ՀՅԴ Մամուլ

Բաքւի «Դատագոյժ»-ը

«Եթէ մենք չպահպանենք արդարութիւնը, արդարութիւնը մեզ պիտի չպահպանէ»։

Ֆրանսիս Պէյքըն (բրիտանացի փիլիսոփայ, 1561-1626)

 

Դաժան պայմաններ ու ընդվզեցուցիչ պատահարներ այնպիսի կացութիւն կը ստեղծեն, որ երբեմն մէկ բառով կարելի կըլլայ բացատրել եղելութիւն մը, ահաւո՛ր կացութիւն մը։ Ըսենք՝ դատական գոյժ մըն է, որ կը հասնի Բաքւէն, պարզ ու մէկին՝ «դատագոյժ» մը։

Բրիտանացի փիլիսոփայ եւ օրէնսգէտ Ֆրանսիս Պէյքընի վերոյիշեալ իմաստալից խօսքով իսկ դժւար պիտի ըլլալ համոզել ուղեղալւացքի (brain wash) ենթարկւած եւ միակողմանի ցուցմունքներով լաւ մը թրծւած ազերի դատաւորները, որոնց ըմբռնումի եւ ընկալման գործելակերպն ու «անցք»-ը կը մնան փակ։

Աւելի յստակօրէն, եւ արդիական տեսողական միջոցներով ներկայացնելու համար Բաքւի դատարանին մէջ կատարւող խեղկատակութիւնը, մօտէն դիտենք, եւ կենտրոնանանք այս սրտապատառ տեսարանին վրայ։ Բանտի խուցերէն դուրս բերւած, սակայն միշտ բանտարկւած, հաստ ապակեայ պատին յետին, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները կը հետեւին միակողմանի եւ շինծու դատավարութեան մը, ուր դատախազներ, դատաւորներ, փաստաբաններ (բացակայ են պաշտպանները, իսկ ամենուրէք ներկայ՝ անպաշտպանները) առօք-փառօք կը գործեն, առանց ընբռնելու, թէ պատահածը անճոռնի, արտառոց եւ յատկապէս ապօրինի դատավարութիւն մըն է։

Իբրեւ ակնդիր, շուտով կարելի է նկատել մեծ սխալ մը, այս դժնդակ տեսարանին մէջ։ Բաքւի դատարանի բեմահարթակին կենտրոնը զետեղւած նշանակը՝ արդարութիւն եւ թափանցիկութիւն արտայայտող նժարով ցուցակը համահաւասար նժարներով պէտք չէ ըլլար, գէթ այս դատավարութեան օրերուն։ Նժարը ոչ միայն թեքած է մէկ կողմ, այլ նաեւ դժբախտաբար եւ ամօթալի կերպով ամրացւած ու փակցւած է, անշարժացա՛ծ։ Հետեւաբար, կարելի չէ անով կշռել արդարութիւն, հաւասարութիւն, ողջմտութիւն։ Աւելին, կրնանք ինքնավաստահ ըսել, որ նժարին մէկ ափը չկայ…

Պատիժները մեծածաւալ եւ մեծաքանակ են։ Ցմահ բանտարկութեան դատապարտւած են Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտած են քսան տարի բանտարկութեան եւ… շարքը կը շարունակւի։ Անշուշտ Ռուբէն Վարդանեանի մասին, դեռ վերջնական որոշում չէ տրւած։ Ան բուռն կերպով քննդատած էր այս խեղկատակութիւնը, այսինքն պաշտպան փաստաբաններ ճշդելու իրաւազրկումն ու բաց դատավարութեան պահանջի ոտնակոխումը։

Անտեղի է հարց արծարծել այս դատաւորներուն հետ, որոնք շինծու ցուցմունքներու կը հետեւին, ունին սարքովի թղթածրարներ. մէկ խօսքով եղածը մեծ պլըֆ մըն է, Արդարութիւնը մրոտող թատրոն մը։

Հաւանաբար, անոնց համար նոյնքան անհասկնալի պիտի ըլլայ հռովմէացի փիլիսոփայ Կիկերոնի (106 Ք.Ա. – 43 Ք.Ա.) մէկ պարզ հաստատումը․ «Արդարադատութեան նպատակն է բոլորին տալ իրենց իրաւունքը»։

Ասդին, բնականաբար ոչ մէկ գործնական քայլ առնւեցաւ 19 Բաղրամեան պողոտայի վարձակալներուն կողմէ, որոնք քանի մը անգամ հպանցիկ ու մակերեսային նշումներ կատարեցին։

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ժընեւի մէջ կայացած՝ ՄԱԿ-ի ենթայանձնախումբի մէկ նիստին, հպանցիկ ակնարկութիւն մը կատարած էր, թէ դատավարութիւնը պատշաճ ձեւով չէր ընթանար։ Իսկ ինչպէ՞ս մեկնաբանել Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի ցնդաբանութիւնը, թէ բանտարկեալները ադրբեջանցի են եւ Հայաստանի հետ կապ չունին. ան նոյնիսկ առիթով մըն ալ նշեց, թէ անոնք պէտք էր մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պատերազմէին…

Այս գնայուն իշխանաւորները հետաքրքրւած են ընտրապայքարներով, եւ այս նպատակով ամէն աշխատանք կը տանին, որպէսզի մնան 19 Բաղրամեանի վարձակալ։

Այս բոլորէն անդին, ու տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր եւ տեղի՛ն՝ ժողովրդային (եւ ո՛չ ժողովրդահաճ) ձայն մը հնչեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ ֆուտբոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականներու զտումի ծիրին մէջ՝ Հայաստան-Հունգարիա մրցումին, ուր համակիրներ Հունգարիոյ խումբին ուղղած էին պաստառ մը. «Բարի եկած էք, հոս կրնաք ապահով քնանալ»։

Այս պատգամը յուշարար մըն էր 2004-ին, Պուտափեշթի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան: Ան քնացած պահուն կացինահարւեցաւ ադրբեջանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ։ Այլ «դատագոյժ» մը՝ որ պատահեցաւ Դանուբի ափին։ Պատմութիւնը, այսինքն՝ շարունակութիւնը ծանօթ է…

Ահաւասիկ, 19 Բաղրամեանի աթոռներէն հեռու կանգնած երիտասարդներ, յանձնառո՛ւ հայորդիներ՝ որոնք շատ աւելի դիպուկ եւ ազդեցիկ կեցւածք կորդեգրեն, ու «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի կրկներեւոյթը հետապնդելու փոխարէն՝ ՔՊ-ականներու պարտադրած թմբիրէն դուրս գալու հրաւէր, ահազա՛նգ կը հնչեցնեն։

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button