ՀՅԴ Մամուլ

(Նախ) Ընտրե՞լ…

Քանի մը օրէն յայտնի պիտի ըլլայ Սպիտակ տան յառաջիկայ չորս տարիներու վարձակալը, կամ աւելի պաշտօնական ըլլալու համար՝ ԱՄՆ-ի 47-րդ նախագահը:

Երկու թեկնածուներն ալ՝ դեմոկրատ Քամալա Հարրիս եւ հանրապետական Տանըլդ Թրամփ ոգի ի բռին ընտրարշաւի լծւած են եւ յատկապէս թիրախ ընտրած են անգոյն եւ «փոփոխամիտ», «ճօճւող» նահանգներ (swing states): Ժամացոյցի դէմ մրցում մը՝ որ կը յատկանշւի իր սանձարձակ… տարօրինակութիւններով ու այլանդակութիւններով: Կանխատեսումներն ալ գունաւոր են. ոմանք կը նախատեսեն Հարրիսի լայն առաւելութեամբ յաղթանակը, ուրիշներ կը պնդեն, որ մրցակցութիւնը շատ սուր պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ 6 յունւարի 2021-ի ուրւականը սկսած է թռիչք կատարել հոս-հոն…

Քամալա Հարրիս, յատկապէս երիտասարդներէ քւէ շահելու միտումով, շրջագայութեան ելաւ հանրածանօթ երգիչ-երգչուհիներու հետ, որոնք ի նպաստ իրեն «երգեցին»: Թրամփ, որ համեմատած Հարրիսի՝ իր կողքին չունի արւեստագէտներու շօշափելի թիւ մը, դիմած է տարբեր ոճի: Միլիարդատէր այս մարդը, որուն հարստութիւն դիզելու հնարքներուն մասին բազմաթիւ հատորներ լեցւած են, կաշխատի ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ ինք պարզ ժողովուրդէն է, զանազան միջոցներով կուզէ ներգրաւել քւէարկողը: Ան մինչեւ իսկ մտաւ հանրածանօթ ճաշարանի մը առաքման յատուկ բաժանմունքը, գետնախնձոր տապկեց ու սպասարկողի պաշտօն կատարեց…:

Ամերիկացի քւէարկողը ամէն օր, ամէն ժամ ականջալուր եւ հանդիսատես կըլլայ մրցակիցներու աներեւակայելի յայտարարութիւններուն եւ ցեխարձակումներուն, նաեւ կը տեսնէ, թէ մրցակիցներէն մէկը ինքն իրեն դէմ մրցումի ելած է՝ ստախօսութեան իր վաստակը հարստացնելու համար: Դիմացինն ալ կը փորձէ տարօրինակ ինքնապաշտպանութիւն ընել:

Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով՝ տրամաբանող մարդ էակի մը համար դժւար պիտի չըլլար որոշում տալը, եւ առանց այլեւայլ հարցադրումներու՝ Քամալա Հարրիսին ի նպաստ քւէարկելը, մանաւանդ, որ մրցակիցին՝ Թրամփի անւան դիմաց երկար է շարքը կատարւած ու փաստարկւած՝ բազմաթիւ նիւթաբարոյական մեղքերու եւ դատավարութիւններուն, որոնց ամենէն սադրիչն ու սահմռկեցուցիչը՝ 6 յունւարի 2021-ին, Վաշինգտոնի մէջ, խորհրդարանի շէնքին՝ «Քեփիթըլ Հիլ»-ի վրայ իր վայրենաբարոյ ու տգէտ երկրպագուներուն «անսպասելի» բայց յստակօրէն նախապատրաստւած յարձակումն էր, ամէն օրէնք ոտնատակ ընող արարք, զոր արդարացնելու փորձ կընէ այսօր թեկնածու Թրամփ, յայտարարելով, որ այդ արարքին մասնակիցները անպարտ պիտի հռչակէ Սպիտակ տան բանալին ձեռլք ձգելու պարագային…

Քւէարկողին համար ընտրութիւն կատարելը այդքան ալ դիւրին չէ: Փաստօրէն, աշխարհի ներկայ պայթուցիկ վիճակը կը նկատւի Հարրիսի եւ դեմոկրատականներու «Աքիլլէսի կրունկ»-ը, անոնց ճիտին ծանրացող մեղք մը: Չէր բաւեր Ուկրաինայի մէջ աւելի քան 2.5 տարի առաջ ստեղծւած «անլուծելի անելը», եւ ահա աւելի քան տարիէ մը ի վեր ծայր առած է Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ ճակատումն ու Գազայի քանդումը, աւելի՛ն, անոր վրայ արդէն գումարւած է Իսրայէլ-«Հեզբօլլահ» պատերազմն ու Լիբանանի (յաւելեալ) քանդումը: Հապա Իսրայէլ-Իրան փոխադարձ յարձակումնե՞րը…: Այս յայտնութենական (apocalyptic) ամբողջ կացութեան անմիջական յանցաւորը՝ բնականաբար կը նկատւի Սպիտակ տան այժմու ղեկավարութիւնը, որ Հարրիսի պատկանած դեմոկրատական վարչակազմն է: Ի վերջոյ, երբ իշխանութեան ղեկին ես, դրական ու բացասական զարգացումներուն պատասխանաւութիւնը ուսերուդ կիյնայ եւ չես կրնար ամէն բանի համար ինքնարդարացումի դիմել նախկինները քննադատելով: Այլ բան՝ որ նման զարգացումներու պարագային, իշխանութիւն ըսւածը շարունակականութիւն մը ունի:

Գաղտնիք չէ, որ Վաշինգտոնի կողմէ որդեգրւած, կամ աւելի ճիշտը՝ գործադրւող քաղաքականութիւնը կրնայ շատ սուղ նստիլ Հարրիսի խմբակին վրայ:

Նոյնքան ալ յստակ է, որ, դժբախտաբար, ոչ մէկ շօշափելի եւ անկիւնադարձային փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել Թրամփի վերադարձով, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, կայ քաղաքական ընդհանուր գիծերու շարունակականութիւն մը: Կարճ ժամկէտի դրւածքով, վերջինը Սպիտակ տուն վերադառնալու իր յայտագրին մէջ խոստումներով լեցուն պարկ մը պատրաստած է, նոյնիսկ համոզելով եւ սիրաշահելով Միշիկընի մահմեդական համայնքի ներկայացուցիչները: Մե՜ծ հարցականներ կան, թէ արդեօք անոր կամ մրցակիցին խոստումներէն քանի՞ն կրնան իրականանալ, ո՞վ թոյլ կու տայ, որ իրականացնեն…

Պահ մը գանք մեր դիտանկիւնին: Չմոռնալով հայութեան քւէները, Թրամփ յականէ-անւանէ այպանեց Քամալա Հարրիսն ու իր գործակիցները, թէ ոչինչ ըրին՝ երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ սարսափելի կերպով հալածւեցան եւ Արցախէն բռնի տեղահանւեցան: Բայց մենք չենք մոռցած, որ քանի մը տարի առաջ, 2020-ին, երբ Արցախը կայրէր, նոյնինքն Թրամփն էր նախագահը, որ կորուստներու կասեցման համար ոչինչ ըրաւ: Այլ խօսքով, պէտք չէ տարւիլ իր անտեղի եւ յաւելեալ զգացական կացութիւն ստեղծող սին խօսքերով: Ան ամենայն մանկամտութեամբ կը շեշտէ, թէ երբ նախագահ ըլլայ, պիտի պաշտպանէ հալածւած քրիստոնեաները, պիտի աշխատի դադրեցնել բռնութիւնն ու ցեղային զտումը, եւ դեռ, աւելին՝ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնէ…

Հարրիս իր կարգին, նախքան Թրամփի յայտարարութիւնը, բաներ մը խօսած էր ի նպաստ հայութեան…

Մէկ խօսքով, ընտրողը կանգնած է առերեւոյթ անել կացութեան մը առջեւ, չի կրնար որոշել, թէ որո՞ւն պէտք է տայ իր քւէն: Ստեղծւած աղմուկին մէջ, կը մոռցւի, թէ ո՛վ որ ալ ըլլայ ընտրւողը, ստիպւած է հետեւիլ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳԼԽԱԳԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, որուն տնօրինման մէջ նիւթական հզօրանքի տէրերը կարեւոր խօսք ունին:

Ամերիկահպատակ հայորդին ալ ինկած է նոյն ոլորապտոյտին մէջ…

«Հայրենիք» Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button