Կրթական hոգեր
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Նախորդ շաբթւան մէջ յայտարարւեցան Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ-համալսարան) մուտքի քննութիւններու արդիւնքները: Յունւարին առաջին առիթ մը տրւած էր դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն մասնակցելու համալսարան ընդունման քննութիւններու. երկրորդ առիթը, գլխաւորը, յունիս ամսուն կայացաւ: Ժամանակին այս քննութիւններուն կը դիմէին 19-20 հազար դիմորդներ. այժմ այդ թիւը նւազած է 12-14 հազարի, հակառակ համալսարաններու բազմացման: Լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող աշակերտները կընդունւին անվճար` պետական պատւէրով, միւսները վճարովի: Արդիւնքները կը վկայեն 271 պետական պատւէրով (անվճար) եւ 6300 վճարովի տեղերու թափուր մնալուն մասին: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը որոշած է յաւելեալ առիթ մըն ալ տալ աշակերտներուն` յուլիս ամսուն, լրացնելու համար բացերը:
Համալսարաններու բազմաթիւ բաժանմունքներ ընդունւած են մատերու վրայ հաշւող թեկնածուներ: Ամենէն աւելի ուսանողներու կարիք ունին Հայաստանի պետական մանկավարժական ու գիւղատնտեսական համալսարանները: Հայաստանի բնակիչները ո՛չ ուսուցիչ կուզեն ըլլալ, ոչ ալ գիւղատնտես:
Բարձրագոյն ուսման նկատմամբ այս անտարբերութեան պատճառները բազմաթիւ են ու խոր: Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին, համալսարանները չեն առաջարկեր ուսանողներու պահանջներուն համապատասխանող դասանիւթեր: Համալսարանը պէտք է հայթայթէ երկրին կարիքներուն համապատասխանող մասնագէտներ, սակայն նկատելի է, որ ուսուցիչներու ծով կարիք կայ, բայց թեկնածու չկայ. ինչպէ՛ս բացատրել ուրեմն, այս անտարբերութիւնը:
Վերջին երեսուն տարիներուն բազմաթիւ բարեկարգումներ կատարւեցան կրթական մարզին մէջ: Խորհրդային Հայաստանի օրերուն դպրոցը տասնամեայ էր, իսկ համալսարանի առաջին մասը` քառամեայ: Ամբողջ աշխարհի մէջ կիրարկւող դպրոցական տասներկուամեայ դրութեան համարկւելու համար, Հայաստան միացաւ եւրոպական երկիրներու կրթական համակարգերը միաւորող Բոլոնիայի համաձայնութեան. Բոլոնիայի համակարգը եւրոպական երկիրներու մէջ տրւող դպրոցական թէ համալսարանական վկայականները իրարու համապատասխան կը դարձնէր:
Դպրոցական տարիները տասնէն նախ տասնմէկ, ապա տասներկու դարձնելով, Հայաստանի մէջ առաջացան միջնակարգ դպրոցներ, մինչեւ իններորդ դասարան եւ աւագ դպրոցներ` տասնէն տասներկու դասարաններով: Աւագ դպրոցի ստեղծումը (ֆրանսական լիսէներու հետեւողութեամբ) կը պահանջէր լուրջ նախապատրաստութիւն. ծրագիր, դասաւանդման եղանակ, ուսուցիչներու վերապատրաստում, եւ այլն: Այդ աշխատանքները կատարւեցան թէեւ, բայց` թերի եղանակով, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի ուսուցիչներու վերապատրաստման: Ուսուցիչները պարտաւորւեցան դասաւանդել այնպիսի նիւթեր, որոնք նախապէս կը դասաւանդւէին համալսարանի առաջին տարիներուն: Աւագ դպրոցներուն մէջ կարելի չեղաւ ստեղծել ուսումնական այն միջավայրը, որ 15-էն 18 տարեկան աշակերտները կը նախապատրաստէ համալսարանական բարձրագոյն ուսման: Աւելցուցէք վրան դասերու նկատմամբ անտարբերութիւնը եւ բացակայութիւններու մեծ թիւը: Աւագ դպրոցը աւարտողը պատրաստ չէ բարձրագոյն ուսման, ձգտում չունի ու կը նախընտրէ կա՛մ դիմել արհեստագիտական դպրոցներ, կա՛մ ալ` ուղղակի առեւտրական շուկայ:
Իշխանութիւնները կուզեն բոլոր համալսարանները համախմբել ակադեմական քաղաքի մը մէջ: Երեւանի մէջ տարտղնւած թէ համախմբւած ակադեմական քաղաքի մը մէջ տագնապին լուծում չեն հանդիսանար: Անհրաժեշտ է վերանայիլ ընդհանուր համակարգը, ինչպէս կըսւի` չափորոշիչերը, եւ կամաւոր «թեսթաւորման» փոխարէն կազմակերպել մնայուն ուսուցման ձեւեր, այսինքն` միջնակարգ ու աւագ դպրոցներու, նաեւ համալսարաններու դասախօսներու վերապատրաստման դասընթացքներ: Կրթական ասպարէզը կարիքը ունի լրջագոյն հետեւողականութեամբ վերանայումի, որպէսզի կարելիութիւնը ունենայ պետական եւ ազգային կարիքներու գոհացման համար պատրաստել մասնագէտներ, որոնք ուշ կամ կանուխ բոլոր մարզերուն մէջ պատասխանատւութիւն պիտի ստանձնեն:
Ազդակ