Գազացիք ու լիբանանցիք կը վերադառնան… իսկ Հայաստանի մէջ՝ Բանակի օր
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Վախկոտը ամէն օր է մեռնում, իմացէ՛ք
…Հողը արիւնով են փրկում, իմացէ՛ք»
Քանի մը օրէ ի վեր, աշխարհի բաց աչքերուն առջեւ տեղի կունենան մեծերու «տրամաբանութեան» անյարիր դէպքեր: Գազացիք իրենց աւերակւած աւաններն ու բնակարանները կը վերադառնան, կը յայտարարեն, որ վճռած են չլքել իրենց հայրենի հողը, վերականգնել քանդւածն ու իրենց կեանքը: Գազան աւելի քան 60 առ հարիւրով աւերակւած է…
Նոյնը կընեն լիբանանցիները, որոնք հալածւած էին մասնաւորաբար Հարաւային Լիբանանի իրենց քաղաքներէն եւ տուներէն: Հարաւային Լիբանանը եւ Բէյրութի հարաւային արւարձաններն ալ նման են աւերակւած Գազային: Հոն, տեղի կունենայ յատուկ նշանակութեամբ զարգացում մը. բանակն ու դիմադրութեան ուժերը կանգնած են վերադարձողներուն կողքին, որոնք գազացիներուն պէս վճռած են չլքել իրենց տունն ու հողը, հայրենի՛քը:
Թէ՛ Գազայի եւ թէ Լիբանանի մէջ, երկարատեւ պայքարը (խօսքը միայն վերջին փուլին մասին է) շա՛տ սուղ արժեցին. Բիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ, աւեր ու փլատակներ, բայց ահա երկու գօտիներուն մէջ ալ ճնշւածներն ու բռնագաղթի հանւածները զօրակիցներ կը գտնեն ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ (այլօրինակ հաշիւները պահ մը մէկդի թողունք): Հայրենի հողին պաշտպանութեան գաղափարը կը մարմնաւորւի գետնի վրայ: Դիմադրողները կը յայտարարեն, որ եթէ իրենք որոշ չափով տկարացած են ներկայիս, Իսրայէլ չէ յաղթանակած, որովհետեւ անոր յայտարարւած վախճանական նպատակները ձախողութեան մատնւած են: Վերականգմումի եւ պայքարը վերսկսելու կամքը աւերակներուն տակ չէ թաղւած:
***
Հորիզոնը վարդագոյն չէ: Տուն դարձողները «կը դիմաւորւին» իսրայէլեան բանակի կրակոցներով: Թէ՛ Գազայի եւ թէ Լիբանանի մէջ, կարձանագրւին նոր զոհեր ու վիրաւորներ: Լիբանանեան բանակը կու տայ զոհ: Իսրայէլ հազար ու մէկ անհեթեթ պատճառաբանութեամբ կը վերաբանայ շահատակութիւններու նոր էջեր եւ, աւելին, յարձակումներու կը ձեռնարկէ նա՛եւ Արեւմտեան Ափին մէջ, հոն ալ կիյնան նոր զոհեր ու վիրաւորներ…
Զինադուլ(եր)ը ապահովողները աւելի՛ կրաւորականութիւն կը ցուցաբերեն, քան զինադուլի պայմաններուն իրականացումը: Դիմադրողները կը յայտարարեն, որ կացութիւնը կրնայ դարձեալ բռնկիլ, եւ անոր պատասխանատուն պիտի ըլլայ զինադուլը խախտողը, չյարգողը: Վաղը, եթէ վատթարացում տեղի ունենայ, արեւմտեան աշխարհի շեփորահարները կրնան դարձեալ այպանել ճնշւողը, ջարդւողն ու հալածւողը, տունդարձի իրաւունքէն զրկւողը: Անոնց ի՜նչ հոգը, թէ զինադուլէն ասդին բազմահարիւր զոհեր ու վիաւորներ աւելցած են…
Կայ իրական ողբերգութեան մէկ այլ տարածքը: Սպիտակ Տուն վերադարձած «նարնջագոյն մարդը» անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ իսրայէլացի ջարդարարներուն, կը յանձնարարէ «մաքրել» Գազան, եւ Եգիպտոսի ու Յորդանանի կոչ կընէ պաղեստինցի գաղթականներ ընդունելու, աւելին՝ նոր կանաչ լոյսեր կը բանայ Իսրայէլի բնակեցման քաղաքականութեան դիմաց: Ամերիկեան նոր աշխարհակալութեան հետամուտ մարդը չի մտածեր գաղթականներու ողբերգութիւնը դարմանելու մասին, այլ կաշխատի 1948-էն ի վեր փուլ առ փուլ ծանրացող տագնապը նոր «բարձունքներու» հասցնել (կրնանք խօսիլ նաեւ այլ գաղթականներու տագնապին մասին): Լիբանանի ալ գաղթականներէն բաժին պիտի հանւի՞ արդեօք. չէ՞ որ հոն ալ կան Սապրան ու Շաթիլան՝ իրենց (քողարկւած) արիւնալի պատմութիւններով…
***
Եւրոպական լրատու աղբիւրներ երկարատեւ հաղորդումներ կը ներկայացնեն «Հոլոկոստ»-ի 80-ամեակին առիթով տեղի ունեցած յուշահանդէսի մը մասին: Սա այն սպանդն էր, որուն ձեռնարկած Հիտլեր մը կը յոխորտար, թէ «հայերու ջարդերը յիշող չկայ», եւ կը մտածէր, որ իր ըրածներն ալ կրնան մոռացութեան տրւիլ:
Չենք ուզեր իդէալականացնել կամ առանձնացնել հրեաներու հաւատարմութիւնը՝ իրենց զոհերուն յիշատակին. ճափոնցիներն ալ ամէն տարի կոգեկոչեն Հիրոշիմայի եւ Նակազակիի սպանդները, կան իրենց անմեղ զոհերը չմոռցող այլ ժողովուրդներ, իրաւունմքներու պաշտպաններ: Տեղ մը հրեաները, ճափոնցները, լիբանանցիք ու գազացիք կը նոյնանան՝ դաժան պատմութիւնը չընդունելու իրենց կամքին մէջ:
***
Իսկ ի՞նչ տեղի կունենայ մեր «Փոքր ածու»-ին մէջ:
Ի՜նչ զուգադիպութիւն: Լիբանանի ու Գազայի յիշեալ իրադարձութիւնները տեղի կունենան Հայկական Բանակի օրւան (28 յունւար) նախօրեակին, Օր մը՝ որ կանշքանայ տարւէ տարի, բանակին փայլը կը տժգունի տարբեր մակարդակներու եւ գիծերու վրայ, այնքան մը, որ անոր յիշատակումն ալ կարծէք թէ կը սահմանափակւի «առ ի պարտականութիւն» խօսքերով, ի ցնծութիւն՝ Հայաստանը առանց պաշտպանող բազուկի տեսնելու թուրք-ազերիական զինակցութեան:
Արցախի ժողովուրդին բռնագաղթն ու Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու «ազերիացումը», սահմանափակ բռնագաղթերը (ընդհանրապէս կը մնան մեծ աղէտին շուքին մէջ) փուլ առ փուլ տեղի ունեցած էին Գազայի ու Լիբանանի նորագոյն ողբերգութիւններէն առաջ: Արցախցիք ալ յանձնառու են տունդարձի ընտրանքին, սակայն ո՛չ Երեւանի իշխանաւորները, ո՛չ ալ Արցախի իրաւունքներու բերանացի պաշտպանները կը կանգնին այդ յանձնառութեան կողքին: Աւելին՝ Երեւանի ՔՊ-ականները ամէն օր նոր «հնարք» մը հրապարակ կը նետեն, գործադրելու համար թուրք-ազերիական ծրագիրները, բանիւ եւ գործով կը քալեն թշնամիին պահանջներուն ընդառաջելու ճամբով, դարձած են անոր գործակատարները:
Արցախցի քաղաքական եւ զինւորական առեւանգեալ պատասխանատուներու խեղկատակ դատավարութիւնն իսկ դարձած է խօսքի աճուրդի եւ սեփական աթոռի-շահերու պաշտպանութեան գործիք: Ալ ի՜նչ խօսք՝ պատմութեան ու արդար Դատի հանդէպ յանձնառութեան, հողերու վերատիրացման, Ցեղասպանութեան դիմաց արդար հատուցման եւ նման իրաւունքներու մասին: Երբ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր կը փորձէ աշխարհը համոզել (համոզւողներ չեն գտնւիր, թէեւ լռողներ կան), թէ Հայկական Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, ահա ՔՊ-ապետն ու «ուսապարկեր» հոն ալ բանիւ եւ գործով կը թութակեն թուրքական «վարկածներ», կը միանան թուրքերու… հակահայ քարոզչութեան, «յենարաններ» կը փնտռեն՝ կասկածի տակ առնելու Ցեղասպանութեան պատմական եւ անվիճելի իրականութիւնը (իսկ դուք գիտէի՞ք, որ «ցեղասպանութեան քարոզչութիւն»-ը խորհրդայիններուն մէկ հնարքն էր…), գտիտութիւն կը խաղան ու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի դէմ հայութեան բողոքներն ու դատական հետապնդումները յետս կոչելու (մոռցա՞ծ էք. նոյնինքն ՔՊ-ապետն էր, որ օր մը խոստովանեցաւ, թէ երբեմն խենթ կը ձեւանայ, իսկ ուրիշ օր մը յայտարարեց, թէ չի նեղանար՝ երբ զինք թուրք կոչեն…):
Այս եւ նման իրականութիւններ կարձանագենք իբրեւ մեր բեռնաւորեալ ողբերգութիւնները թագադրող-«զարդարող» գայթակղութիւններ: Այս բոլորը տեսնող, լսող հայանուններ կան Հայաստանի մէջ ու Սփիւռքի տարածքին, որոնք իրենց հերոսը կապկելով ու կոյր ձեւանալով՝ կը ջատագովեն «ազգընտիր մանտաթաւոր»-ը, կը դատափետեն հայրենիքի եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանները: Անոնց կողքին՝ կան կրաւորականներու՝ «ինչո՞ւս պէտք» ըսողներու-մտածողներու փաղանգներ, որոնք նման ընթացքով, լծակից ու մեղսակից են հայրենիքի կորուստներուն:
…Եւ ահազանգը կը կրկնւի. մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր: Կը կրկնւի նաեւ պատասխանը. զարթնումն ու կորստաբեր գահավիժումի կասեցումը՝ այսօ՛ր: