Խմբագրական. 17-րդ եւ 18-րդ կէտերը

Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հրապարակւած մեղադրանքներու եւ պահանջներու քաղաքական շարժառիթները հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունին:
Առաջինը Պեռնի մէջ կայացած համագումարին առիթով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջադրանքի միջազգայնացման փորձն է եւ ժամանակի առումով համընկնումը Ադրբեջանի հոգեւոր պետին հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան դէմ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն:
Երկրորդը, որ կը թւի աւելի համոզիչ ըլլալ, 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան չէզոքացումն է, հպատակեցումը:
Պարզ է, որ պետական գերատեսչութիւններուն յանձնարարւած է առաջադրւած մեղադրանքներուն ընդառաջ «փաստահաւաք» կազմակերպել: Կատարւածը ուրեմն սպառնալիքի տարբերակ է: Չհպատակւելու պարագային փաստահաւաքի տւեալները հրապարակել եւ բարոյական ճնշում ստեղծել կաթողիկոսի հրաժարականին յանգելու համար:
Եթէ համոզւինք այս երկրորդ տարբերակին շարժառիթային հանգամանք ունենալուն, ապա կը նկատենք, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու թւականի որոշումն ու այս մեղադրանքներու եւ պահանջներու հրապարակայնացումը համատեղւեցան: Յիշենք նաեւ որ ըստ որոշ հարցախոյզերու արդիւնքներուն, հայոց եկեղեցին կը շարունակէր պահպանել ժողովրդականութեան առաջին դիրքերը:
Նախընտրական այս արշաւի խօսոյթի առանցքը հայ եկեղեցին դասելն էր ընդդիմութեան շարքին, որուն թելերը, ըստ իշխանութեան շրջապատին, կը հասնին մինչեւ ռուս եկեղեցի եւ մինչեւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահութիւն:
Քարոզարշաւի նիւթ էր ուրեմն նաեւ այն, որ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան փոփոխութիւնը ըստ էութեան պիտի նպաստէր ռուսական ազդեցութեան թուլացման ընդհանուր քաղաքականութեան: Ահա այստեղ է, որ այս բոլորին համար փորձ կը կատարւի տալու աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն Արեւմուտք-Ռուսիա տարածաշրջանային հակամարտութեան ընդհանուր սահմաններուն մէջ տեղաւորելով արձանագրւածները:
Մնացեալը` բարոյախօսութիւն, ուխտի խախտում, սրբակենցաղութիւն թէ սրբապղծութիւն, շղարշային թեմաներ են, օգտագործելի` քաղաքական նպատակներու համար:
Ընտրարշաւային այս խօսոյթները սակայն հանգուցալուծւելու իրաւական ելքերու կը կարօտին: Սահմանադրութիւնը երկու յօդւած տրամադրած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համար:
Յօդւած 17. Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:
2.- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:
Յօդւած 18. Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:
2.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորւել օրէնքով:
Նման մեղադրանքներ եւ պահանջներ հնչեցնելը, այս երկու յօդւածները նկատի ունենալով, հակասահմանադրական են: Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները կրնան դիմել Սահմանադրական դատարան, վարչապետի յայտարարութիւններն ու պահանջները հակասահմանադրական նկատելու եւ ըստ այնմ վերաբերում ճշտելու պահանջով: Թէեւ հակասահմանադրական առաջին յայտարարութիւնները չեն, որ կը հնչեն այդ մակարդակով:
Պարզ է, որ ընտրական նպատակով եղածը ուրեմն, բարոյական ճնշում ստեղծել է, որպէսզի պահանջարկը զանգւածայնանայ կաթողիկոսի հրաժարեցման:
Մէկ ուշագրաւ յայտարարութիւն եւս, կրնայ հետագայ ընթացքին վրայ նախանշային իմաստ ունենալ: Վարչապետին աշխատակազմի ղեկավարը յայտարարեց, որ խնդիրը չպարզաբանւելու պարագային կը դիմւի սահմանադրական ելքի: Ինչը կենթադրէ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդւածներու փոփոխութիւն, իրաւական հիմնաւորում ունենալու համար միջամտութեան:
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ գործող Սահմանադրութեան իւրաքանչիւր կէտ համաձայնեցւած է Վենետիկի յանձնաժողովին հետ, որ դէպի Եւրոպա համարկւող երկիրներու սահմանադրական նախագիծերու ճարտարապետական խումբն է: Հարց է, որ եւրոպական իրաւաչափութիւններուն որքա՞ն համահունչ կրնայ նկատւիլ պետութեան միջամտութիւնը եկեղեցւոյ գործունէութեան:
Պետական բարձրագոյն մակարդակներէ օգտագործւող բառապաշարի մակարդակը, գռեհիկ ոճաբանութիւնը եւ հակաիրաւական խօսոյթը հարցի հանգուցալուծման չեն առաջնորդեր: Այս բոլորը կը ստեղծեն լարւածութիւն, պառակտւածութիւն, բաժանարարութիւն: 2018-ով սկսւած վարքագիծին համաձայն:
Պարզ են Սահմանադրութեան 17-րդ եւ 18-դդ կէտերը: Նոյնքան պարզ է յայտարարութիւններուն հակասահմանադրականութիւնը:
Ազդակ