Դաշնակցական Բեմ

Պատերազմի դադրեցման համար պահանջները չափազանցւած են

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Իսրայէլ կը շարունակէ պատերազմիլ երկու ճակատներու վրայ` Գազայի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի դէմ եւ Լիբանանի մէջ «Հեզբօլլահ»-ի դէմ: Գազայի մէջ զինադուլ հաստատելու եւ առեւանգւածները ազատագրելու համար տարւած բանակցութիւնները ձախողեցան եւ մոռցւեցան: Իսրայէլ որոշած է բնաջնջել ՀԱՄԱՍը եւ իբրեւ արդիւնք ՀԱՄԱՍի վերացման ազատագրել առեւանգեալները: Գազայի պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ չկան. Գազայի մէջ ռմբակոծումները եւ բախումները այլեւս ունին մոռցւած պատերազմի մը յատկանիշը: Այժմ լուսարձակները ուղղւած են դէպի Լիբանան, ուր Իսրայէլ անխնայ ռմբակոծումներով կը փորձէ փչացնել «Հեզբօլլահ»-ի ամբողջ կարողականութիւնը. ղեկավարներու սպանութիւն, զինապահեստներու քանդում եւ նոյնիսկ դրամական միջոցներու չքացում: «Հեզբօլլահ» կը դիմադարձէ Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելով եւ անօդաչու սարքեր ղրկելով:

Զուգահեռաբար, տեղի կունենան անուղղակի բանակցութիւններ պատերազմը դադրեցնելու համար: Բանակցութիւններու գլխաւոր միջնորդը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն են: Իսրայէլի պահանջը «Հեզբօլլահ»-ի ապազինումն ու սահմանային գօտիէն հեռացումն է, Լիբանանինը` պատերազմին դադրեցումը:

Փոխադարձ պահանջներու այս պարզ ձեւակերպումը չի համապատասխաներ բանակցութիւններու իրական պարունակութեան: 2006 թւականին Իսրայէլի եւ «Հեզբօլլահ»-ի միջեւ պատերազմը աւարտած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի որդեգրումով: Ըստ այդ բանաձեւին, երկու կողմերը սահմանային գօտիէն ներս զերծ պիտի մնային զինւորական գործողութիւններ կատարելէ, մասնաւորաբար «Հեզբօլլահ»-ն իր զինեալ ուժերը պիտի հեռացնէր մինչեւ Լիթանի գետը, լիբանանեան բանակը պիտի փոխարինէր զայն սահմանային գօտիին մէջ: Զինադուլի այս համաձայնութեան պիտի հսկէին Լիբանանի հարաւը հաստատւած ՄԱԿ-ի ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը, աւելի քան 10000 հաշւող բազմազգ զօրքով (որոնց մէջ` հայկական զօրագունդ մը): Թէ՛ Իսրայէլ, եւ թէ՛ Լիբանան, յանձին «Հեզբօլլահ»-ի, չյարգեցին այս որոշումը: Իսրայէլ շարունակեց չյարգել Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը, «Հեզբօլլահ»-ն հակադարձեց մասնակի ռմբակոծումներով եւ սահմանային գօտիին մէջ զինական ամրութիւններ ստեղծելով: ՄԱԿ-ի ուժերը բաւականացան դիտելով եւ Ապահովութեան խորհուրդին տարեկան տեղեկագիր մը յղելով: ՄԱԿ-ը, յաջորդական 17 անգամ տարիով երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը:

«Հեզբօլլահ»-ի որոշումը` հարաւային Լիբանանէն ճակատ մը բանալու, օժանդակելու համար Գազայի մէջ կռւող ՀԱՄԱՍին, բարդացուց կացութիւնը: Իսրայէլ, գրեթէ տարի մը տեւած զգուշութեան պահանջներէ ետք, որոշեց իրեն յատուկ բիրտ ուժով լռութեան մատնել «Հեզբօլլահ»-ն:

Լիբանանեան պետութիւնը բախումներու առաջին օրերէն յայտարարեց թիւ 1701 որոշումը ամբողջական կերպով գործադրելու իր յանձնառութեան մասին, փոխան իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման: Որոշման հեղինակը կառավարութիւնն է, իսկ կռւողը` «Հեզբօլլահ»-ն: «Հեզբօլլահ»-ն մաս կազմելով կառավարութեան, անուղղակիօրէն յանձնառու է որոշման գործադրութեան. այս յանձնառութիւնը կը նշանակէ, որ «Հեզբօլլահ» գիտակից է, որ չի կրնար, ինչպէս 2006-ին, յաղթանակ արձանագրել Իսրայէլի դէմ: Գաղթականական հսկայ ալիքը վկայ:

Իսրայէլ այժմ չուզեր գոհանալ թիւ 1701-ի գործադրութեամբ: Բացի «Հեզբօլլահ»-ի հեռացումէն եւ 8000 լիբանանեան բանակայիններու տեղաբաշխումէն, ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւններու յաւելումէն եւ սահմանին երկու կողմերը գաղթականներու վերադարձէն, Իսրայէլ երկու յաւելեալ պահանջներ կը դնէ դիւանագիտական լուծում մը ընդունելու համար: Առաջին պահանջը Իսրայէլի տրւած իրաւունքն է գործնական միջոցառումներու դիմելու` վստահ ըլլալու համար, որ «Հեզբօլլահ» չի վերազինւիր եւ չի վերականգներ իր մարտական ամրութիւնները. այսինքն` լիբանանեան հողին վրայ ոստիկանի դեր կատարել: Երկրորդ պահանջը կը վերաբերի Լիբանանի օդային տարածքի ազատ օգտագործման իսրայէլեան բանակին կողմէ:

Երկու պահանջներն ալ կը խախտեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը: Այս պայմաններու ընդունումը Լիբանանը կը վերածէ Իսրայէլի կողմէ գործնապէս վերահսկւող երկրի: Որեւէ երկիր չի կրնար իր անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը կորուստի մատնող նման պայման ընդունիլ: Եթէ ամերիկացիները անկեղծ են, պէտք է համոզեն Իսրայէլը հրաժարելու իր չափազանցւած պահանջներէն, տալով երաշխիքներ, որոնց մէջ կարեւորագոյնը լիբանանեան բանակին զինումն է եւ սահմանը պահելու կարողականութեան զարգացումը: Այլապէս, վկայ պիտի դառնանք ձախողման ու պատերազմին շարունակման:

Related Articles

Back to top button