Դաշնակցական Բեմ

«Իրական Հայաստանը», եւ «իրականանալին»

Խ. Տէր Ղուկասեան

 

Հայաստանի եւ Ադրբեանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի սպասումը մինչեւ հիմա Սամւէլ Պեքէթթի ծանօթ անհեթեթի թատերախաղին, Սպասելով Կոտոյին, սպասման համահունչ կը թւի: Այսինքն՝ թէկուզ եւ սպասւած անձը/առարկան, այս պարագային՝ Կոտոթ/խաղաղութեան համաձայնագիրը, չգայ, սպասումը ինքնին կրնայ նոյնանալ այն անձ/առարկային հետ որ… կը սպասւի: Թէեւ այս պարագային կրնայ համաձայնագիրը գալ բայց խաղաղութեան սպասումը թատերախաղի շարունակումը ապահովէ:

Հարցը այնքան ալ տրամային չէր ըլլար անշուշտ եթէ առընչակից չըլլար «իրական Հայաստան»ի գալստեան: Աւելի ճիշդը՝ յստակ չէ թէ «իրական Հայաստա՞ն»ն է որ խաղաղութեան համաձայնագրին գալուստը պիտի աւետէ, թէ հակառակը՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը ծնունդ պիտի տայ «իրական Հայաստան»ին: Մինչեւ հիմա «իրական Հայաստան»էն կոնկրետ ունինք մաքէթ մը եւ, ինչպէս Կարէն Խանլարեան Դիմատետրային իր երեք իրերայաջորդ գրառումներով Յուլիսի սկիզբին կը բանաձեւէ, «գաղափարախօսութիւն» մը: Հայաստանի (յստակ չէ առայժմ «իրական» թէ այլ…) տարբեր շրջաններուն մէջ մաքէթի վերնիսաժացման պատասխանատւութիւնը իր վրայ վերցուցած է նոյնինքն Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որուն մօտ ալ պահ դրւած է կարծես մաքէթին օրիժինալը:

«Իրական» Հայաստանի հասկացողութիւնը, կամ անոր գաղափարախօսութիւնը, կը բացառէ իրականանալի Հայաստանի մը ընկալումը որպէս ոչ-իրական, որպէս ինքնախաբէութիւն, որպէս վտանգաւոր ցնորամտութիւն կամ ութոփիա: «Իրականանալի» յղացքը սակայն կրնայ մեկնաբանւիլ շատ տարբեր: Իրականանալի են, ինչպէս վերլուծած է Սփիւռքի մտածող Վազգէն Եթիէմեզեան, «մարդու հոգեխառնութենէն եւ հոգեբանական կառոյցէն ծնունդ առած բոլոր հեռանկարները, որ մարդկային ճիգերով իրականանալու յոյսը կու տան, բայց դեռ չեն իրականացած»: Այդ «մտայղացում-իրականացում զոյգ»ի բարդագոյն հանգրւանին, կը հասնինք «երբ անոնց սկզբնաղբիւրներն հանդիսացող հոգեխառնութիւնն ու հոգեկան կառոյցն ալ մարդկային ճիգերով կատարելագործելի համարենք եւ այս հեռանկարը ընկերային կեանքի մէջ իրականացնել կը փորձենք:» Ատոր համար ալ անհրաժեշտ են «այդ հաւաքականութեան հոգեխառնութիւնն ու տւեալ պահու մտահոգութիւնները իւրացւցած անձերով, որոնք, այդ հոգեխառնութեան ազատ զարգացման ի խնդիր, անոր պարտարդրած կաշկանդումները յաղթահարելու իղձը, ցանկութիւնը կամ ներքին մղումը կ’ունենան:» Այս գրառումը, որ խորագրւած է «Իրականանալին», մաս կը կազմէ Վարազդատ ստորագրութեամբ Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակի մէջ Վազգէն Եթիէմեզեանի «Շաբթւան մտածումը» գրութիւններու շարքին (ԺԴ. տարի, թիւ 15, 24 Ապրիլ 1983), որոնք առանձին հատորով Վիգէն Աւագեանի խմբագրութեամբ հրատարակւած են 2023-ին, Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Պէյրութի Վահէ Սէթեան տպարանէն:

Վազգէն Եթիէմեզեանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի ամենավճռական այդ ժամանակաշրջանին հայ քաղաքական մտածողութիւնը կերտող միւս մտաւորականներուն համար, «իրական» Հայաստանը բանավէճի ու քննարկման նիւթ չէր կրնար ըլլալ: Կար Խորհրդային Հայաստանը որպէս քաղաքական իրականութիւն, կար Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, որ այն ժամանակ կեդրոնացած էր «մոռցւած» Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջնախնդրին վրայ, եւ կար հարցականի տակ չդրւող պատմական, ամբողջական Հայաստանը, որպէս այն «հոգեխառնութիւնը» որուն կ’ակնարկէ Եթիէմեզեան, եւ կը զգուշացնէ որ անոր «բացակայութեան, հաւաքականութիւնը կասկածամիտ եւ վերապահ դիրքեր կ’որդեգրէ: Հարց կը տրւի, օրինակ, եթէ իրականանալի համարւող հեռանկարները իսկապէս իրականանալի՞ են, թէ ցնորածին: Նման հաւաքականութեան մը համար, նորարական, յառաջատւական եւ ապագայապաշտ ամէն ձգտում առօրեայ հանգիստը խռովող երեւոյթ է:» Ահա թէ ինչո՛ւ Եթիէմեզեան «այս հոգեխառնութիւնը իւրացնելու ամէնէն արագ եւ յառաջատւական եղանակներուն մասին» մտածելը հրամայական կը գտնէ, «որպէսզի իրականանալի մեր գերագոյն հեռանկարին առաջին հանգրւանը նւաճած ըլլանք:»

Կը թւի թէ «իրական» Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը կը թիրախաւորէ ճիշդ այս հոգեխառնութիւնը: Իր ցոյց տւած մաքէթին ընկերացած խօսոյթով, Փաշինեան չ’ակնարկեր ադրբեջանական սպառնալիքին դիմադրողականութեան: Ընդհակառակը՝ կ’ենթադրէ այդ դիմադրողականութեան անկարողութեան, ընդ որում պատերազմի սպառնալիքի չէզոքացման միակ ուղի կը նկատէ միակողմանի զիջումները: Այլապէս, այսինքն եթէ պատերազմի աւարտին նպատակադրւէր ադրբեջանական սպառնալիքի չէզոքացումը, պիտի իւրացւէր իրականանալի Հայաստանի մը համար անհրաժեշտ հաւաքական հոգեխառնութիւնը որպէս «առաջին հանգրւան»: Եւ այդ կը նշանակէ ճիգերը կեդրոնացնել այդ ուղղութեամբ՝ պաշտպանական համակարգի վերակազմաւորումէմ մինչեւ դիւանագիտական ոլորտի մէջ Ադրբեանի ներկայացում որպէս նախայարձակ, ներքաղաղական համաձայնութենէն մինչեւ Սփիւռքի ներգրաւում, իրապաշտօրէն ձգտելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն թշնամի ուժերու դուրս բերման եւ նոր յարձակումներու զսպումի կարողականութեան (վերա)կերտումի:

Այսինքն՝ եթէ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին անմիջականօրէն յաջորդած հանգրւանին, երբ «վնասուց վերահսկողութեան» (damage control) քաղաքականութիւն մը անհրաժեշտ էր ժամանակ շահելու եւ պարտութեան պատճառած շոքային հոգեվիճակէն դուրս գալու համար, որդեգրւէր քաղաքականութեան այս այլընտրանքը, թերեւս եւ բացառւէր իրականանալի Հայաստանի իրապաշտութիւնը ժխտող «իրական» Հայաստանի պարտւողական խօսոյթն ու անոր համապատասխան յանձնւողական հոգեխառնութիւնը:

Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աւարտէն ի վեր յանձնուողական հոգեխառնութեան արմատաւորման առաջքը առնելը պարտւած իշխանութիւններուն ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու մեծագոյն մարտահրաւէրն է: Տիրող համոզում է որ յանձնւողական հոգեխառնութեան բացառումը, կամ այլեւս երեւի յետաշրջումը, պայմանաւորւած է իշխանափոխութեամբ: Սխալ չէ այս տրամաբանութիւնը: Կը մնայ որ հիմնականը յանձնւողական հոգեխառնութեան յետաշրջումն ու իրականանալի Հայաստանի հոգեխառնութեան վերականգնումն է, ինչ որ, տրամաբանականօրէն, իշխանափոխութեան կամ առնւազն պարտութիւնը շարունակող քաղաքականութեան կասեցման պիտի առաջնորդէ: Հաւու թէ հաւկիթի առաջնութեան տրամաբանութեան պարզունակութեամբ պէտք չէ ընկալել այս մօտեցումը: Պարզապէս հարց տալ եթէ կան իրապաշտօրէն «իրականանալի» նպատակներ որոնց կարելի է ձգտիլ ի հեճուկս պարտւած իշխանութիւններուն, եւ անոնց հասնելու շօշափելի փաստերով սկիզբ տալ հաւաքական հոգեփոխութեան:

Եթէ Հայաստանի ներքաղաքական երկպառակտումը այնքան խոր է որ հաւաքական հոգեփոխութիւնը կարելի չէ դուրս բերել իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բախումէն, ապա եւ Սփիւռքի մէջ, ուր Հայաստանի ներքաղական գործընթացին վրայ ազդելու ոչ մէկ լծակ կայ եւ, ընդհակառակը, եթէ տարակարծութիւնները դուրս գան փոխ-հանդուրժողական բանավէճի սահմաններէն կրնան պատճառ դառնալ համայնքներու մէջ վտանգաւոր պառակտումներու, իրապաշտ «իրականանալի» նպատակներուն ձգտիլը հրամայական կը թւի վերագտնելու համար այն զօրաշարժի կարողականութիւնը որուն փաստը տրւած է բազմիցս: Նման առաջադրանք, որ հիմնւած է հայութեան լինելութեան հարցերու սփիւռքեան մօտեցման եւ յանձնառութեան առկայութեան համոզումին վրայ, չ’ենթադրեր խզում՝ հայրենիքի մէջ ծաւալած բանավէճին թէ կոնկրետ քաղաքական գործընթացներուն հետ: Ընդհակառակը, թերեւս ձեւ մըն է բանավէճի տարածադաշտի ընդարձակման եւ Սփիւռք-հայրենիք փոխազդեցութեան միջոցի մը ստեղծումին՝ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկբեւեռումէն անդին՝ հասարակական/քաղաքացիական աւելի ընդարձակ ոլորտին մէջ:

Վազգէն Եթիէմեզեանն ու իր ժամանակակից Սփիւռքի մտաւորականները ստեղծեցին քաղաքական մտածողութիւն եւ անոր յատուկ ամբողջ բառապաշար մը, որոնք յատկանշեցին Հայ Դատի պահանջատիրութեան տարիներու հաւաքական հոգեխառնութիւնը: Աւանդ մնացած ամբողջ ժառանգ մը կայ, որ անհրաժեշտ է վերաթարմացնել ի խնդիր Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութեան եւ գործին ինքնուրոյնացման, թէկուզ եւ, կամ թերեւս որպէսզի…, այդ մտածողութիւնն ու գործը հայաստանեան հայելիին ընդմէջէն դիտելու «առօրեայ հանգիստ»ը (Եթիէմեզեանի գործածած բանաձեւումի յղումով), եթէ ոչ լճացումը, խանգարուի:

Հորիզոն

Related Articles

Back to top button