ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Ո՛չ-ի շարժումը՝ նոր հանգրւանի ուղի

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի 36-ամեակը ուղերձներէն, մտորումներէն, խորհուրդի անդրադարձներէն անդին կարեւորագոյն ելակէտի վերածւելու ուղենիշը կը պարփակէ իր մէջ այս օրերուն: Շարժումի մը ելակէտին վերածւելու լուռ եւ բացայայտ պատգամը կամփոփէ իր մէջ, ուժերու համախմբման եւ հռչակագիրի սահմանադրականութիւնը պահելու ուղղութեամբ:

Գործող իշխանութիւնները բացայայտ կը յայտարարեն նոր սահմանադրութեան ընդունման մասին: Նոր սահմանադրութեան ամբողջ շարժառիթը Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրական ուժէն զրկելու քայլին մէջ կը կայանայ: Մնացեալ առաջարկները, խօսոյթները ածանցեալ են եւ պատրւակային նոյնիսկ:

Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը թէ՛ Անկարայէն՛ եւ թէ՛ Բաքւէն կու գայ: Երկու երկիրները առաւելագոյն զիջումները ապահովելու վարքագիծով կը շարունակեն պայմանականացնել խաղաղութիւնը մշտանորոգ նախապայմաններով:

Գործող իշխանութիւնը չունի սահմանադրական մեծամասնութիւն սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելու եւ այդ նպատակով ալ հանրաքւէ կազմակերպելու:

Իշխանութիւնները նուազ քուէ հաւաքած են համեմատաբար անցեալ ընտրութիւններուն:

Եթէ նոյնիսկ հանրաքւէն կայանայ, տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ յառաջիկայ համապետական ընտրութեան հանրաքւէի փոփոխութեան համար աւելի քիչ թիւ պիտի ապահովեն իշխանութիւնները, հակառակ վարչական լծակներու համատարած օգտագործումին:

Հանրաքւէի կայացումը եւ իշխանութիւններու առաջադրած փոփոխութիւնը ապահովելը քւէարկութեան նոյն պատկերով չի կրնար կայանալ: Իշխանութիւնները շատ աւելի քւէի պէտք ունին Անկարայի եւ Բաքւի պահանջը իրականացնելու համար:

Ըստ Սահմանադրութեան 207-րդ յօդւածին.

«Հանրաքուէի դրւած աքթի ընդունումը.

Հանրաքւէի դրւած ակտն ընդունւում է, եթէ դրան կողմ է քւէարկել հանրաքւէի մասնակիցների կէսից աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքւէներին մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիների մէկ քառորդը»:

Իշխանութիւնները իւրովի մեկնաբանելով ստորեւ սահմանադրական յօդւածը, կրնան դիմել սահմանադրական փոփոխութեան:

«Յօդւած 204. Քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացւած օրէնքի նախագծի վերաբերեալ հանրաքւէն.

1.- Եթէ Ազգային ժողովը մերժում է Սահմանադրութեան 109-րդ յօդւածի 6-րդ մասով սահմանւած կարգով ներկայացւած օրէնքի նախագծի ընդունումը, ապա մերժումից յետոյ՝ 60 օրւան ընթացքում, օրէնքի նախագծի ընդունման նախաձեռնութեանը ընտրական իրաւունք ունեցող եւս երեք հարիւր հազար քաղաքացու միանալու դէպքում նախագիծը դրւում է հանրաքւէի, եթէ Սահմանադրական դատարանը նախագիծը ճանաչում է Սահմանադրութեանը համապատասխանող: Քաղաքացիական նախաձեռնութեան մասնակիցների ստորագրութիւնների վաւերականութիւնը հաստատում է Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը»:

Բայց պայմանը կը մնայ քւէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող մասնակիցներու թիւին մէկ քառորդին ապահովումը:

Այս բոլորէն կարելի է հետեւցնել, որ Անկարայի եւ Բաքւի պահանջին ոչ ըսողներուն զանգւածը կրնայ տապալել այդ պահանջի իրականացումը: Տապալումը իր հերթին ժողովրդային տարողութեամբ անվստահութիւն յայտնել է եւ ժողովուրդին անհամաձայն ըլլալու փաստի ամրագրումն է այսօրւան վարքագիծին:

Հանրաքւէով ոչ-ի առարկայացումը կասեցումն է յանձնւողականութեան: Այս հանգամանքներով ալ 36-ամեակը կրնայ վերածւիլ համաժողովրդային շարժումի ելակէտի եւ այդպիսով հանդիսանալ առաջին քայլը պետութեան վերազգայնացումին:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button