ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ԱՃՈՒՐԴԻ ՀԱՆՒԱԾ Է…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մօտաւորապէս 10 օր ետք, ամերիկացիք քւէատուփ պիտի երթան, ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը, խորհրդարանական ներկայացուցիչներ եւ քւէ տալու այս կամ այն օրինագիծին: Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ լուսարձակները առաւելաբար կենտրոնացած են նախագահի յաւակնորդներուն եւ անոնց մղած ընտրապայքարին վրայ:
Եթէ մրցակիցներուն (առաւելաբար Թրամփի) ցնդաբանութիւններէն եւ այլանդակ յայտարարութիւններէն բարձրացած աղմուկէն ու փոշիէն անդին նայինք, տեսանելի կըլլայ, որ նախագահական աթոռի աճուրդի հանւած է (իսկ պարզ է թէ ցնդաբանութիւնները յաճախ կը սարքւին՝ էական հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու դիտաւորութեամբ): Սա նորութիւն չէ, սակայն տարւէ տարի այս աճուրդը առանց քողարկումի կըլլայ, ամօթի որեւէ զգացումէ ձերբազատած է ինքզինք: Աղաղակող դարձած է, թէ ընտրապայքարի համար առաւելագոյն գումարը հանգանակո՛ղն է որ կը մտնէ Սպիտակ Տուն, անկախ, թէ ի՞նչ արժանիք ունի (եթէ ունի), կամ՝ արդեօք օրինազա՞նց է, ստախօ՞ս, կամ իրազե՞կ՝ պաշտօնին պահանջներուն:
Որպէսզի «օդէն չխօսինք», արձանագրենք քանի մը փաստ. Քամալա Հարիս 5 օգոստոսին մտաւ ընտրարշաւի դաշտ: Հիմա, դեմոկրատները կը յոխորտան, որ նւազ քան 3 ամսւան մէջ, յաջողած է հանգանակել մէկ միլիարդ դոլար (մի՛ հարցնէք, թէ այդ գումարները ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը ծախսւին, ո՞վ է շահողը): Հիմա, վերջին օրերուն, դեմոկրատները օրական քանի մը կոչերով դրամ կը մուրան համակիրներէ, որպէսզի Թրամփ յաջողութեան չհասնի:
Հանրապետականները կը փորձեն ետ չմնալ: Թրամփ ո՛չ միայն նոյնանման արշաւի կը դիմէ, յենած է իր հարստութեան, այլ իր կողքին շահած է քանի մը միլիարդատէրեր, որոնք օր-ցերեկով դրամ կը բաժնեն, հսկայական գումարներ կը նետեն ընտրական կրկէսին մէջ (մի՛ հարցնէք, թէ հետագային քանի՛ պատիկը վերաշահելու համար):
Մէկ խօսքով, ինքզինք ժողովրդավարութեան եւ մարդկային ամէն տեսակի իրաւունքի պաշտպան հռչակած երկրին մէջ նախագահական աթոռին կը հասնի, կրնայ հասնիլ ան՝ որ աւելի՛ հարուստ կը խաղայ: Նախորդ քանի մը ընտրապայքարներն ալ փաստած են այս իրականութիւնը: Օրինակ, Օբամա 2008-ին հանգանակութեան մրցանիշ հաստատեց. ըսւեցաւ, որ ան մօտաւորապէս մէկ միլիարդ դոլար գոյացուցած էր (մրցակիցներէն շա՜տ աւելի), եւ մտաւ Սպիտակ Տուն: «Աւանդութիւն»-ը շարունակւեցաւ: Ի դէպ, ան նախապէս խորհրդարանի անդամ էր, ու երբ ընտրւեցաւ ու այդ աթոռը թափուր մնաց, Իլինոյի կառավարիչը աճուրդի հանած էր անոր աթոռը եւ… դատական հետապնդումի ենթարկւեցաւ իբրեւ չարաշահ օրինազանց: Հիմա, նման օրինազանցութիւններ պաշտօնական կնիք կը կրեն եւ կը կատարւին օր-ցերեկով, հրապարակաւ, առանց խպնանքի կամ հետապնդումի, ընողն ալ հերոս կը դառնայ, ինչպէս… նոյնիքն Թրամփ, որուն 6 յունւարի 2001-ի շահատակութիւնները ամրագրւեցան պատմութեան մէջ:
Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն: Քւէի ի՜նչ իրաւունք: Ու մարդիկ, բարեմիտ մարդիկ կը հաւատան, թէ ընտրւողները իրենց քւէով կը հասնին պաշտօնի (իսկ թէ անկէ ետք ի՞նչ կընեն, խորքին մէջ՝ ի՞նչ չեն ըներ՝ իրենց խոստումները իրականացնելու համար՝ բոլորովին այլ պատմութիւն է): Աճուրդին գլխաւոր մասնակիցները հսկայական գումարներու տիրապետող ընկերութիւններն են ու խմբաւորումները՝ շահու, չարաշահութեան դաշտերու մէջ մրցակիցները, եւ ըստ էութեան՝ անոնք է որ վեր-վար կը խաղցնեն թեկնածուները, անոնց դիմաց կը տնկեն իրենց պահանջներուն ցուցատախտակները, յաղթանակ կը շնորհեն անոր (անոնց), որ կը խոստանայ առաւելագոյնն գոհացում տալ այդ պահանջներուն, դուք հասկցէք՝ շահու ակնկալութիւններուն: Ո՛չ ոք նստած ու հաշիւը պահած է, թէ իսկապէս քանի՞ միլիարդ դոլար «կը խաղայ» ընտրապայքարի քուլիսներուն, սակարանին մէջ:
…Իսկ փոքր երկիրներու մէջ, երբեմն մե՜ծ աղմուկ կը բարձրանայ փոքրագումար ընտրակաշառքի պատճառով: