Դաշնակցական Բեմ

Ողիմպոսի աստւածներու վերադարձը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Սեւին սապոնն ի՞նչ անի, 

Խեւին խրատն ի՞նչ անի»

ԱՌԱԾ

 

Թիւ մէկ խեւը կը կոչւի Դոնալդ Թրամփ, որ քանի մը օր առաջ ներածումներու վրայ տուրքերու անհամեմատ բարձրացումի որոշում մը ստորագրեց ու տակն ու վրայ ըրաւ աշխարհը, սկսելով… ամերիկեան սակարանէն: Արձագանգեցին բազում այլ խեւեր՝ դրացի թէ հեռաւոր երկիրներէ, ու տնտեսական պատերազմը աննախընթաց թափ ստացաւ, աշխարհի սակարանները ստեղծեցին անկումի բազմաձայն երգչախումբ մը: Ու երբ ալիքին միացաւ Չինաստան, ուրբաթ, ապրիլի 4-ին, յանկարծ… դարձաւ քննադատութիւններու գլխաւոր թիրախ մը, թէ՛ ամերիկեան եւ թէ եւրոպական քարոզչութեան կողմէ:

Պատերազմը եւ հակազդեցութիւնները կրնան նոր ծաւալ ստանալ եւ ընդգրկել ցարդ անկոխ երկիրներ, որոնց շարքին՝ Ռուսիան, որ տակաւին ցանկի վրայ չէ (չմոռնանք որ մեր «փոքր ածու»-ն ալ ստացած է պոչի հարւած մը):

Ամբողջ աշխարհը կլանւած է, եւ իրաւա՛մբ, ստեղծւած ծանրակշիռ տագնապին մէջ, որովհետեւ Թրամփի քայլը խտրութիւն չի դներ բարեկամ-դաշնակիցի եւ հակառակորդ-մրցակիցի միջեւ. հակադարձութիւններն ալ ուժեղ երկրաշարժներ, ցունամինե՛ր – եւ առայժմ՝ անվերջանալի – յառաջացուցած են երկրագունդի բոլոր շրջաններուն մէջ: Տնտեսագէտներ եւ նման վերիվայրումներու մասնագէտներ կը յուշեն, որ նման անկում արձանագրւած էր մօտաւորապէս դար մը առաջ, նմանապէս հանրապետական եւ մեծահարուստ Հըրպըրթ Հուվըրի օրերուն, եւ Միացեալ Նահանգները տարած՝ «մեծ անկում»-ին (Great depression), որուն հետեւանքներէն անմասն չէր մնացած աշխարհը: Ատիկա Ա Աշխարհամարտի վաղորդայինին էր, իսկ անկումին յաջորդեց Բ Աշխարհամարտը եւ… վերականգնումը: Աշխարհը կապրի չյայտարարւած Գ Աշխարհամարտը…

Այնպէս կերեւի, որ Այզըք Նիւթըն անունով գիտնականին մէկ նշանաւոր խօսքը՝ «իւրաքանչիւր արարք-ուժ իր դիմաց կը գտնէ համահաւասար հակա-արարք» (Every action has an equal and opposite reaction), հիմա մտած է ելեւմտական սակարաններ: Անոր մէկ այլ խօսքը՝ թէ «ամէն բան, որ վեր կը բարձրանայ, պէտք է վար իջնէ» (Everything that goes up must come down), շատո՜նց հերքւած է գիտնականներու կողմէ, որոնց արձակած տիեզերանաւերը երբեմն կը լծւին անվերադարձ առաքելութիւններու, կը ճամբորդեն արեգակնային համալիրէն դուրս, կրնան ուրիշ տեղ «վար գալ»: Այդ տեսութիւնն ալ ուրիշ տեսակի՝ շրջւած կիրարկում մը կը գտնէ սակարաններուն մէջ, ուր շա՜տ բան միայն դէպի վար, աւելի՛ վար կը շարժի: Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէ ո՞վ է պահանջողը, որ նշաձողը վար բերւի, եւ՝ մինչեւ ո՛ւր…

Տիրականը, նմանապէս արդարացիօրէն, այն կարծիքն է, որ տնտեսական այս պատերազմը ո՛չ մէկ երկրի, ո՛չ մէկ ժողովուրդի բարիք կը խոստանայ, այլ հարւածողն ու հակահարւած տւողը, հակադիրին չափ ալ «սեփական ոտքին կը կրակեն», այնքան մը՝ որ բռնած են անդամնահատումի ճամբան: Կը բաւէ արագ ակնարկ մը նետել սպառողական նիւթերու սակագիներուն վրայ, սկսելով… վառելանիւթերէն: Սղութիւնը զանգւածներու քսակներէն ներս կը թափանցէ ցունամիանման ալիքներով:

Շահողներ կա՞ն: Անշո՛ւշտ որ կան, այն ալ ինչպէ՜ս, սակայն այդ մասին քիչ ետք:

Անմիջական հետեւանքներուն ցանկը երկար է եւ ամէն ժամ նորեր ի յայտ կու գան, անոնց կընկերանան հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, վերլուծում, ընդհանրապէս ճիշտ եւ տեղին, որովհետեւ անոնք մեծ մասամբ կը կատարւին, ինչպէս նշեցինք՝ մասնագէտներու կողմէ, այսինքն՝ մարդոց՝ որոնք ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՆ թէ ի՛նչ կը նշանակէ տնտեսութիւն, միջազգային առեւտուր եւ յարաբերութիւններ, պատահական տգէտներ եւ դրածոներ չեն: Անոնք ցոյց կու տան, եւ՝ փաստացի բացատրութիւններով, որ ներկայ այլանդակ մրցավազքին հետեւանքներուն շարքին պիտի ըլլան, ապրուստի սղութեան զուգահեռ (իսկ արդեօք կա՞ն միամիտներ, որոնք տրամադիր են հաւատք ընծայելու ամերիկացի իշխանաւորներու այն հաւաստիքին, թէ պէտք է դիմանալ, ապագան լաւ պիտի ըլլայ. եթէ կան՝ անոնք հաւանաբար մոռցած են «Մինչեւ առուն ջուր գայ…» խօսքը), մասնաւո՛րաբար եւրոպական շարք մը երկիրներու տնտեսական տագնապներուն ծանրացումը (կարծէք թէ Ուկրաինոյ եւ Իսրայէլի ռազմագանձանակները ողողելու քայլերը բաւարար չէին), բարեկամական կապերու թուլացումն ու մինչեւ իսկ խզումներ, մէկ խօսքով՝ համատարած… քաոս:

Ստեղծւած քաոսին անմիջական հետեւանքներէն մէկն ալ այն եղաւ, որ շարք մը այլ կիզող տագնապներ դարձան երկրորդական, նետւեցան լուսանցքի վրայ: Գազայի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն վերսկսումն ու գօտիներու տարածումը նախկինին չափ արձագանգ չեն գտներ, Ուկրաինոյ «պարգեււած» ողբերգութիւնները՝ նմանապէս (հոն արդէն ի յայտ կու գայ այլանդակութիւններու նոր դրսեւորում, բացայայտ կը դառնայ, որ պատեհրազմին դադարեցումէն աւելի՝ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն «առիւծի բաժին»-ը կը տրամադրւի… առեւտրական եւ այլ կապերու վերադասաւորման, շահակցութիւններու վերաբանաձեւման): Լուսանցք քշւած են թէ՛ Թուրքիոյ ներքին խռովութիւնները, թէ՛ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը շահագրգռող իրադարձութիւններ եւ այլ տագնապներ, որոնցմէ՝ Իրանի դէմ նիւթւող սադրանքները, Կարմիր ծովու, սեւ Աֆրիկէն կարմիրի լիճերու մատնող ու բազում այլ մտահոգիչ, ողբերգական զարգացումները:

 

ՇԱՀՈՂՆԵՐԸ

Փորձենք ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ որոնել այն հարցումին, թէ որո՞նք են ստեղծւած քաոսէն օգտւողները: Մեր դիտարկումը չի ժխտեր հրապարակ եկած ճիշտ ու արդար մեկնաբանութիւնները, սակայն կը նախընտրենք լուսարձակը կենտրոնացնել գիծի մը վրայ, որ ընդհանրապէս քիչ տեղ կը գտնէ բացատրականներուն ու զգուշացման յորդորներուն մէջ:

Քիչ առաջ ակնարկեցինք Նիւթընին եւ իր տեսութիւններուն: Եկէ՛ք, հիմա պահ մը երթանք նախնադար, այն օրերը՝ երբ աշխարհի մէկ շրջանին՝ Յունաստանի մէջ տիրապետող էին Զեւսն ու իր ընտանիքին անդամները: Այլ երկիրներու մէջ ալ կային, եղած եւ աստւածներու ընտանիքներ, սակայն բաւականանանք Զեւսով ու հարազատներով:

Ի՞նչ կընէին այդ աստւածները: Անոնք կը բնակէին ամպերէն վեր՝ Ողիմպոսի գագաթը, ունէին իրենց հանգի՜ստ կացարանները, ունէին հակադրութիւններ, մրցակութիւններ, օժտւած էին մարդկային նկարագիրով եւ, օրինակ, կը նախանձէին իրարու, մասնակից էին դաւերու սարքումին: Հասարակ մահկանացուները չէին տեսներ այդ աստւածները, որոնց մասին կային դիցաբանական առասպելներ, աւելի՛ իրական՝ երեխայամիտ, բարի՜ մարդուն: Մահկանացուները թերեւս այդքան ալ հոգ չէին ըներ, երբ իմանային, թէ ո՞ր աստւածը ո՞ր աստւածուհին կը դարպասէ, ո՞վ որո՛ւն կը նախանձի, Բագոսը որքա՞ն կը գինովնայ եւ այլն: Հարց կը ծագէր՝ երբ ողիմպիականները երբեմն վար կու գային իրենց բարձունքէն, կը մտնէին մարդոց կեանքին մէջ, հերոսներ կը լարէին իրարու դէմ, մինչեւ իսկ կը կենակցէին հասարակ մահկանացուներու հետ ու ծնունդ կու տային կիսաստւածներու, որոնք այլապէս կը դառնային հմայող հերոսներ: Մէկ խօսքով, աստւածները հասարակ մահկանացուներուն հետ կը վարւէին ըստ կամս, այնպէ՛ս՝ ինչպէս կը թելադրէր իրենց օրւան տրամադրութիւնը: Ու մարդիկ համոզւած էին, որ իրենք անկարող են դէմ երթալու աստւածաներու տնօրինումներուն, խաղերուն, ընդունած էին իրենց ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ:

Եթէ փորձենք տնտեսական նոր պատերազմը (առանց մոռնալու այլ հակամարտութիւններ ու նախընթացները) դիտել ողիմպիականներու խաղերուն տրամաբանութեամբ, յիշեալ հանելուկին որոշ պատասխաններ տեսանելի կըլլան: Այդ ընելու համար, դնենք նոր – եւ կիզիչ – հարցում մը: Ի՞նչ հնոցէ կը հրահրւին ներկայ զարգացումները: Անմիջական պատասխանը – եւ ո՞վ չի գիտէր – ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀն է: Եթէ կան վնասւող զանգւածներ (երկիր, ժողովուրդ, որոշ ընկերութիւններ…), կան նաեւ հսկայական շահ ապահովողներ, որոնք հիմա բազմած են ողիմպիականներէն ժառանգ ստացւած գահերուն, ընդհանրապէս անտեսանելի կը մնան հասարակ մահկանացուներէն, սակայն բոլորին հետ կը խաղան նոյն խաղը, զանգւածները խաղալիք կը դարձնեն իրենց շահո՛ւ քմահաճոյքներուն: Անոնք ալ ունին նախանձի եւ մրցակցելու նորացւած յատկանիշները, եւ ի տարբերութիւն հին աստւածներուն, ո՛չ մէկ ատեն հասարակ մարդոց բարիք ընելու մասին կը մտածեն. Իրենց անյեղլի նշանաբանն է ՇԱՀ, ԱՒԵԼԻ՛ ՇԱՀ:

Եթէ ուրիշ փորձ մը ընենք եւ հարց տանք, թէ ներածման տուրքերու բարձրացումը որո՞ւն համար նպաստաւոր է, դարձեալ պարզ կըլլայ պատասխանը: ԲՈՒՆ ԱՐՏԱԾՈՂ-ՆԵՐԱԾՈՂՆԵՐԸ պիտի չըլլան վնաս կրողները, այլ անոնք առնւազն նոյն շահերը – եթէ ո՛չ՝ աւելի մեծ շահ – պիտի ապահովեն ստեղծւած նոր դրութենէն: Ամերիկա ապրանք ներածողը եթէ աւելի մեծ գումար պիտի վճարէ արտածողին, բնականաբար ներածւածը շուկայ պիտի հանէ աւելի՛ բարձր սակերով, նոյնը պիտի ընեն «դիմացի» երկիրներուն ներածողները, եւ ահա, անմիջական ու տեսանելի հետեւանքը պիտի ըլլայ… ապրուստի սղութեան երիվարին, երիվարներո՛ւն մտրակահարումը: Կարճատեսութիւն կը բուրէ  Թրամփի այն «տեսութիւնը», թէ ներածումները բարձր տուրքի ենթարկելով՝ ամերիկեան արտադրութիւնները պիտի նպաստաւորւին կամ սղութեան ալիքը պիտի սահմանափակւի, որովհետեւ ամերիկացի արտադրողն ալ, օգտւելով առիթէն՝ պիտի բարձրացնէ ի՛ր արտադրութեանց սակերը, որովհետեւ շուկան պահ մը պիտի դառնայ (իբրեւ թէ) իր մենաշնորհը:

 

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

«Հանելուկը» քիչ մը աւելի՛ պարզաբանելու համար, եկէ՛ք, նաեւ հարց տանք, թէ արդեօք ներածող-արտածող-արտադրողները միայն մէ՞կ երկրի շուկաներուն կամ արտադրական դաշտերուն կը տիրապետեն:

Պատասխանը պարզ է. կա՛րճ՝ ականտես ենք համաշխարհայնացումի ամէնէն բիրտ ու դաժան մէկ կիրարկման: Հեռադիտակները լարենք եւ նայինք մօտ ու հեռու: Ողիմպոսի գագաթը բազմող եւ հասարակ մահկանացուներուն աչքին աներեւոյթ մնացողներ՝ իրենք զիրենք համա-հզօր դասած են քրիստոնէական Աստուծոյ, որուն յատկանիշներուն մաս կը կազմեն հետեւեալները. ԱՄԵՆԱՏԵՍ, ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ, ԱՄԷՆ ՏԵՂ: Անոնք ամէն տեղ են, իրենց համար սահմաններ չկան, ուրեմն՝ ո՛չ մէկ տարբերութիւն, թէ ո՞վ որո՛ւ դէմ տուրք կը բարձրացնէ: Իրե՛նք են խաղը խաղացողը, վարի խաղացողներուն թելերը (տիկնիկային թատրոնի հետեւողութեամբ) վերէն քաշքշողները, ամէն տեղ շահո՛ղը (սա աստւածային նոր յատկանիշ է), կը փորձեն հասարակ մահկանացուները համոզել, որ այս ալ իրե՛նց ճակատագիրն է, իրենց վիճակւած է անկարողութիւն:

Եթէ ընթերցողս այս նշումին մէջ ճշմարտութեան բաժին կը տեսնէ, անկէ անդին նաեւ դժւարութիւն պիտի չունենայ հասկնալու, թէ ո՞վ նման խենթեր կը բերէ իշխանութիւններու ղեկին, զանոնք այս կամ այն ձեւով շահակի՜ց ալ կ’ընէ իրենց «նւաճումներուն» (ղեկին բերւողներուն նետւած փշրանքներն իսկ պատկառելի են), զանոնք կը լարէ (իբրեւ թէ) իրարու դէմ, կը ստեղծէ երեւոյթ՝ թէ կայ շահող մը, կայ վնասող մը, սակայն փշրանքներ շահողն ու վնասողները… պարզապէս Ողիմպոսին ստորոտի բնակիչ են:

Հասկնալի կը դառնայ նաեւ այն, որ Թրամփ մը – եւ նմաններ, խումբ մըն ալ՝ Երեւանի մէջ – ինչո՛ւ կառնեն այնպիսի քայլեր, կու տան ինքնագլուխ որոշումներ, որոնք խորքին մէջ կը քանդեն կառավարական կառոյցներ (օրինակ, Միացեալ Նահանգներու առողջապահական, կրթական, ընկերային ապահովութեան, մինչեւ իսկ ազգային ապահովութեան), ընթացք կու տան, ձեւով մը՝ անոնց սեփական մարզ փոխանցման, իսկ, կրկնենք, այդ սեփական մարզի տէրերը նոյնինքն նոր օրերու ողիմպիականներն են: Անոնց համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ քանի՞ պաղեստինցի ջարդւած է, քանի՞ ուկրաինացի ողջակիզւած ու տնաքանդ դարձած, գաղթականներու թիւը քանի՞ միլիոնով աւելցած է, կամ, վերջապէս, Արցախն ու «Զանգեզուրի միջանցք»-ը որո՞ւն կը պատկանի: Անոնք աշխարհն ու անոր ողբերգութիւնները կը դիտեն բազմագոյն ակնոցով մը՝ տոլարի, եւրոյի կամ այլ դրամանիշներու գոյներով, տապկւած՝ սուղ իւղով մը, որ կը կոչւի քարիւղ…:

Կասկած չկայ, եւ կրկին ու կրկի՛ն փաստւած է, որ շահաւորները մի՛շտ ալ դրամին տիրողներն են, մեծահարուստները: Նորագոյն վկայութիւնը, փաստը ծնաւ 4-5 ապրիլի լուսցող գիշերը, երբ ամերիկեան Ծերակոյտը, քւէներու մանրիկ առաւելութեամբ մը (ինչպէ՞ս չկասկածիլ, որ այս ալ մեծ խաղին մէկ մասնիկն է) քւէարկեց բիւջէական ծրագիրներ, որոնք շահատուրք չվճարելու լայն առաւելութիւններ կու տան հարուստներուն: Ներկայացուցիչներու տունէն կը սպասւի նոյն… սպասարկումը: Վճարո՞ղը՝ պետական բիւջէն, որ պիտի ծանրաբեռնւի բազմաթրիլիոն տոլարի պարտքերով: Մեծ յաւելումի ենթարկւած է պաշտպանութեան-ռազմական ճարտարարւեստի բիւջէն: Ժողովուրդին աչքի փոշի մը նետած են, թէ՝ համեստ եկամուտ ունեցողներուն շահատուրքերը պիտի չբարձրանան, ընկերային ապահովութեան սնտուկը (առայժմ) վտանգւած չէ: Իսկ անդին, ո՞վ պիտի պահէ հաշիւը ապրուստի սղութեան…

 

ԱՍՏՒԱԾՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺ ՉԵՆ

Հին աստւածներուն դարաշրջանը օր մըն ալ վերջ գտաւ, երբ Մարդը անդրադարձաւ, որ ինք անոնց խաղալիքը չէ, նման վիճակ չի կրնար ընդմիշտ շարունակւիլ, սկսաւ հարցականի տակ առնել աստւածները, մերժեց ենթակայ մնալ անոնց կամայական խաղերուն, տապալեց զանոնք ու վերջ դրաւ անոնց ամենակարողութեան ու անվիճելիութեան առասպելին: Անկէ ետք, մարդն ու քաղաքակրթութիւնը մտան իսկական զարգացումի փուլ, միտքն ու բանականութիւնը դարձան տիրապետող, ՄԱՐԴԸ դարձաւ տիեզերքի կեդրոնը: Դարերը թաւալեցան, տապալեցան նաեւ… կայսրութիւններ, ու եղաւ Զարթօնք, ու բարեկարգումները տապալեցին աւանդական աւատապետները, ու եղաւ ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման քայլ առ քայլ յառաջխաղացք, եղան Զարթօնք ու Ճարտարարւեստի յեղափոխութիւն, հիմա արդէն հասած ենք Արւեստական բանականութեան դարաշրջան՝ իր դրական ու անախորժ պտուղներով:

Թրամփի ստեղծած ցունամիին դէմ ոտքի ելած են ո՛չ միայն բարեկամ ու հակառակորդ երկիրներու իշխանութիւնները, որդեգած են – կամ կը սպառնան որդեգրել –հակաքայլեր (որոնց այլապէս բարիք չխոստացող վտանգներուն ակնարկեցինք քիչ առաջ), այլ նաեւ ժողովրդային զանգւածներ: Շաբաթ օր, Վաշինգտոն մինչեւ Նիւ Եօրք ու այլ քաղաքներ (մօտաւորապէս 1200 տեղ) յորդած բողոքի ցոյցերը համախմբերցին հարիւր-հազարաւորներ արձագանգ գտան նաեւ Եւրոպայի մէջ՝ Անգլիա, Ֆրանսա, Փորթուգալ, Գերմանիա եւ այլուր: «Ձեռքդ քաշէ՛» նշանաբանով տարածւած ցակացունամին կրնայ նոր տարածք շահիլ յառաջիկայ օրերուն: Երգիծաբաններն ու երգիծանկարիչները բարձրացուցած էին առաջին դրօշները…

Այսօր ալ բանական մարդը պիտի գիտակցի, որ պէտք է վերջ գտնեն իր ապրուստին ու կեանքին գնով խաղցւող մահացու եւ սնանկացնող խաղերը: Արդէն կը տեսնէ, իր մորթի՛ն վրայ կը զգայ, որ ողիմպիականներուն խաղալիք-կամակատարը եղող Թրամփները հիմա կընեն ճիշտ հակառակը՝ ընտրապայքարի շրջանին իրենց տւած բարի խոստումներուն (ինչպէս… ՔՊ-ականները), եւ անպատկառօրէն կը հաստատեն, թէ իրենց հոգը չէ թէ ո՞վ կը վնասւի, այլ իրենց նշանաբանը՝ «մեզմէ դուրս ջրհեղեղ»ն է (տեսէ՞ք, հոս ալ դէպի յառաջ ոստում կայ՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ին բաղդատմամբ…): Ընկերութեան կենտրոնական արժէքը ըլլալու մարդուն գիտակցութիւնը՝ այդ գիտակցութեան լիարժէ՛ք վերականգնումը պիտի բանայ ճամբան, որպէսզի Մարդը ի վերջոյ շահի, պէ՛տք է շահի այս այլանդակ մրցումը, եւ վար պիտի բերէ նոր ողիմպականները, բոլո՛ր ողիմպիականները (մեր այս սիւնակին մէջ արձանագրւած «ողիմպիականներ»-ը կապ չունին ազնիւ մրցակցութեան մտնող մարզիկներուն հետ…):

Related Articles

Back to top button