«Սփիւռքիստան»՝ Հայկական Սփիւռքը

Ծ․Խ․– «Հայրենիք» բացառիկի թիւ 2-ի այս խմբագրականը գրւած է, Ազգային ժողովի մէջ կատարւած Սփիւռքի մասին յատուկ քննարկումներէն շաբաթներ առաջ։ Այս քննարկումներուն, պատգամաւոր Արման Եղոյեան («Քաղաքացիական Պայմանագիր») անհիմն եւ անհեթեթ վերլուծումներով եւ տարօրինակ ու արտառոց եզրակացութիւններով, վատառողջ մթնոլորտ ստեղծած էր։
Նորաստեղծ բա՞ռ, թէ՞ եզրոյթ: «Սփիւռքիստան»-ի մասին կարելի է էջեր տրամադրել, մանրամասնօրէն նկարագրել, սկսելով ծննդոցէն մինչեւ ներկայ օրերը:
Վերջին ամիսներուն, բեմահարթակի վրայ է Սփիւռքը: Հաւաքներ, գիտաժողովներ, կլոր սեղաններ, «զում»-ային զեկուցումներ եւ նիւթը միշտ ալ կը մնայ ժամանակակից, անաւարտ եւ հետաքրքրական:
Բազմիցս կրկնութիւն պիտի ըլլայ, այս նիւթին մասին մրոտելը, սակայն նկատի ունենալով, իր կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը, կարելի է կրկնութիւնը նկատի ունենալ իբրեւ ընդգծում եւ շեշտադրում:
Առ այդ, հայկական սփիւռքին ստեղծումը պարզ պատմական դէպքերու արդիւնք չէ: Ան կազմաւորւած է դարերու ընթացքին եւ բազմաթիւ ալիքներով։
Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի տարբեր շրջաններու մէջ, տակաւին միջնադարեան ժամանակաշրջանին՝ «Մետաքսեայ ճանապարհ»-ի օրերուն իսկ, հայ վաճառականներ ստեղծած էին փոքր, բայց գործօն համայնքներ։ Այլ բառախաղ մը կատարելով, Մետաքսեան հարստութիւնը ազդեցիկ ցանցեր ստեղծեց Նոր Ջուղայէն մինչեւ Ամսթերտամ, Ճենովա եւ յատկապէս Վենետիկ, ապա նաեւ հակառակ ուղղութեամբ՝ Տաքքա, Կալկաթա, Մատրաս (այժմ Չեննայ), Ռանկուն (այժմ Եանկոն) եւ Սինգափուր։ Այս համայնքները տնտեսական միջնորդի առաջնահերթ դեր ունեցան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ եւ յիշատակելի ներդրում կատարեցին համաշխարհային առեւտուրի զարգացման մէջ։
Դարեր անցած է եւ վերոյիշեալ քաղաքներու մէջ գրեթէ միայն անշունչ կառոյցները մնացած են, որոնց մէկ մասը անտէր եւ անտիրական մնալու վտանգին տակ կը գտնւի: Տարիներ ետք, Ցեղասպանութեան արդիւնք, հայկական սփիւռքը հիմնականապէս ձեւաւորւեցաւ։ Տարագրութեան առաջին եւ կարեւորագոյն հանգրւանը Հալէպն էր, ապա Լիբանան, Եգիպտոս, Յունաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին եւ այլուր։ Այս համայնքները ստեղծւեցան խոր ցաւի, կորուստի եւ աքսորի պայմաններու մէջ։
Հոս է, որ այս դաժան պայմաններուն գաղութները կազմաւորւեցան եւ համեմատած այլ գաղթական ժողովուրդներու, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին ձուլւեցան հիւրընկալ երկիրներու մէջ, հայերը ստեղծեցին ամուր համայնքային կառոյցներ։ Եկեղեցիները, կրթօճախները, լոյս տեսնող թերթերը, քաղաքական կազմակերպութիւնները, երիտասարդական միութիւնները եւ մշակութային ընկերակցութիւնները դարձան գոյատեւման հիմնական միջոցներ։ Այս կառոյցներուն մեծամասնութիւնը ի վիճակի եղաւ սերունդէ սերունդ պահպանելու ազգային ինքնութիւնը։ Այս յամառ դիմադրողականութիւնն է, որ կը բացատրէ, թէ ինչպէս հայկական ինքնութիւնը գոյատեւեց նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ Խորհրդային օրերուն, հայորդին զրկւած էր պետական անկախութենէ։
Այսպէս, Խորհրդային տիրապետութեան տասնամեակներուն ազգային որեւէ հաւաք, արտայայտութիւն կամ զրոյց սահմանափակւած էր։ Այդ ճնշիչ օրերուն սփիւռքեան համայնքները դարձան պատմական յիշողութեան պահապանները, մանաւանդ՝ ցեղասպանութեան ճանաչման, արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան եւ անկախ ազգային մտածողութեան ոլորտէն ներս։
Այսօր հայկական սփիւռքը հայ ազգային գոյութեան ողնասիւնն է։ Անոր նշանակութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է: Պարզ կարօտ մը չէ, ոչ ալ պղատօնական կապուածութիւն մը: Այո՛, հայկական սփիւռքը հասկնալու համար պէտք է անցնիլ պարզ սահմանումներէն անդին։
Շատեր Սփիւռքը կը նկատեն արտասահմանի մէջ ապրող հայ համայնքներու հաւաքածոյ մը եւ համաշխարհային ազգային կառոյց մը: Սակայն, պէտք է շեշտել, որ այդ միեւնոյն Սփիւռքն է, որ վճռական դեր խաղացած է հայկական գոյատեւման մէջ՝ միջնադարեան հայկական թագաւորութիւններու անկումէն մինչեւ հետխորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ցայսօր՝ կովկասեան բարձրաւանդակի աշխարհաքաղաքական ճգնաժամերը։
Դեռ աւելին, Սփիւռքը միաժամանակ կը գործէ որպէս քաղաքական դերակատար, մտաւորական ներկայութիւն, մշակութային հարստութիւն, տնտեսական ցանց, լրատւական համակարգ եւ պարզ ու մեկին, ամբողջութեամբ հայ ազգի ռազմավարական շարունակութիւնը։
1991-ի անկախութենէն ետք, Սփիւռքի աջակցութիւնը կենսական եղաւ տնտեսական փլուզման, պատերազմի եւ շրջափակման տարիներուն։ Ակնյայտ է, որ սփիւռքահայերը բիւրաւոր գումարներով ներդրում կատարեցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ դրամական փոխանցումներու, բարեսիրական նւիրատւութիւններու, ենթակառուցւածքներու զարգացման, գործարար ներդրումներու եւ կրթական-մշակութային ծրագրերու միջոցով։
Այսպէս, արտասահմանի հայկական համայնքներէն եկող փոխանցումները պահեցին անթիւ ընտանիքներ եւ նշանակալի ներդրում ունեցան Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։ Սփիւռքահայ գործարարները հիմնեցին դպրոցներ, հիւանդանոցներ, դրամատուներ, տեղեկատւական արհեստագիտութեան ընկերութիւններ եւ զարգացման հիմնադրամներ։
Սփիւռքը նաեւ կենսական նշանակութիւն ունեցաւ եւ դեռ ալ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի գոյութենական ճգնաժամերու ընթացքին։ Արգիլւած է վհատիլ եւ յուսալքւիլ: Արցախի առաջին պատերազմին եւ ապա 2020-ի պատերազմի չարաչար պարտութենէն ետք սփիւռքեան ցանցերը կազմակերպեցին մարդասիրական օգնութիւն, դրամահաւաք, դիւանագիտական ճնշում եւ միջազգային լրատւական ուշադրութիւն, բազմիցս պաշտպանելով հայ դատի իրաւունքները եւ բռնօրէն պայքարելով հայրենի ներկայ իշխանութեան ապիկարութիւններուն դէմ։
Այս համաշխարհային շարժումը ցոյց տւաւ, թէ հայկական սփիւռքը կը գործէ որպէս հայկական ազգային կարողութեան ռազմավարական շարունակութիւն։
Ժամանակակից աշխարհի մէջ քիչ են այն ազգերը, որոնք ունին պատմականօրէն բազմաշերտ, հզօր եւ քաղաքական գետնի վրայ եզակի սփիւռք մը։ Դարեր շարունակ պատերազմներու, հալածանքներու, գաղթերու եւ տնտեսական տեղահանութիւններու հետեւանքով աշխարհով մէկ ցրւած հայերը ստեղծած են, ոչ թէ պարզապէս արտագաղթած համայնքներ, այլ՝ իւրայատուկ քաղաքակրթութիւն մը, որ դարեր շարունակ պահպանած է լեզուն, կրօնը, ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը, նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ անկախ հայկական պետութիւն գոյութիւն չունէր։
Ապագայի յաջողութիւնը կախեալ է աւելի ամուր Հայաստան–Սփիւռք (չմոռնանք եւ շարունակ նշենք նաեւ Արցախը) համագործակցութեան կառուցումէն, ոչ միայն քաղաքական, զգացական կամ բարեսիրական հիմքերու վրայ, այլ դիւանագիտութեան, կրթութեան, գիտութեան, անվտանգութեան, արհեստագիտութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն մէջ կազմակերպւած գործընկերութեան միջոցով։
Առ ի եզրակացութիւն, պէտք է հաստատել, թէ հայ ազգը աւելի ու աւելի կը գործէ որպէս համաշխարհային ցանց, ոչ թէ միայն տարածքային պետութիւն։ Ուստի Սփիւռքը` «Սփիւռքիստան»-ը հայկական գոյութեան օտարական եւ ուծացեալ (alien) մասնիկը չէ. այլ ընդհակառակը, անոր կեդրոնական բաղադրիչն է։
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական



