Դաշնակցական Բեմ

Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներու պատմութեան վրայ – Ա.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ նաւահանգիստ մ’ է խաղաղ, մութ գիշերին՝ հուր ու բոց

Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

 

Մուտքի փոխարէն    

Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» սարքողները իշխանութեան եկան աղուրի խոստումներով, զորս դրժեցին փուլ առ փուլ, ունէին բազմայարկ ծրագիրներ, որոնք առաջին օրէն լիովին չբացայայտւեցան, սակայն շուտով «ներկւած էշը» իսկական գոյնը ի յայտ բերաւ. ականատես եղանք ու կըլլանք, թէ այս վարձկանախումբը ինչպիսի՜ քայլերու կը դիմէ, մեր ժողովուրդը խզելու իր մշակոյթէն, պատմութենէն, ճանցւած աշխարհագրութենէն եւ, մէկ խօսքով՝ Հայաստանի մէջ ու աշխարհի տարածքին իբրեւ հայ ապրելու, իբրեւ հայ գոյատեւելու հիմերէն: Հակառակ դաժան իրականութիւններուն ու բազմիցս փաստւած աղէտաբերութեան, որոշ հատւած մը զայն կը նկատէ «ազգընտիր»:

Առաջին «ծիծեռնակը» եղաւ հայերէնի դասաւանդութեան տրւած հարւածը (համալսարան մուտքի քննութիւններու վերատեսութեան ճամբով, աւելի ուշ՝ դասագիրքերու վերախմբագրումը՝ իբրեւ թէ «Նոր Հայաստանի պատմութիւն» անունով): Զուգահեռաբար ծայր տւաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ արշաւը (նոր իշխանութիւն, նոր հայրապետ նշանախօսքով): Յաջորդեցին պետութեան այս կամ այն յենարանը տկարացնող, կազմաքանդող քայլերը (բանակ, ներքին ապահովութեան ուժեր, որոշ նախարարութիւններու ջնջում, տնտեսութեան խարիսխներու քայքայում եւ այլն): Այս բոլորը նախաբանն էին աւելի՛ ահաւորին, որ մեր ժողովուրդին, ազգի՛ն հրամցւեցաւ Արցախի մաս առ մաս Ադրբեջանի նւիրումով, Հայաստանէն հողամասերու կորուստով եւ «խաղաղութիւն կը բերենք» ստաբանութեան ներքեւ՝ կորուստներու ամբողջ եւ մի՛շտ գաղտնի պահւած յայտագիրներով (հիմա ալ շատ բան կը պահւի գաղտնի): Եթէ յիշեալ «իրագործումները» իրենց օրերուն ընդհանրապէս չտեսնւեցան ամբողջական (եւ յարատեւօրէն ամբողջականացող) համայնապատկերի մը շրջագիծին մէջ, հիմա, աւելի քան եօթը տարի ետք, գո՛նէ Արցախի կորուստի փուլերէն ասդին, ընդհանուր պատկերը, այսինքն, մեր հայրենիքին եւ ազգին ունեցած կորուստներուն «վիճակագրութիւնը» կը ներկայանայ թւաբանական ամենէն տարրական խնդիրին՝ «մէկ առաւել մէկ»ի պատկերով, եւ միայն տգիտութեան բարձրագոյն վկայականը ունեցողներն են որ չեն կրնար լուծել նման պարզ խնդիր, տեսնել ամբողջական պատկերը:

Մեր հայրենիքին ու ազգին կրած վնասներուն, կորուստներուն, յիշեալ իւրաքանչիւր մարզին մասին կարելի է մանրամասն ուսումնասիրութիւն պատրաստել, քննարկում կատարել (ընողներ կան բարեբախտաբար): Մեր այսօրւան սիւնակին նպատակն է լուսարձակի տակ բերել իշխանաւորներու հակահայ եւ թրքահաճոյ արշաւներէն մէկը, գլխաւորներէ՛ն մէկը, այսինքն՝ մեր Եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծւած եւ վերջին ամիսներուն նոր թափ ու տարածք ստացած թշնամանքը, զայն դիտել քիչ մը լայն տարածքի մէջ:

 

Յետադարձ ակնարկ

Եթէ «Քալողներ»ուն, ապա՝ ՔՊ-ականներուն յարձակողականը սկզբնական շրջանին թիրախ ունէր անձ մը՝ Կաթողիկոսը, անիկա հիմա արդէն աւելի՛ բացորոշ կերպով ուղղւած է ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ դասուն, այսինքն՝ նոյնինքն մեր ԱԶԳԱՅԻՆ Եկեղեցւոյ դէմ: Ձերբակալւած ու հալածանքի ենթարկւող  հոգեւորականներու դասը մաս կը կազմէ ԵԿԵՂԵՑԻՆ եւ ԹԵՄԵՐԸ կառավարողներու փաղանգին (վաղը նոր ձերբակալութիւններ ալ կրնան յաջորդել): Այլ խօսքով, տագնապը այլեւս սոսկական անհատի մը հարցը չէ, այլ կը տարածւի Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան վրայ: Հոս բաւականանանք արձանագրելով միայն այն, որ արշաւին մեկնակէտը տրւած է այն պատճառով, որ կրօնական առաջնորդներ կը տեսնեն իշխանութեան կործանանար եւ ազգավնաս ընթացքը, կաշխատին «խելքի բերել» զանոնք, իշխանութիւններուն ամենէն տարրական պարտականութիւնները, լծակից ընդդիմադիրներուն պէս, իրենց ուսերուն կառնեն (օրինակ՝ պաշտպանել Արցախի իրաւունքները) ու լուռ չեն մնար: Սխալողները, եղծողները ճամբու բերելու ճիգերը իշխանաւորներուն կողմէ կը մատնւին ամլութեան, որովհետեւ հնչեղ է առածը. «Սեւը օճառն ի՞նչ ընէ,  խեւը խրատն ի՞նչ ընէ»: Հետեւա՞նքը. իբրեւ թէ «չարագործ անհատներ» հաշւետուութեան բերելու պատճառաբանութիւններով՝ յարաճուն եւ օր ըստ օրէ տարածւող արշաւ մը Եկեղեցւոյ դէմ: Եւ մեր ժողովուրդը, ամբողջ ազգը, էական հարցերը, արհաւիրքները մէկ կողմ դրած, կը տագնապի այս… Տագնապով, հնարովի՛, շինծո՛ւ տագնապով (զայն ստեղծողին նպատակներէն մէկն ալ, հանրութեան ուշադրութիւնը աւելի՛ էական խնդիրներէ շեղել, հեռացնելն է: Նոյնը կընեն այլ երկիրներու ձախաւեր ու համբակ վարիչներ):

Խորքին մէջ, Եկեղեցւոյ դէմ այս արշաւը նորութիւն չէ մեր կեանքին, մեր պատմութեան մէջ: Եկեղեցին, իր կեանքի առաջին դարերէն իսկ, սոսկական պաշտամունքի վայր չէ եղած եւ չէ, այլ անիկա հիմնական դեր, գործ կատարած է թէ՝ քաղաքական եւ թէ մշակութային ոլորտներուն մէջ, անոր համար այլ կը կոչւի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ԱԶԳԱՅԻ՛Ն եկեղեցի: Սկզբնական դարերուն, անիկա եղած է նախարարական տուներու համազօր հաստատութիւն եւ այդ իսկ պատճառով, մերթ ընթ մերթ իշխանաւորներու հետ հակադրութիւններ ունեցած է: (Շարժառիթներուն քննարկումը դուրս է այս սիւնակէն): Մենք սովորաբար աւելի՛ ուշադիր եղած ենք նախարարական տուներու, մինչեւ իսկ Հայաստանի հողին վրայ հաստատւած թագաւորութիւններու (Սիւնիներ, Բագրատունիներ, Արծրունիներ…) միջեւ մրցակցութիւններու, հակամարտութիւններու եւ գործակցական եղելոյթներու, որովհետեւ Եւեղեցի-Իշխանութիւն հակամարտութիւնները նւազ յաճախադէպ են եղած հեռաւոր անցեալին (չմտնենք նաեւ պատմական մանրամասնութիւններու մէջ): Եթէ հասնինք մօտաւոր անցեալին, կը տեսնենք, որ հայութեան կեանքին մէջ, Եկեղեցի-քաղաքային իշխանութիւններ յարաբերութիւնները առաւելաբար գործակցական, լծակցական եղած են, օրինակ՝ մեր քաղաքական զարթօնքի առաջին օրերուն տեղի ունեցած Էջմիածինի ժողովը, որ քով-քովի բերած էր մելիքներ եւ հոգեւորականներ, մեկնարկելու համար հայկական պետականութեան վերականգնումի երթը: Աւելի ուշ, Սարդարապատի օրերուն, իսկ դեռ երէկ, Արցախի ազատագրական պատրերազմի փուլերուն, մեր եկեղեցին, ըսել կուզենք՝ հոգեւորականաց դասը քաղաքային եւ զինւորական ղեկավարութեան հետ նոյն խրամատին մէջ կանգնած էր եւ պայքարած. Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումի օրերուն ալ, 35 եւ աւելի տարի առաջ, Կաթողիկոսը եւ իր գլխաւորած Եկեղեցին կանգնած էին հիմնադիր սերունդի շարքերուն: Բաւականանաք այս քանի մը հանգրւանային նշումներով, որովհետեւ այլապէս, պատմութիւնը հարուստ է:

 

Միջամտութիւններու պատմութենէն

Եթէ բաւականանաք նորագոյն դարաշրջաններով, կը տեսնենք, որ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ կողմէ մեր Եկեղեցւոյ գործերուն միջամտելու փորձերը հազւադէպ չեն եղած եւ ունին իրենց երկա՜ր պատմութիւնը: Թւենք մէկ քանին:

  • ՊՈԼՍՈՅ մէջ պատրիարքութեան հաստատումը՝ Օսմանեան կայսրութեան «հովանի»ին տակ, եթէ որոշ նկատառումով դրական բան էր, շուտով յայտնի դարձաւ, որ այդ հաստատութիւնը Սուլթանին ձեռքին գործիք մըն էր – ինչպէս այլ համայնքներու պարագային – միջամտելու մեր՝ հայկական կեանքին: Պատրիարքութեան պատմութիւնը ունի տարաբնոյթ դրւագներ, երբ հեղինակաւոր պատրիարքներ յաջողած են պետական միջամտութիւնը նւազագոյնի իջեցնել, մինչեւ իսկ վնասազերծել, իսկ անդին, եղած են շրջաններ, երբ պատրիարքի աթոռին հասնելու համար, սուլթանին հաճոյանալը դարձած է «աւանդութիւն», հետեւաբար, պատիրարքներ դարձած են իշխանաւորին խաղալիքը, կամակատարը: Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ ալ, նման միջամտութիւններ հազւադէպ չեն…: Սուլթանութեան տարիներուն, մետալին միւս երեսն ալ կազմած է հայ «իշխանաւորներուն» նմանօրինակ վարմունքը՝ պատրիարքին ու պատրիարքութեան հետ: Ամիրաներ եւ նիւթական հզօրանքի տէր դասը ուզած են վճռական խօսք ունենալ ազգի գործերուն տնօրինման մէջ (լաւ գործ ընող ամիրաները չենք անտեսեր), հետեւաբար, պետական իշխանաւորներուն զուգահեռ, իրե՛նք ալ մտած են պատրիարքը նստեցնելու-վար առնելու խաղին մէջ: Ազգային Սահմանադրութիւնը եկած է որոշ բարեփոխութիւն բերելու այս վիճակին մէջ: Շարունակելէ առաջ, արձանագրենք, որ այդ դարաշրջանին, Պոլսոյ պատրիարքութիւնը – հետեւաբար նաեւ պատրիարքը – աւելի՛ հեղինակաւոր դիրք ու կշիռ ունեցած է, քան Էջմիածինի կամ Սիսի կաթողիկոսութիւնը, իսկ Երուսաղէմը արդէն հայկական պատմական հողերէ քիչ մը հեռու ինկած էր եւ հոն եղած միջամտութիւնները շատ յիշատակութեան չեն արժանացած: Բաւականանաք յիշատակելով վերջին տարիներուն՝ վանքին պատկանող հողաշերտի մը ծանօթ հարցը, որ այլապէս տարբեր բնոյթ ունի (Պոլիսը որոշ չափով դարձած էր Հայաստանի մէկ «կցորդը», ինչպէս որ էր Թիֆլիսը):
  • Ցարական կայսրութեան օրերուն, միջամտութեան եւ տիրակալութիւն հաստատելու բազմաթիւ դրւագներ արձանագրւած են, որոնց քովն ի վեր, պատմութիւնը արձանագրած է մեր եկեղեցին ռուսական Ուղղափառ եկեղեցւոյ կցելու փորձեր, Պոլոժենիա եւ այլ դրւագներ: Մեր Եկեղեցւոյ – հետեւաբար նաեւ մեր ազգային կեանքին – դէմ ամենէն աղաղակող միջամտութիւնը արձանագրւած է Խրիմեան Հայրիկի գահակալութեան վերջին տարիներուն, եկեղեցւոյ կալւածներու բռնագրաւումով ու դպրոցներու փակումով: Անոր դէմ դիմադրութիւնը միայն Եկեղեցւոյ ուսին չէ ձգւած, այլ քաղաքական ղեկավարութիւնը (անկախ կամ ինքնիշխան երկիր չէինք), մասնաւորաբար այդ օրերու ամենէն հեղինակաւոր կուսակցութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը կանգնած է ազգի, եւ ո՛չ միայն Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան առաջին գիծերուն վրայ: Կաթողիկոս ու քաղաքական ղեկավարութիւն ի վերջոյ խափանած են ցարական իշխանութիւններու սադրանքները:
  • Ցարերուն յաջորդած՝ համայնավար իշխանութեան շուրջ 70 տարիներու շրջանը, որ մեզի շատ աւելի մօտիկ է եւ անոր հետքերը ձեւով մը տակաւին կան քիչ մը ամէն տեղ, եղած է բազմաբնոյթ կերպով աղէտալի: Այդ շրջանը, մասնաւորաբար առաջին տասնամեակները հայութեան եւ Մոսկւայի մականին ենթակայ երկիրներու, ժողովուրդներու, փոքրամասնութիւններու բերած է այնպիսի՛ արհաւիրքներ (խօսքը հոս միջամտութիւններու մասին է, իսկ մշակութային ու դիմագիծի աղաւաղման դաշտերը այլապէս ուսանելի են), որ իշխանութիւններուն սպառնալիքները այլեւս դադրած են ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԱԿԱԿՇԻՌ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՓՈՐՁ ըլլալէ, այլ վերածւած են նոյնինքն Եղեղեցին – ո՛չ միայն հայկականը – ի սպառ ջնջելու, գետնի երեսէն վերցնելու արշաւի, յստակ քաղաքականութեան: Համայնավար կայսրութիւնը ունէր յստակ տեսութիւններ, որոնք ծնած էին Մարքսի, Էնկէլսի ու անոնց հաւատարիմ ժառանգորդ Լենիններու հաւատալիքներէն: Կարճ խօսքով, համայնավար իշխանութիւնը ո՛չ միայն հակա-եկեղեցական էր, այլ հակակրօն, անաստւած, կրօնը կը սեպէր թմրեցուցիչ, եկեղեցին՝ դրամատէրներու եւ հակայեղափոխականներու մէկ գործիքը՝ ժողովուրդներու վրայ տիրապետութիւն հաստատելու, շահագործումը շարունակելու համար: Մոսկւայի ղեկավարները մշակւած ծրագիրներով աշխատեցան վերցնել կրօնական բոլոր հաստատութիւնները, զանոնք փոխարինեցին ակումբներով, պատկրասփիւռի սրահներով ու զւարճութեան վայրերով (կրկնենք, սա միայն Հայաստանի մէջ չէր), իսկ եկեղեցիներու ծառայողները ենթարկւեցան հալածանքի, աքսորի, բռնադատութիւններու: Այդ դարաշրջանը ունի բազմաթիւ ուսանելի երեսներ, որոնց վրայ պիտի փորձենք լուսարձակ բերել յաջորդ սիւնակներով, որովհետեւ եթէ Խրիմեան Հայրիկի օրերու դէպքերը անցած են պատմութեան եւ այսօր անոնց հետքերը զգալի չեն, համայնավար իշխանութիւններու տարիներու հետքերը ո՛չ միայն կենդանի են, այլ վերակենդանացած են Երեւանի այսօրւան իշխանութեան խօսքին ու գործին մէջ:

 

Եզրակացութեան փոխարէն

Այս սիւնակի սկիզբի բաժինին մէջ, հպանցիկ ակնարկութիւն ըրինք ՔՊ-ականներու հակամշակոյթ, հակաբանակ եւ հակաեկեղեցի (ու նման) «սխրանքներուն»: Մեր յաջորդ սինակներով, եթէ պատմական որոշ ճշմարտութիւններ լոյսի պիտի բերենք (բանգէտներու փաղանգ մը լաւ ծանօթ է այդ բոլորին, սակայն հանրութիւնը առհասարակ զայն ձգած է գիրքերու եւ թերթերու մէջ, մոռացութեան տւած է շատ բան), ատիկա պիտի չընենք անցեալի ցաւալի եւ անխախորժ էջեր քրքրելու մօտեցումով, այլ ցոյց տալու՝ թէ ի՞նչ ըսել կուզենք «հետքերը կը վերակենդանանան ՔՊ-ականներուն գործերուն ու խօսքերուն մէջ» արտայայտութեամբ:

Այժմէն իսկ կուզենք շեշտել մէկ քանի իրականութիւն, մէկ քանի դաժան փաստ:

Մեր Եկեղեցւոյ, ու անոր ճամբով՝ մեր ազգային կեանքին միջամտութիւնները անցեալին առաւելաբար եղած են ԱՐՏԱՔԻՆ ՁԵՌՔԵՐՈՒ կողմէ (սուլթան, ցարականներ, մոսկւայականներ…), մինչդեռ այսօր նման աւերիչ ու վտանգաւոր միջամտութիւններ կը կատարւին հայանոյն մարդոց՝ իբրեւ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութիւն ճանչցւած արարածներու կողմէ: Ու կարելի չէ չյիշել անտառին ողբը՝ ի տես զինք կոտորող կացինին, որուն կոթը փայտէ շինւած է…

Համայնավարներու օրով կատարւածները կը պատճառաբանւէին, որ հրահանգը «վերէն» է, այսինքն՝ Մոսկւայէն, եւ անկէ փչող հովերուն դէմ փոքր Հայաստանը չի կրնար առանձին գլուխ բարձրացնել: Հայաստան ինքնիշխան չէր, որքան ալ որ այդ օրերու իշխանութիւններն ու անոնց յարողները հակառակը պնդէին: Հիմա, Հայաստան ինքնիշխան է, անկախ երկիր ու պետութիւն (գոնէ մինչեւ այսօրւան խմբակին իշխանութեան ղեկին նստիլը): Հիմա հրահանգը կու գայ Բաքւէն եւ Անկարայէն (նաեւ ուրիշ տեղերէ): Հարց է, թէ Մուսկւայէ՞ն եկող հրահանգները նախընտրելի էին, թէ՞ թուրքական մայրաքաղաքներէն (պատասխանը՝ երկուքն ալ հաւասարապէս մերժելի են): Ու ամենէն ուշագրաւը՝ այդ օրերուն, դրածոյ իշխանութիւնները դատապարտողները, անոնց դէմ բողոքի եւ իրաւունքի ձայն բարձրացնողները՝ կարմիրներուն, քիչ ետք նաեւ՝ անոնց հովանիին տակ մտնողներուն կողմէ կը քննադատւէին իբրեւ «հակահայաստան», «հակայեղափոխական» եւ «հայկական պետութեան դէմ գործողներ»: Հիմա, կը կարծենք, որ ամենէն հաւատարիմ համայնավարն իսկ գիտէ, թէ ի՛նչ է տարբերութիւնը ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միջեւ (հարցուցէք Գիւմրիի կալանաւորւած քաղաքապետին ու կուսակիցներուն), օրւան իշխանութեան դէմ ըլլալը, անոր ձախաւերութիւններն ու վնասարար ընթացքը քննադատելը չի նշանակեր, որ այդ ընողը հայրենասէր չէ, պետութեան դէմ է, «ռեւանշիստ» է (ի՜նչ զարմանք, որ ՔՊ-ականներու եւ ազերիներու բառամթերքը հոս կը նոյնանայ): Իսկ արդեօք դրակա՞ն պէտք է համարել, որ անցեալին, համայնավար իշխանութիւններուն դէմ գրեթէ միայնակ պայքարող Դաշնակցութիւնը այսօր առանձին չի կրեր հայրենիքի ու պետութեան պաշտպանութեան դրօշը, այլ անոր հետ են, նոյն խրամատին մէջ, բազմաթիւ կուսակցութիւններ՝ աւանդական եւ նորակազմ կուսակցութիւններ, խմբակներ, մտաւորականներ ու մանաւանդ ԵԿԵՂԵՑԻՆ:

Համայնավար իշխանութիւններուն՝ մասնաւորաբար առաջին տասնամեակներու յելուզակութիւնները, Եկեղեցին ոչնչացնելու միտող արշաւները բազմաճիւղ էին եւ, ինչպէս նշեցինք՝ անոնց վրայ քիչ մը աւելի լայն լուսարձակ պիտի բերենք յառաջիկային: Այստեղ բաւականանաք աւելցնելով, որ առաջին այդ մղձաւանջը իր վախճանական նպատակին չհասաւ, նոյնինքն անաստւած կայսրութիւնը ի վերջոյ վերատեսութեան ենթարկեց իր վարմունքը, որովհետեւ տեսաւ, որ եկեղեցի կոչւածը սոսկական պաշտամունքի վայր չէ, այլ բազմաթիւ ժողովուրդնեդու, նա՛եւ հայերուս համար պատմութիւն է, մշակոյթ ու ժառանգութիւն, մէկ մասնիկն է մեր էութեան: Պէտք չունինք երկար բացատրութիւն տալու, թէ ի՞նչ ըսել կուզեն մեր Սրբազան Հայրերն ու մինչեւ իսկ Եկեղեցին հաստատող Աստւածորդին, երբ Եկեղեցին կը նկատեն ժողովուրդին մարմնաւորումը, նոյնինքն ժողովուրդը:

Related Articles

Back to top button