ԿՈՉ ԵՆՔ ԱՆՈՒՄ ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆԸ ԼԻՆԵԼ ԶԳՕՆ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՍԻՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆԸ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
![](/wp-content/uploads/2024/12/5710-780x470.jpg)
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօն խոր մտահոգութեամբ կը յետեւի Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սիրիոյ մէջ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն։ Մեր մտահոգութեան եւ ուշադրութեան հիմնական կենտրոնը յատկապէս Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սիրիոյ տարածքին հայ համայնքին անվտանգութիւնը ապահովելն ու առօրեայ տանելի պայմաններ ստեղծելն է։ Այս նպատակով ՀՅԴ Բիւրօն մշտական կապի մէջ է համայնքին տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ, որոնք իրենց առաւելագոյնը կընեն այս ուղղութեամբ։ Նոյն նպատակով կապի մէջ ենք նաեւ հայ հոգեւոր պետերուն եւ տարբեր քաղաքական շրջանակներու հետ։
Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սիրիոյ մէջ կացութիւնը յարափոփոխ է։ Կոչ կուղղենք աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին ըլլալ զգօն եւ պատրաստ՝ ամէն ձեւի օժանդակութիւն տրամադրելու սիրիահայ համայնքին։
Յաջորդ օրերուն յաւելեալ բացատրականով ու նախաձեռնութեամբ կը դիմենք մեր ժողովուրդին։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
1 Դեկտեմբեր 2024