Ակնարկ. Մինսկի խմբակն ու անոր բոլոր հիմնարկները
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին Երեւան եւ Բաքու այցելութիւններուն ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն որոշ հատւածներ պէտք է լուսարձակի տակ առնել եւ փորձել որոշ հետեւութիւններ արձանագրել հետագայ գործընթացներուն համար:
ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշումը համահունչ է միջազգային ընտանիքին, այս պարագային` հաւաքական Արեւմուտքին մօտեցումներուն, այն առումով, որ սահմանազատման հարցին մէջ կողջունէ երկկողմ ձեւաչափը: Երկկողմը կենթադրէ, ուղղակի, առանց միջնորդի:
Երբ միջնորդի մասին կը խօսինք, ապա անմիջապէս կը մտաբերենք երկար տարիներ գործած ԵԱՀԿ-ի Մինսկի համանախագահութիւնը, որ ստանձնած էր արցախեան հակամարտութեան միջնորդական առաքելութիւնը: Այս եռանախագահական միջնորդութիւնը եզակի երեւոյթ էր այն առումով, որ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան ու Ռուսիան համատեղ կաշխատէին հակամարտութեան հանգուցալուծման համար: Այս չի նշանակեր, որ երեք երկիրներու շահերը կը համընկնէին այս հիմնահարցին լուծում ապահովելու առումով: Փաստը այն էր, որ անոնք ունէին միջազգային ընտանիքին լիազօրութիւնը այդ ձեւաչափով աշխատանքը համակարգելու:
ԵԱՀԿ-ի Մինսկի համանախագահութիւնը ոչ միայն Արցախի պատերազմով իմաստազրկուեցաւ, այլ հիմնականին մէջ հաւաքական Արեւմուտք-Ռուսիա առճակատումներուն: Արեւմուտքը ձեռնարկեց պատժամիջոցային քաղաքականութեան Ռուսիոյ դէմ եւ այդ շրջածիրին մէջ ալ կիրարկեց Ռուսիոյ նկատմամբ մեկուսացման քաղաքականութիւն: Նոյն ձեւաչափերուն մէջ աշխատանք համակարգելը իրատեսական չէր: Այս բոլորով հանդերձ Մինսկի խմբակը պաշտօնապէս չէ լուծարւած:
Մինսկի խմբակին իրերայաջորդ համանախագահները տարածաշրջանային իրենց այցելութիւններուն ընթացքին կը հանդիպէին նաեւ Ստեփանակերտ` տեսնուելու համար Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Միջազգային ընտանիքին կողմէ լիազօրւած այս խմբակին տեսակցութիւնները Արցախի ներկայացուցիչներու հետ պարզապէս ճանաչում էր Արցախի ինքնորոշւած ժողովուրդի ընտրած ներկայացուցիչներուն, հետեւաբար` Արցախի պետութեան:
Տարբեր հանգամանքներ ալ կային անշուշտ, որ Բաքուն դժգոհ կը պահէին այս բոլոր իրականութիւններէն: Բաքուն ԵԱՀԿ-ի այս խմբակի ձեւաչափին մէջ կը տեսնէր հարցի կարգաւորման անվերջանալի ձգձգումներու ընթացք մը, ինչ որ իրեն համար համազօր էր գոյավիճակի (սթաթիւս քոյի) յաւերժացումին:
Բաքուն առիթ չէր փախցներ կարգաւորման բանակցութիւններու դաշտը ԵԱՀԿ-էն տեղափոխելու միջազգային այլ ատեաններ: ՄԱԿ-ի մէջ իրարայաջորդ բանաձեւեր որդեգրել տալով ԵԱՀԿ-ին զուգահեռ ենթահողեր կը փորձէր հարթել այդպիսով:
Երեւանը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին այցելութեան ընթացքին այս խմբակին չլուծարւած ըլլալուն եւ վերագործարկելու անհրաժեշտութեան մասին ընդգծումներ չէ կատարած: Այդ խմբակին միջնորդական սկզբունքները հիմնուած էին Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի հիմնարար կէտերէն` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքին, իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառման վրայ: Ադրբեջանը իր ռազմաքաղաքականութեամբ արմատապէս ջնջած էր այս սկզբունքները, իսկ Երեւանը ըսելիք չունէր:
Հիմա արդէն ԵԱՀԿ-ը ի՛նք կողջունէր երկկողմ ձեւաչափը, առանց միջնորդի, եւ պարզապէս պատրաստակամութիւն կը յայտնէր աջակցելու: Ինքզինք դուրս բերելով միջնորդի կարգավիճակէն, խորքին մէջ ԵԱՀԿ-ը կորդեգրէր Արեւմուտքի մօտեցումը: Երկկողմը կը նշանակէ առանց երրորդի, այսինքն` առանց Մոսկւայի այս պարագային:
Մինսկի խմբակի վերագործարկման հաւանականութեան մէջ իր շահերը վտանգող միտումներ տեսնելով` այս անգամ Ադրբեջանի ղեկավարը ուղղակի կը պահանջէր անոր լուծարումը:
«Եկած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը եւ անոր առնչւած բոլոր հիմնարկները վերացնելու ժամանակը: Ադրբեջանական կողմը այդ հարցը արծարծած է, եւ չկայ որեւէ պատճառ, որ հայկական կողմը համաձայն չըլլայ», յայտարարած է Ադրբեջանի նախագահը:
«Մինսկի խմբակը եւ անոր հիմնարկները» ձեւակերպումը ուշագրաւ է: Մտաբերել կու տայ նախքան պատերազմը Վիեննայի եւ Ս. Պեթերսբուրգի որոշումները, ուր խօսւած էր շփման գիծին վրայ անվտանգութեան գործիքակազմերու բանեցման եւ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մասին: Դիտորդներ, տեղեկագրողներ, անվտանգութեան գործիքակազմեր եւ հետաքննութեան հիմնարկներ` այս բոլորը պաշտօնապէս պէտք է լուծարւին` կը պահանջէ Բաքուն: Աւելի՛ն: Կընդգծէ, որ պատճառ չկայ, որ Երեւանը համաձայն չըլլայ իր այդ պահանջին: Երեւանի համաձայնութեան պահանջը Բաքուէն կը հնչէ: Մինչ ոչ միայն Երեւանի մէջ չլուծարման անհրաժեշտութեան մասին խօսք չ՛ըլլար, այլ նաեւ Բաքուի ակնկալութիւնը Երեւանէն անպատասխան կը մնայ:
«Ա.»
Ազդակ