Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Հայակերտումը եւ ազգային ինքնութեան կերտումը 21-րդ դարուն

21-րդ դարու երկրորդ քառորդի շեմին կանգնած սփիւռքահայութեան դիմաց պարզւող մարտահրաւէրները այլեւս տեսական նախազգուշացումներ չեն. անոնք վերածւած են առօրեայ իրականութեան։ Ընտանիքի կառուցւածքի փոփոխութիւն, խառն ամուսնութիւններու աննախադէպ բարձրացում, լեզւի արագ նահանջ, համայնքային մարմիններու դիմաց ստեղծւող զանազան մարտահրաւէրներ եւ երիտասարդութեան մասնակցութեան նւազում՝ այս բոլորը միասին կ՚արտացոլեն այն լայնածիր ճգնաժամը, որ կը սպառնայ հայկական ինքնութեան շարունակականութեան հիմքերուն։

Սփիւռքահայ ինքնութեան դասական սիւները՝ ընտանիքը, դպրոցը, լեզուն, եկեղեցին եւ կազմակերպական կեանքը, տակաւին կը մնան համայնքի հիմնական սիւները։ Սակայն ներկայ պայմաններուն մէջ պարզ կը դառնայ, որ անոնց գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Նոր սերունդը, որ հասակ առած է համաշխարհայնացած հաւաքական գիտակցութեան մէջ, այլ պահանջքներ եւ այլ սպասումներ ունի։

Խառն ամուսնութիւնները՝ ապագայի հաւասարակշռութիւնը խաթարող ազդակ

Ըստ կարգ մը վիճակագրութիւններու եւ հարցախոյզերու, խառն ամուսնութիւնները Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 75% եւ աւելի են, Լիբանան՝ 40%-էն բարձր, Պոլիս՝ համեմատութիւնները նման են, Կանադա՝ 1980-ականներու 5-10%ի փոխարէն այսօր մօտ 50% է համեմատութիւնը։ Այս տւեալները պարզ վիճակագրութիւն չեն․ անոնք կը շեշտեն այն իրողութիւնը, որ ընտանիքը՝ հայակերտման առաջին եւ ամենախորհրդաւոր օճախը, այլեւս անկարող է ինքնին երաշխաւորելու լեզւի եւ մշակոյթի բնական փոխանցումը։ Խառն ընտանիքներու մէջ հայերէնը յաճախ կը զիջի ազդու եւ գերակշիռ լեզւամիջավայրին, իսկ հայկական արժէքներու փոխանցումը կը կորսնցնէ իր ինքնաբուխ շարունակականութիւնը։

Հայերէն լեզու եւ արեւմտահայերէնի ապագան

2010-ին UNESCO-ի կողմէ արեւմտահայերէնը դասակարգւեցաւ «որոշակիօրէն վտանգւած» լեզուներու շարքին։ Անդին, կանատահայ ուսանողութեան առաւելագոյնը 20%-25%-ն է, որ հայկական կրթական հաստատութիւն կը յաճախէ։ Թէեւ հայկական վարժարանները խիստ կարեւոր դեր կը շարունակեն խաղալ հայապահպանման եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ծիրէն ներս, սակայն անոնք առանձին չեն կրնար դիմադրել այս մարտահրաւէրներուն, եթէ դասական ուսուցումը չհամալրւի արդիական ձեւերով՝ ինչպէս առցանց դասարաններ, ձայնային նիւթեր (podcast, e-books), տեսանիւթեր, նորաշունչ եւ այժմէական բովանդակութիւն, երեխաներու համար խաղային ուսուցում եւ այլն։

Եկեղեցին՝ հոգեւոր ու ազգային դերակատարութիւնը

Հայ Եկեղեցին դարերէ ի վեր եղած է սփիւռքահայութեան հոգեւոր եւ ազգային կենդրոնը։ Ան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ինքնութեան յենասիւնը հանդիսացած է։ Սակայն այսօր եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը նաեւ կը գտնւի նոր իրականութեանց ընդառաջ, որոնք կ’ենթադրեն, աւելի հասանելի դառնալու միջոցներ, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին համար։ Եկեղեցին ունի համայնքային յարատեւութեան իր առանցքային ու մնայուն տեղը եւ գլխաւոր դերակատարն է հոգեւոր ու ազգային մարդակերտման ու հայակերտման։

Կազմակերպական կեանքի փոխակերպման հրամայականը

Ըստ սփիւռքի վերջին հարցախոյզերուն, համայնքային կեանքին մէջ երիտասարդներու մասնակցութիւնը նւազած է, ոչ թէ սերունդի անտարբերութեան, այլ կառոյցներու քաշողականութեան պակասի պատճառով։ Շատ երիտասարդներ կը նշեն, որ զիրենք հետաքրքրող նախաձեռնութիւններ կը պակսին, իսկ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները չեն կրցած քայլ պահել ժամանակակից երիտասարդի աւանդական ձեւերէ դուրս մտածող, ստեղծագործ ու յարափոփոխ հոգեբանութեան հետ։ Միւս կողմէ՝ սփիւռքեան համայնքներու եւ հայրենիքի իշխանութիւններու միջեւ կապերու որեւէ խաթարում, վստահութեան պակաս կը յառաջացնէ եւ մարդկային ներուժը կը տկարացնէ։

Մամուլը՝ կանգնած նոր մարտահրաւէրներու առաջ

Հայկական մամուլը պատմականօրէն ազգային ինքնութեան պահպանման առանցքային միջոց եղած է։ Սակայն այսօր մամուլը կը դիմագրաւէ նիւթական խոչընդոտներ եւ համացանցային «կեղծ լուրերու» (fake news) սպառնալիք։ Միեւնոյն ատեն, շնորհիւ ընկերային ցանցերուն, անհատը ինք կը դառնայ լրատւական աղբիւր (citizen journalism), լուրերը իր ձեւով հրամցնելով հանրութեան: Ուրեմն՝ հայկական մամուլը պահելը նիւթականէն անդին կ’ենթադրէ նաեւ բովանդակութեան արդիականացում եւ տարածումի նոր միջոցներ:

Արհեստագիտութիւնը (technology)՝ սպառնալիք չէ, այլ գործիք

Արհեստական բանականութիւնը (artificial intelligence), երեւութական (Virtual) միջոցները, առցանց (online) ուսուցումը եւ համացանցային հաղորդակցութիւնը, որոնք յաճախ կը ներկայացւին իբրեւ ահազանգ, ճիշդ գործածութեան պարագային կրնան դառնալ հայապահպանման ազդեցիկ միջոցներ։ Անոնք կը ջնջեն աշխարհագրական սահմանները, կը միացնեն հեռաւոր համայնքները եւ հայերէն նիւթերու հասանելիութեան կարելիութիւն կ’ընծայեն այն համայնքներուն հետ, ուր ֆիզիքական վարժարան կամ ակումբ չի գործեր։

Եզրակացութիւն․ հայակերտումը այլեւս ընտրութիւն չէ

Այս բոլոր զարգացումները եւ տւեալները մեզի ըսել կու տան, որ հայապահպանումն ու հայակերտումը այլեւս չեն կրնար առաջնորդւիլ միայն անցեալին փորձւած ձեւերով։ Անոնք կը պահանջեն հաստատութենական (institutional) մօտեցում, նորարարութիւն, կառոյցներու վերակազմակերպում, կրթական եւ հաղորդակցական արդիական գործիքներ եւ՝ ամենակարեւորը՝ միասնական աշխատանք։

ՀԱՄԲԻԿ ԳԱՐԱՅԵԱՆ

«Հորիզոն» – Բացառիկ 2025

Related Articles

Back to top button