Խմբագրական. Ադրբեջանի «խաղաղութեան օրակարգը» եւ Հայաստանի խաղաղութեան պատրանքը

Դեկտեմբեր ամսւան վերջաւորութեան, Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Պաքուի տեսլականը՝ 2026 թւականին խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու ուղղութեամբ։ Ան այդ տեսլականը բնութագրեց իբրեւ ապացոյց, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը իրագործելի է, եւ որ Հարաւային Կովկասը կը շարժի դէպի յետհակամարտային ժամանակաշրջան մը։ Միջազգային արձագանգներուն զգալի մասը արտացոլեց այս «լաւատեսութիւն»-ը։ Սակայն այն իրողութիւնը, որ այսօր Ադրբեջանը կը թելադրէ խաղաղութեան պայմանները, ընթացքը եւ ժամանակացոյցը, կը յառաջացնէ հիմնական հարցում մը. ի՞նչ տեսակ խաղաղութիւն կ՚առաջարկւի, եւ ո՞վքեր են, որ պարտաւոր պիտի ըլլան ապրիլ անոր հետեւանքներով։
Ներկայ գործընթացը պէտք է դիտարկւի իր քաղաքական համատեքստին մէջ։ Փաստ է, որ Հայաստանը բանակցութիւններուն կը մասնակցի ոչ թէ իբրեւ հաւասար կողմ, այլ իբրեւ շարունակական ճնշումներու տակ գտնւող պարտւած պետութիւն։ Անոր բանակցային դիրքը փաստօրէն տկարացաւ 2020 թուականէն ի վեր եւ առաւել եւս՝ 2023-ի Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք։ Հակամարտութիւնը չլուծւեցաւ երկխօսութեան կամ իրաւական մեխանիզմներու միջոցով։ Ան ժամանակաւորապէս «դադրեցաւ» ուժի գործադրութեամբ, որուն յաջորդեց դիւանագիտական բնականոնացման ջանքերը։ Այս գործընթացին մէջ իրաւունքը չկրցաւ կանխել բռնութիւնը, այլ ստիպւեցաւ յարմարիլ բռնութեան ստեղծած նոր իրականութեան։
Այս հանգամանքը առանձնակի կարեւոր է, որովհետեւ հարկադրանքի հետեւանքով ձեւաւորւած խաղաղութիւնը սովորաբար կը գերադասէ կայունութիւնը արդարութենէն եւ տւեալ հակամարտութեան ընթացիկ փուլի փակումը՝ պատասխանատւութենէն, փոխզիջումի հիմնական պատասխանատւութիւնը դնելով աւելի տկար կողմին վրայ։ Հայաստանի մէջ այս մոտեցումը նպաստած է այնպիսի հասարակական պատկերացման, որ այս տեսակի խաղաղութիւնը անխուսափելի է եւ այլընտրանք չունի։ Այս պատկերացումը յաճախ կը սնանի հոգնածութենէ եւ նոր պատերազմի վախէն, սակայն միաժամանակ կը սահմանափակէ քաղաքական քննարկումը։ Պայմաններու, իրաւունքներու եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան վերաբերող հարցերը առաւելաբար կը դիտւին իբրեւ անընդունելի «արկածախնդրութիւններ»։ Այսպիսով խաղաղութիւնը կը դառնայ պարտադրւած նպատակ մը՝ անկախ անոր իրական բովանդակութենէն եւ հետեւանքներէն։
Այս իրավիճակը կը սնանի նաեւ Ադրբեջանի ներքին քաղաքական շարժառիթներէն։ Յստակ է, որ հիմնւելով «գոյաբանական անապահովութեան» (ontological insecurity) հասկացութեան վրայ, Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը ներքին կայունութիւնն ու օրինականութիւնը կը պահպանէ՝ հայերը շարունակաբար ներկայացնելով իբրեւ հիմնարար սպառնալիք։ Շարունակական ճնշումն ու խորհրդանշական հակադրութիւնը կը մնան քաղաքական առումով օգտակար միջոցներ։
Արտաքին ուժերու դերակատարութիւնն ալ շատ բան չէ փոխած այս անհաւասարակշռութիւնը մեղմելու ուղղութեամբ։ Ռուսիան, իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւոր, ձախողելով իր դերակատարութեան մէջ, Հայաստանը թողած է խոցելի վիճակի մէջ։ Եւրոպական եւ հաւաքական արեւմուտքի ներգրաււածութիւնն ալ հիմնականին մէջ սահմանափակւած է դիտարկման առաքելութիւններով, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան առնջւող հարցերով եւ աշխարհաքաղաքական նոր վերադասաւորումներու մէջ Հայաստանը ներքաշելու հաշւարկւած ծրագիրներով, այլ ոչ թէ պարտադիր ու գործնական անվտանգային յանձնառութիւններով։ Միեւնոյն ատեն, շարք մը առանցքային հարցեր գրեթէ բացակայ են խաղաղութեան քննարկումներէն։ Անոնց շարքին կը մտնեն Արցախի տեղահանւած ժողվուրդի իրաւունքները, բռնի տեղահանման պատասխանատւութեան հարցը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան եւ ուղղակիօրէն տուժած կողմի մասնակցութիւնը՝ գործընթացներու ձեւաւորման մէջ։
Վախի արդիւնքով յառաջացած խաղաղութիւնը ի բնէ անկայուն է։ Հետեւաբար, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք է խուսափին գործուն ռազմական գործողութիւններու բացակայութիւնը իսկական խաղաղութեան հետ շփոթելէ։ Կայուն եւ երկարատեւ կարգաւորումը կը պահանջէ իրաւունքի վրայ հիմնւած ենթահող, վստահելի անվտանգային երաշխիքներ եւ օրինականութիւն։ Ան պէտք է կառուցւի իբրեւ համատեղ քաղաքական գործընթաց՝ հիմնւած արժանապատւութեան, անվտանգութեան եւ գործօն մասնակցութեան վրայ։
«Հորիզոն»ի խմբագրական



