի մը, այսինքն՝ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած մշակութային ջարդին մասին, ուր 1964-էն մինչեւ այսօր, հիմնայատակ եղած են 80-է աւելի հայկական եկեղեցիներ, շուրջ վեց հազար խաչքարեր եւ աւելի քան 20 հազար գերեզմանաքարեր։
Բացայայտ է, որ ԻՒՆԵՍԿՕ-էն ներս թափանցելն ու նմանօրինակ «միջազգային հողեր ու ոլորտներ» գրաւելը չէ մտահոգած ՀՀ իշխանաւորները (Արցախը նւիրեցին, ասո՞վ պիտի մտահոգւին), մինչդեռ անդին, Լա Ֆոնթէնի ազգակից եւ Փարիզի կարեւոր թերթերէն՝ «Լը Ֆիգարօ»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիստոֆ Պուիսոն ամօթալի որակեց պատահածը, շեշտելով, թէ ԻՒՆԵՍԿՕ-ն նախընտրեց լուռ մնալ ու նպատակայարմար չհամարեց դատապարտել Ադրբեջանը, երբ ինն ամիս անշնչելի պաշարումի տակ առնւած Արցախի մէջ հազարաւոր հայ մանուկներու կրթութիւնը խափանւած էր, կեանքը՝ անդամալուծւած, բնակիչները հասած էին սովահարութեան սեմին:
«Իսկ այժմ Ադրբեջանը կընտրեն համաժողովին փոխնախագահ․․․։ Խայտառակութիւն», զայրոյթով գրած է Պուիսոն։
Ծիծաղելին, ողբերգակա՛նը նաեւ այլ տեղ է. ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, այս համագումարին խօսք առնելով, յայտնած է, թէ Հայաստան կաջակցի ԻՒՆԵՍԿՕ-ի նման կազմակերպութեան ջանքերուն՝ խթանելու խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթը, որ խարսխւած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման վրայ: Միրզոյեան եւս յուշակորոյս է, որովհետեւ չի տեսներ, որ Ադրբեջան չի գիտեր, թէ ի՞նչ կը նշանակեն խաղաղութիւն, մշակոյթ, մարդու իրաւունք…
…Արդեօք մխիթարակա՞ն պէտք է նկատել այն, որ ՄԱԿ-ի զանազան սպասարկութիւնները, անոնց հետ նաեւ արեւմտեան աշխարհը, իրաւունքներու եւ մարդկային արժէքներու պաշտպան յաւակնողները անզօրութիւն կը խաղան Գազայի մէջ պաղեստինցիները նախճիրի ենթարկող այլ պետութեան մը՝ Նաթանիահուի Իսրայէլին ոճիրներուն դիմաց:
Այս բոլորին ականատես եւ ականջալուր եղող հայորդիին կարծի՞քը. «Առանց մեկնաբանութեան»: Վստահաբար նոյն կարծիքին պիտի ըլլար Լա Ֆոնթէն։
«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն