Երեւանէն մղոններ հեռու… Պրիւքսէլի մէջ

Հ․Հ. կառավարութեան նիստերուն, 19 Բաղրամեան պողոտայի պետական կառոյցի աթոռներուն վրայ բազմած իշխանաւորներ կը քննեն քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բազմաթիւ հարցեր, սակայն ցաւօք սրտի միշտ ալ բացակայ է կարեւորագոյն առեղծւածը՝ հայ բանտարկեալներու առնչութեամբ տարւելիք աշխատանքը։
Հոս փակագիծ մը բանալով, իբրեւ կիզակէտ ունինք Բաքւի մէջ բանտարկւած հայորդիները, որովհետեւ դժբախտաբար Երեւանի բանտերուն մէջ ալ գերազանց է թիւը անարդարօրէն կալանքի ենթարկւածներուն։ Այս գծով, շաբաթներ առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ահազանգ հնչեցուցած էր ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 33-րդ նստաշրջանին, որ տեղի ունեցաւ Լա Հէյի մէջ, յստակօրէն շեշտելով, թէ իրաւախախտումները անպատիժ կը մնան։
Այսուամենայնիւ, ցաւալի է, որ հայ բանտարկեալներու հարցը մանրամասնօրէն կը քննւի Երեւանէն հեռու, Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոխորհրդարանի բեմահարթակներուն վրայ։ Եւ դեռ աւելին, այս գծով Հ.Հ. իշխանաւորները հետաքրքրւած չեն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ եւ նեցուկ ալ չի կանգնիր։ Բացակա՞յ, բանաւո՞ր բացակայ…անտեղի է ուսումնասիրել եւ բացայայտել այդ մութ ծալքերը։
Փոխարէն, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի ժրաջան աշխատանքով եւ Եւրոպական Խորհրդարանի կարգ մը պատգամաւորներու աջակցութեամբ, Երեւանէն մղոններ հեռու, Յուլիս 14-ին տեղի ունեցաւ «Ադրբեջանի մէջ գտնւող հայ քաղաքական բանտարկեալները եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւման հրամայականը» խորագրով համաժողով-քննարկումը։
Այս ժողովին մասնակցողները իբրեւ արդարամիտ քաղաքացիներ, պայմանագրւած էին մանրամասնօրէն քննելու արծարծւելիք բարդ հարցը, որ դժբախտաբար լքւած ու մոռացութեան մատնւած է իշխանաւորներու կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան քանի մը անգամ Մ.Ա.Կ.-ի ենթայանձնախումբի նիստերուն կիսատ-պռատ ակնարկութիւններ կատարած էր՝ եզրակացնելով, թէ դատավարութիւնը պատշաճ ձեւով չէր ընթանար։
Խօսք առնող մասնագէտները բծախնդրօրէն եւ մանրամասնութեամբ ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնը, շեշտելով ընդհանրապէս տիրող անտարբերութեան անընդունելիութիւնը։ Անոնք շեշտեցին, թէ ապօրինի կալանաւորումը կը խախտէ միջազգային իրաւունքի պայմանները եւ նոյնիսկ վտանգ կը հանդիսանայ կովկասեան բարձրաւանդակի շրջանին մէջ, արգելք հանդիսանալով, որ ստեղծւի մնայուն խաղաղութիւն։
Անոնք յստակ փաստերով հաստատեցին, թէ միակողմանի դատավարութիւն մըն է, որ կը կատարւի, իրաւաբանական օրէնքներէն բոլորովին հեռու։ Բռնատէր նախագահ Ալիեւի կողմէ գործուղւած դատաւորներ, հաւանաբար պարտադրանքի տակ, շինծու ցուցմունքներու կը հետեւին։
Մարդու Իրաւանց Միջազգային Գործընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագիրներու տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլիի շեշտադրումը տեղին է կրկնել.- «Խաղաղութեան մասին խօսիլ անտեղի է, այնքան ատեն, որ հայ գերիները կը մնան բանտարկւած Ադրբեջանի մէջ։ Անոնց անյապաղ ազատ արձակումը երկրորդական հարց չէ, այլ հիմնարար մարդասիրական պարտաւորութիւն եւ անբաժան հիմք՝ իրական խաղաղութեան գործընթացին»։
Այս արտառոց իրավիճակը մինչեւ ե՞րբ կարելի է հանդուրժել։ Դեռ շարունակ կ՛արձագանգէ, ամիսներ առաջ, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի արտայայտած մէկ յիմարաբանութիւնը, թէ խնդրոյ ենթակայ բանտարկեալները ադրբեջանցի են եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապ չունին։
Ահազանգը պէտք է հնչէր Երեւանէն, սակայն մղոններ հեռու՝ Պրիւքսէլի բեմահարթակէն է, որ միասնական կոչ մը յղւեցաւ, ուր յստակօրէն նշւեցաւ բոլոր հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակման առաջնահերթութիւնն ու պահանջը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական



