Կը սպասենք Սարդարապատի զանգերու երկրորդ ղօղանջին
(ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը Հալէպի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան)
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի հայն ու Հայաստանը ականջ պէտք է դնեն Սարդարապատէն հնչած զանգերու ղօղանջին, որովհետեւ դժբախտաբար այդ զանգերը լռեցնելու ելած է մեր դարաւոր թշնամին եւ այս անգամ ներքին, ապազգային, անխոհեմ ու անվճռական մօտեցումներու հետ միասին, փորձելով ազգս կերակրել, իբր թէ նոր Հայաստանի ստեղծման սին ու հայրենակործան քաղաքականութեամբ:
Շատեր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին, այնպէս ինչպէս Քրիստոս բարձրացաւ իր Գողգոթան եւ երեք օր վերջ Յարութիւն առաւ, նոյն նմանութեամբ հայ ժողովուրդը 1915 թւականին ապրեցաւ իր գողգոթան, 20-րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տալով մէկուկէս միլիոն նահատակ, բայց այդ մոխիրներուն մէջ եւ երեք տարի վերջ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր յարութիւնը:
106 տարի առաջ հայ ժողովուրդը յարութիւն առաւ եւ Ցեղասպանութենէն երեք տարի վերջ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի մէջ մղելով իր գոյամարտը, 600 տարւան ստրկութեան վերջ տալով, հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի մէկ կտորին վրայ անկախ հանրապետութիւն ստեղծեց:
Գերագոյն զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ հայ ժողովուրդը կրցաւ նւաճել իր ազգային պետութիւնը եւ այստեղ նահատակութեան լաւագոյն բնութագրումը թարգմանաբար կը մէջբերեմ զօրավար Հաֆէզ Ասատի խօսքը. «Նահատակները աշխարհի ամէնէն նւիրեալներն ու մարդկութեան ազնւագոյն օրինակներն են»։ Այդ զոհաբերութեան եւ նւիրումին շնորհիւ հայ ժողովուրդը կազմեց իր հայոց եռագոյնը, հայ ժողովուրդին կամքը արտայայտող արծիւն ու առիւծը վահանապատեցին Արարատի վեհ շուքին տակ հիմնադրւած հայոց ազգային պետութիւնը:
Այսօր, ոմանք կը փորձեն հակադրւիլ Հայոց Պետականութեան մեծ երազին ու իրենց ձեռքին մէջ բռնած աջ ու ձախ կը ճօճեն Հայաստանի 29743 քառ. կիլոմետր մետաղեայ քարտէզը, իբրեւ թէ սահմանագծւած Հայաստանը, զայն ներկայացնելով որպէս մեծ ձեռքբերում: Մոռացութեան մատնելով, որ իրենք պատճառ դարձած են Արցախի կորուստին, հազարաւոր հայորդիներու արեան հեղումին, թշնամիի լկտի ու ցեղասպան պահւածքին եւ ընթացքին:
Կուզեմ շատ կարճ զուգահեռ մը անցնել Սարդարապատի փառապանծ յաղթանակով ստեղծւած Հայաստանի եւ այսօրւան իբրեւ թէ «Նոր Հայաստանի» միջեւ: Առաջինը, որ կուզեմ մատնանշել այն ղեկավար դէմքերն են, որոնք ղեկավարեցին, ստեղծեցին թէկուզ կարճ ժամանակի մը համար Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Մեծութիւններ, ինչպէս Արամ Մանուկեան, զօր. Դրօ, մշակոյթի կարկառուն գործիչ Նիկոլ Աղբալեան, զօր. Սիլիկեան եւ շարքը կարելի է երկարել այն ականաւոր ու փայլող դէմքերուն, որոնք ամբողջ ուժով ու կամքով լծւեցան Հայոց Պետականութեան շինութեան: Այս անունները թուելէն վերջ, նոյնիսկ չեմ համարձակիր յիշել այսօրւան Հայաստանի ղեկավարները, որոնք իսկապէս անհամեմատելի են: Երկրորդ զուգահեռը որ կուզեմ անցնել այն աշխարհաքաղաքական բարդ կացութիւնն էր, որուն մէջ ստեղծւեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, որ յար եւ նման է այսօրւան Հարաւային Կովկասի բարդ աշխարհաքաղաքական կացութեան, մէկ տարբերութեամբ, որ այդ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհաքաղաքական այդ բարդ կացութիւնը կը դիմագրաւէր իր նորաստեղծ տարիքով, հազիւ քանի մը տարւան կեանք ունենալով: Այսօրուան Հայաստանը 30-ամեայ փորձ, 30-ամեայ պետական կեանք անցնելէ ետք է որ կը դիմագրաւէ այդ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակը: Երրորդ. Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ ալ կային ազգին ներսը գործող ապազգային մօտեցումներ եւ այդ ապազգային շարժումները եւ խմբաւորումները չզլացան նոյնիսկ պայքարելու նորաստեղծ հանրապետութեան դէմ, յանձինս բոլշեւիկեան խմբաւորումներու, որոնք իրենց ապազգային համոզումներով ոգի ի բռին կը պայքարէին ընդդէմ ազգային ուղղութիւն ունեցող նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Այսօր եւս Հայաստանի մէջ կան ապազգային գաղափարախօսութեամբ եւ մօտեցումներով առաջնորդւող խմբաւորումներ, տարբերութիւնը Առաջին Հանրապետութեան օրերուն եւ այսօրւան այն է, որ անցեալին, ապազգային շարժումները եւ խմբաւորումները ընդդիմութիւն էին, իսկ այսօրւան ապազգային շարժումները ցաւօք սրտի իշխանութեան ղեկին կը գտնւին:
Չորրորդ. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրները իրենց կամքը եւ իրենց ամբողջ գաղափարական աշխարհահայեացքը խտացուցին ստեղծելու իրենց ազգային երազանքը եւ համարձակօրէն ու վճռականութեամբ յայտարարեցին Ազատ, Անկախ բայց նաեւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը:
Այսօրւան Հայաստանի մէջ՝ նոր 29743 կիլոմետր սահմաններու մէջ տեղաւորւելու եւ գերեզմանային խաղաղութիւն մը խոստանալու լծւեցան։
Քանի մը տողով անդրադառնամ նաեւ Հայաստանի այսօրւան իշխանութեան քաղաքական կենսագրութեան եւ ընթացքին:
Այս իշխանութիւնը 2018 թւականին ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկը, առաջին իսկ օրէն եւ շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին յստակօրէն իր միտումները եւ պատկերացումները սկսաւ յայտնել եւ հրապարակել: Բոլորս կը յիշենք Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի նախարարութեան առաջին քայլերը, որոնք կը միտէին հայոց դպրոցներէն դուրս հանել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, Հայոց լեզւին երկրորդական տեղ տալ եւ քայլ առ քայլ հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները նսեմացնել՝ ստորագնահատման յստակ եւ տեսանելի քաղաքականութեամբ:
Այդ օրերուն, շատեր այս վտանգի գիտակցութիւնը ունեցողներուն կըսէին համբերեցէ՛ք, ձգեցէ՛ք, որ աշխատին, յետոյ կը պատրաստւին, կը շտկւին, բայց դժբախտաբար այդ առաջին քայլերը ունեցան իրենց շարունակութիւնը: Երկրորդ քայլը, որ տեղի ունեցաւ այս իշխանութեան ժամանակ Արցախի բանակցային գործընթացի ամբողջական տապալումն էր: Հակառակ անոր, որ այս իշխանութիւնները ժառանգեցին յստակ ճանապարհ անցած Արցախի բանակցութիւններու ինչ որ ժամանակահատւած, այդ ամբողջը զերոյացնելով որոշեցին Արցախի բանակցային գործընթացը սկսիլ իրենց կէտէն՝ զերոյէն: Յետոյ եկան համոզելու, որ Արցախի կարգավիճակի մեր նշաձողը պէտք է իջեցնել եւ իրենց քաղաքական տհաս մօտեցումներով իսկապէս հրահրեցին 44-օրեայ պատերազմը: Այսպիսով, իբրեւ արդիւնք, մենք ունեցանք հազարաւոր հայորդիներու հեղւած արիւն, կորսւած Արցախ, Արցախի մէջ իրագործւած Ցեղասպանութիւն եւ կենդանի վկան դարձանք Ապրիլ 1915-ին մեր ժողովուրդին ապրած Առաջին Ցեղասպանութեան կրկնութեան: Իրենց քաղաքական մօտեցումներով, Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն իսկ աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանը վերածեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հակամարտող ուժերու բախման կիզակէտին: Եւ այդպիսով Հայաստանին կը բերէին Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի հակադրութեան թատերաբեմ դարձնելու ողբերգական արդիւնքը: Հայաստան շատ փոքր է այսպիսի մեծ տէրութիւններու քաղաքական հակադրութիւններու թատերաբեմը դառնալու համար։ Այս բոլորը, ցաւօք, կը շարունակւին մինչեւ այսօր իրենց աղէտաբեր բոլոր հաւանականութիւններով: Իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեամբ վանեցին եւ կորսնցուցին հայ ժողովուրդին ձեռք բերած դաշնակիցները, անոնց փոխարէն նոր դաշնակիցներ ձեռք չբերելով: Եւ աստիճանաբար այս քաղաքական արդիւնքով Հարաւային Կովկասի մէջ սկսաւ աճիլ թուրքական գործօնը:
Արցախի կորուստը ունեցաւ նաեւ աւելի ցաւալի շարունակութիւն։ Ադրբեջանական նկրտումները կանգ չառին։ Ադրբեջան գրաւեց նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, իր պայմանները սկսաւ թելադրել պահանջելով նոյնիսկ մեր ազգային արժէքներէն հրաժարիլ, մեր Արարատէն իբրեւ խորհրդանիշ հրաժարիլ եւ զայն փոխարինել Արագածով կամ այլ լեռով: Թելադրեց նոյնիսկ մեր սահմանադրութիւնը փոխել, որովհետեւ այդ սահմանադրութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի ինչ որ ակնարկութիւն կայ: Այս իշխանութիւնները այդտեղ ալ կանգ չառնելով այսօր ապազգայնութեան գագաթնակէտը հասնելով Ցեղասպանութեան փաստը նոյնիսկ հարցականի տակ կառնեն։ Այս գահավիժող ընթացքը մեզ կը հասցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հիմքերու խարխլման: Այստեղ ազգովին պարտաւոր ենք ըսել՝ բաւ է, պէտք է կասեցնել յանձնւողականութեան, պարտւողականութեան այս շղթան: Հայ ժողովուրդը այսօր պարտաւոր է իր մէջքը շտկել՝ պարտւողական այս ընթացքը շրջել եւ դէպի նոր ինքնակազմակերպման ընթացք ուղղւիլ:
Այս հեռանկարով եւ այս տեսլականով Հայաստանի ամենապաշտպանւած տարածքէն Տաւուշի շրջանէն ծայր առած «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումը այսօր իր զայրոյթը, իր պահանջքը շատ յստակ դրած է սեղանին, ըսելով, որ բաւական է: Համահայկական այս շարժումը մինչեւ այսօր եւ այս քանի մը շաբաթներու ընթացքին յաջողեցաւ համախմբել ազգային գաղափարախօութեան հաւատացող բոլոր ուժերը։ Այսօր մտաւորականներ, արւեստի գործիչներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, գիտական եւ կրթական հաստատութիւններ համախմբւած են մէկ գաղափարի շուրջ, հեռու մնալով քաղաքական տարաբնոյթ հաշւարկներէ։ Այսօր վերկուսակցական եւ վերքաղաքական ազգային շարժումի մը կոչում ստացած է այս շարժումը։ Շարժում մը, որ սկիզբ առաւ յանուն Հայաստանի անվտանգութեան հաստատման, յանուն հայ ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան, յանուն հայ ժողովուրդի կարողականութիւններու մէկտեղման, յանուն այս պարտւողականութիւնը կասեցնելուն եւ յանուն Արցախի երաշխաւորւած վերադարձի առաջին հիմքերու հաստատման: Այս շարժումը սկիզբ առաւ ընդդէմ պարտւողականութեան, ընդդէմ զիջողականութեան, ընդդէմ Արցախի հարցի ուրացման, ընդդէմ անվտանգութեան հիմքերու խարխլման, եւ այսօր համարձակօրէն կրնանք ըսել, այո՛, պէտք է իսկապէս սկիզբ առնէ հայոց նորագոյն Սարդարապատը:
Եւ այսպէս՝ Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք, Հայաստանի մէջ տիրող այս կացութեան ի տես պէտք է գիտակցինք, որ եղածը չորս գիւղերու կամ ինչ որ սահմաններու խնդիր չէ, այլ հայրենիք ունենալու-չունենալու հարց է։
Ուստի մեր աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի մէջ իրենց բողոքի ճիչը բարձրացուցած հարիւրհազարաւոր հայութեան, կը ձայնակցինք անոր եւ նոր Սարդարապատի յոյսով ու հեռանկարով կը սպասենք Սարդարապատի զանգերու երկրորդ ղօղանջին։
«Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք Սարդարապատից»: