ՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. Ցամաքն ու ծովը, բայց ոչ՝ օդը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Իսրայէլ այցելութեան եւ յատուկ պատւիրակին Լիբանան ժամանումի նախօրեակին Թել Աւիւ Վաշինգտոնին փոխանցեց իր նախապայմանները՝ հրադադարի համաձայնութեան:

1701-ի որոշումը խախտող հիմնական կէտերէն կը նկատւի Իսրայէլի պայմանը՝ Լիբանանի օդային տարածքը վերահսկելու: Այս պահանջը փորձենք դիտարկել Լիբանանի սահմաններու ընդհանուր վերահսկողութեան առաջադրանքին պարունակին մէջ:

Այսպէս. երկարատեւ ու ձգձգւած բանակցութիւններէ ետք, տեղի ունեցաւ Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանազատումը, ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման օրակարգով: Պարզ է նաեւ, որ յատկապէս վերջին ռազմական գործողութիւններէն ետք, Իսրայէլ ծովային վերահսկողութիւն ունի դէպի Լիբանան մօտեցող նաւերուն ուղղութեամբ: Պատերազմին տարածաշրջանային տարողութիւն չստանալու նպատակով կամ պատրւակով ամերիկեան ռազմանաւեր կը հսկեն Միջերկրականի վրայ: Բնականաբար անոնց գործառոյթը հսկել է նաեւ դէպի Լիբանան ուղղւող ամէն տեսակի օժանդակութիւններուն:

Ցամաքային ուղղութիւնը կը շարունակէ մնալ թէժ եւ մարտերու կիզակէտ: Այստեղ առաջադրանքը ոչ միայն «Հեզբօլլահ»-ի ուժերու, այլ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի զօրքերու նահանջն է եւ իսրայէլեան բացարձակ վերահսկողութեան հաստատումը՝ արգելակիչ գօտիի ձեւաւորումով (պաֆըր զոն):

Այս երկուքը իրականացնելէ ետք, Իսրայէլ հիմա պաշտօնապէս կը պահանջէ նաեւ միջազգային թոյլտւութիւն Լիբանանի օդային տարածքը եւս վերահսկելու եւ այնտեղ իր ուզած պահուն ռազմական օդանաւերու ազատ շրջագայութիւն կատարելու: Ընդհանուր առաջադրանքը ուրեմն, Լիբանանը վերահսկողութեան տակ առնել է թէ՛ ծովէն, թէ՛ ցամաքէն եւ թէ՛ օդէն:

Ամերիկացի պատւիրակին յայտարարութիւնները քանի մը առանցքային կէտ կը ներառեն: Առաջինը այն, որ 1701-ի վերախմբագրումի հարց չկայ: Առաջին հայեացքով այս մօտեցումը կը հակասէ Թել Աւիւի կողմէ պահանջւած օդային վերահսկողութեան հաստատման: Սակայն այլ կէտով, Հոքշթայն կը խօսի այնպիսի համաձայնութեան մը մասին, որ տեւական պիտի ըլլայ եւ որեւէ ձեւով առիթ պիտի չտայ որոշ ժամանակ անց հակամարտութեան վերաբռնկումին: Այդ յարատեւումին համար Իսրայէլ արդէն փոխանցած է իր պայմանը Միացեալ Նահանգներուն:

Երկրորդը այն է, որ հակամարտող կողմերուն 1701-ին կառչած մնալը բաւարար չէ զինադուլին կամ խաղաղութեան հաստատման: Երրորդը կը կապւի ուղղակիօրէն երկրորդին, ուր կըսւի, թէ Լիբանանի ճակատագիրը այլ հակամարտութիւններու կապելը ի շահ լիբանանցի ժողովուրդին չէ:

Երկրորդ եւ երրորդ կէտերու արծարծումով ամերիկացի պատւիրակը, առանց «Հեզբօլլահ» եզրը օգտագործելու, խորքին մէջ սլաքը կուղղէ անոր: Կողմերը՝ իսրայէլեան եւ լիբանանեան կառավարութիւններն են, որոնց կառչածութիւնը 1701-ին բաւարար չէ: Կայ խանգարիչ կողմ, որ ըստ Հոքշթայնի, կը խանգարէ 1701-ի գործադրութիւնը: Եւ ասկէ կը բխի յայտարարութեան այն բաժինը, որ բանակցութիւնները 1701-ի գործադրութեան շուրջ պիտի ըլլան եւ ոչ թէ անոր վերաշարադրանքին: Այսինքն, այս տրամաբանութեամբ, խանգարիչ տարրին չէզոքացման:

Յայտարարութեան կէտերու տրամաբանութեան շարունակութիւնը կը նկատւի նաեւ այն, որ ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, լիբանանեան բանակը ի վիճակի է պաշտպանելու երկրին բոլոր սահմանները: Դարձեալ առանց «Հեզբօլլահ»-ն մատնացոյց ընելու, ըսել կուզւի, որ «Հեզբօլլահ»-ի ուժերը պիտի փոխարինւին լիբանանեան բանակով, որ պիտի ստանձնէ սահմանը պաշտպանելու իր գործառոյթները:

Այս կէտը եւս կը տեղաւորւի 1701-ի սահմաններուն մէջ: Հոքշթայն սակայն կարծարծէ 1701-ի լիբանանեան պարտաւորութիւնները: Չի խօսիր Իսրայէլի առաջ քշած նախապայմանին մասին՝ Լիբանանի օդային տարածքը իր կողմէ ճշտւած պահերուն ազատօրէն օգտագործելու առումով:

Մանաւանդ երբ կը շեշտէ, որ լիբանանեան բանակը կարողութիւնը ունի պաշտպանելու ցամաքային սահմաններն ու նաւահանգիստը: Այսինքն, ցամաքն ու ծովը: Իսկ օ՞դը:

Լիբանանեան օդային տարածքներու լիբանանեան բանակին կողմէ պաշտպանելու գործառոյթի շրջանցումը կը համընկնի իսրայէլեան պահանջին հետ: Այսպիսով, իբրեւ բանակցային սկզբունք կորդեգրւի 1701-ի ընտրովի կէտերու գործադրութիւնը:

Պաշտօնական Բէյրութը կառչած է 1701-ի ամբողջական բնագիրին եւ անոր գործադրութեան հրամայականին: Մինչ միջնորդը խօսելով հանդերձ անոր բարեփոխումը անհրաժեշտ չնկատելու մասին, ըստ էութեան հետամուտ է անոր ընտրովի կէտերու կիրարկումին:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button