ՀՅԴ Մամուլ

ՀՕՄ-ի 115-ամեակը՝ հայ կնոջ զօրութեան ու կենսաւորման ներշնչում

Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին,

Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,

Գոյամարտի մէջ սրբազան մեր դատին՝

Ձեզ կը բերենք Հայ Կնոջ սիրտը ոսկի:

(ՀՕՄ-ի քայլերգ, խօսք՝ Մ. Իշխան)

 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը նշէ իր գոյութեան 115-ամեակը՝ տպաւորիչ վկայութիւն մը ըլլալով այն հարուստ ժառանգութեան, որուն վրայ կանգնած է հայու հաւաքական կեանքը։ Մէկ դարէ աւելի անցած է այն օրերէն, երբ Ակնունիի հայրենատեսիլ յղացքին հետեւելով, հայ կիները միացան՝ մարդկային նւիրումի, սրտի ջերմութեան եւ ազգային պարտաւորութեան ոգիով ստեղծելու համար կազմակերպութիւն մը, որ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի կարիքներուն անբաժանելի քառաթեւ պահապանն ու բարերարը։

Այսօր, երբ կը վերադառնանք այդ շքեղ պատմութեան ակունքներուն, հաւաքաբար կը վկայենք, որ ՀՕՄ-ը եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդի ազգային վերազարթնումին ու միաժամանակ՝ բարեսիրական, խնամատարական, կրթական ու մշակութային ձեռքբերումներուն հիմնասիւնը, որուն վրայ զարգացաւ հայ կեանքը, գաղթականութենէն մինչեւ մեր ժողովուրդի ամբողջական վերականգնումը։

ՀՕՄ-ի պատմութիւնը հաւասարապէս վկայութիւնն է հայ կնոջ հզօրացման, իր մասնակցութեան եւ առաջնորդութեան։ Աղէտներու, պատերազմներու եւ ազգային տառապանքներու դժւարին օրերուն, ՀՕՄ-ը եղաւ մխիթարող ձեռքը որբացած մանուկներուն, ապաստարան փնտռող ընտանիքներուն, բուժումի կարիք ունեցող զինւորներուն եւ հայրենակիցներուն։ Սակայն, անոր առաքելութիւնը երբեք չսահմանափակւեցաւ միայն կարեկցութեան ծրագիրներով. ՀՕՄ-ը ամենուրեք կառուցեց դպրոցներ, հաստատեց ուսանողական ծրագիրներ, ուսման թոշակներ, մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնց շնորհիւ ամբողջ սերունդներ հաւատացին իրենց կարողութեան եւ ծառայեցին մեր ժողովուրդին։

Այսօր եւս, ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր հայրենաշէն եւ ազգակերտ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ՝ բազմաթիւ ծրագիրներու միջոցով։ Առողջապահական կենտրոններ, մանկապարտէզներ, ուսումնական եւ մշակութային ձեռնարկներ կը վկայեն այն անսպառ կենսունակութիւնը, որ կը բխի միութեան ազնւագոյն գաղափարներէն։ Արցախի մէջ ՀՕՄ-ը տարիներ շարունակ կառուցեց, աջակցեցաւ եւ ապրեցաւ իր քրտինքով ստեղծւած համայնքներուն մէջ։ Ողբալի է, որ այդ բոլոր ներդրումները այսօր կը գտնւին թշնամիի ձեռքին տակ, սակայն անոնք չեն կորսւած՝ որովհետեւ ՀՕՄ-ի ոգին անքակտելի է, ան կը շարունակէ ապրիլ Արցախի իւրաքանչիւր հայ կնոջ եւ մանուկի էութեան մէջ։

Այսուհանդերձ, հայրենիքէն ներս ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը կը մնայ շօշափելի ու կեանքի կոչւած՝ կանացի նւիրումով իրականացւող բազմաշերտ ծրագիրներով։ Առողջապահութեան, կրթութեան եւ ընտանեկան աջակցութեան ոլորտներուն մէջ, ՀՕՄ-ը հաստատած է անզուգական ներկայութիւն՝ դառնալով ազգային հպարտութեան խորհրդանիշ։

Իր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն, ՀՕՄ-ի այս հարազատ ընթացքը ունեցաւ համահայկական հասողութիւն։ Միութիւնը, իր բոլոր միաւորներով ու մասնաճիւղերով, կը շարունակէ ցոլացնել այն անսասան կապը, որ կը միացնէ հայ կիները աշխարհի բոլոր ծագերուն, սփիւռքեան ոստաններէն ներս մինչեւ հայրենի հողին վրայ հասակ նետող անդամներուն եւ անոր առաքելութեան հաւատացող հետեւորդներուն մէջ, հայակերտութեան ու ազգահաւաքի վսեմ գաղափարներուն տակ։

Տարի մը առաջ, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը՝ ՀՕՄ-ի հին ու հաւատարիմ միաւորներէն մէկը, տօնեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը շքեղ հանդիսութեամբ մը։ Փառահեղ տօնակատարութիւնը ոչ միայն յարգանքի տուրք էր անցեալին, այլեւ վկայութիւն եւ վճռական խոստում՝ մայր կազմակերպութեան հետ անքակտելի շղթային զօրութեան ու յարատեւման։ Միաժամանակ, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի միաւորը, նոյնքան հնչեղութեամբ ու հաւատքի զօրութեամբ, ոտքի պահեց Հիւսիսային Յունաստանի հայութեան գոյատեւելու եւ արարելու պատիւը։

Արդարօրէն, մեր գաղութի պատմութեան ամենէն նրբազգաց ու մարդկայնօրէն գեղեցիկ արձանագրութիւնը կը պատկանի Հ. Կ. Խաչի ու Հ. Գ. Խաչի նւիրեալներուն։ Այստեղ է, որ տասնամեակներ շարունակ բարձրացան անհամար ձեռքերը խաչեան մեր հերոսներուն, որոնք քրտինքով, երբեմն արեան կաթիլներով գրեցին՝ ամէն մէկը իր սեփական պատմութիւնը, իր անձնւէր կեանքի ամբողջական զոհողութիւնն ու մատուցումը, դարձնելու համար հրաշագեղ պատմութիւնը գաղութի մը գոյատեւման ու ազգային վերազարթնումի հաւաքական երթին։

Այսօր, երբ համահայկական տարողութեամբ կը նշենք ՀՕՄ-ի պանծալի 115-ամեակը, մեր բոլորին սրտի պարտականութիւնն է յայտնել խորին երախտագիտութիւն եւ հիացում այն կազմակերպութեան, որ սերունդներ շարունակ եղաւ հայ ժողովուրդի ոգեղէն բազուկը՝ նւիրելով լոյս, գուրգուրանք եւ վստահութիւն։ ՀՕՄ-ը՝ իր ամենօրեայ աշխատանքին եւ անսպառ նւիրումին մէջէն, կը մնայ վաւերական հաստատութիւն մը, կենդանի խորհրդանիշ՝ հայ կնոջ ուժին, ազգային նւիրումին ու անհատնում սէրին։

Պատիւ արժանաւորաց։

«Ազատ Օր»-ի խմբագրական

Related Articles

Back to top button