Դաշնակցական Բեմ

Ուղտին ո՞ր տեղը շիտակ է որ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Երբ ՔՊ-ական իշխանութիւններու աղէտալի «նւաճումներուն» մասին խօսք ըլլայ, ընդհանրապէս լուսարձակի տակ կը բերւին քաղաքական-դիւանագիտական, պաշտպանական, տնտեսական, արցախեան թղթածրարի եւ նման հրատապ հարցեր: Վերջերս, այս «թղթածրար»-ին մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ յաւելում մը՝ ազգային խումբին տրտմեցնող արդիւնքները: Անոնք՝ որ կը հետեւին մարզական կեանքին, կրնան վկայել, որ խորհրդային օրերու խումբին շուքն իսկ չէ մնացած, իսկ վերանկախացած Հայաստանի մէջ եթէ ատեն-ատեն որոշ փայլատակումներ կարձանագրւին, անոնց կը հետեւին անկումներ եւ նահանջներ: Այս մարզախաղը հիմա կը նկատւի ՔՊ-ականներու ձախաւերութիւններուն մէկ հարազատ հայելին (բարեբախտաբար անհատական մարզաձեւեր չեն վարակւած այս ախտով, հայ ծանրաբարձներ, ըմբիշներ բարձր կը պահեն անցեալի համբաւաւոր մետալակիրներու բարձրացուցած դրօշը):

Ցաւցնող քննարկումներ տեղի կունենան այս տագնապին շուրջ, մարզասէրները գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատեն ո՛չ թէ մարզիչն ու մարզիկները, այլ «ձուկին գլուխը»՝ ֆուտբոլի ֆեդերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէգեանը (հաւանաբար անոր կողքին կամ ՔՊ-անմաններ): Վերջինը, իրեն ուղղւած քննադատութիւններուն պատասխանելու համար, չորեքշաբթի, 9 ապրիլին մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրեր է եւ, ըստ երեւանեան լրատւամիջոցներու՝ յանցանքին բեռները բաժնած է բոլորին ուսերուն, բացի իրմէ, եւ աւետած. «Պիտի չհրաժարի՛մ»: Ճի՛շտ ու ճիշտ… փաշինեանական մանրանկար մը:

Մելիքբէգեան քանի մը տարի առաջ արձագանգած էր ՔՊ-ապետին այն յոխորտանքներուն, թէ Հայաստանի հաւաքականը շուտով մասնակից պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականներուն: Հիմա, անոր խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, որ ֆուտբոլի նշաձո՛ղն ալ բաւական իջած է (արդեօք հո՞ն ալ թուրք-ազերիական պահանջներ կան…):

***

Ընթերցողս հաւանաբար կրնայ հարց տալ. «Հիմա Հայաստանի բոլոր տագնապները լուծման ճամբաներ գտած են, մնացինք ֆուտբոլի՞ն»: Պատասխանը «պահւած» է առածի կարգ անցած ասացւածքի մը մէջ. «Ուղտին հարցուցեր են. վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է, պատասխաներ է. ո՞ր տեղս շիտակ է որ…»:

Ճի՛շտ է. Հայաստանի գլխուն կախւած են ահաւոր վտանգներ, նորագոյնը՝ սահմանամերձ դարձած գիւղերու վրայ ազերիական կրակոցներուն՝ Սիւնիքէն դէպի Գեղարքունիք եւ այլուր «զբօսաշրջութիւնն» է (այս դերը ցարդ առաւելաբար վերապահւած էր եւրոպացի դէտերուն): Պաշտօնական Երեւանը դրօշի վերածած է «մենք չենք կրակեր, ազերիական կողմը կը ստէ» յանկերգը, ժողովուրդը կը մխիթարէ, որ կրակոցները (ցարդ) մարդասպանական բնոյթ չունին, ինք վճռած է որեւէ ձեւով չպաշտպանել հայկական հողերը (չցանկագրենք սնամէջ պատճառաբանութիւններն ու ինքնարդարացման փորձերը): Իսկ եթէ հարց տաք՝ կրնան պատասխանել. «Ասկէ աւելի ի՞նչ կուզէք», առանց անդրադառնալու, որ ամէն օր իրենց անկարողութեան եւ անատակութեան փաստերու թղթածրարը կը հարստացնեն:

Սակայն կայ այլ խորք մը. Հայաստանի ֆուտբոլը, ճատրակը, ուժային մարզանքները, ո՛չ միայն ըմբշամարտ եւ ծանրաբարձութիւն, այլեւ երկար ոստում, օղակներ, մինչեւ իսկ «համեստ» փինկ-փոնկը երկար ատեն եղած են հայ երիտասարդը ուրախացնող, Հայաստանի դրօշը ծածանող, մետալներու հասցնող հպարտանք: Ինչո՞ւ մոռնալ արւեստներու եւ գիտութեանց աշխարհները…

Եւ ինչպէս որ մարզախաղերն ու հոն ձեռք բերւած լաւ արդիւնքները չեն մնացած զուտ մարզական հայեցակէտի դաշտին մէջ – սա հայկական իւրայատկութիւն չէ, ամէն երկիր ու ժողովուրդ ազգային հպարտանքով կը դիմաւորէ ու կը տօնէ իր մարզիկներուն յաղթանակները, նւաճումները -, հայն ալ մարզախաղերուն հետեւած է ճակատը բարձր պահելու կամքով ու ԱԶԳԱՅԻ՛Ն ՆՒԱՃՈՒՄի խանդավառութեամբ:

Ինչ որ տեղի կունենայ ֆուտբոլի հաւաքականի երկնակամարին վրայ, հարազատ մէկ տարբերակն է քաղաքական-ապահովութեան վիճակին: ՔՊ-ականներու հոգն իսկ չէ, թէ Արցախը կորսնցուցած ենք, Հայաստանէն մասնիկներ իրենց ձեռքով «նւէր» տւած են ազերիներուն (ՔՊ-ական մը նոյն օրը կը յոխորտար, որ եթէ Սիւնիք-Կապան ճամբէն չի կրնար երթեւեկել, կրնայ այդ ընել Տաթեւի ձորերը իջնել-ելլելով…): Եւ սա՝ «նոր Հայաստան-իկ»ը շուկայի մէջ իբրեւ աժան ապրանք ծախելու մտայնութեամբ, հոգեբանութեամբ: Պատմութենէն եկած ի՜նչ հպարտանք, իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն ձեռք բերւած ի՜նչ յաղթանակներ ու նւաճումներ, Ի՜ՆՉ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, Ի՜ՆՉ ԴԱՏ, Ի՜ՆՉ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: Հիմա տիրապետող յանկերգը հետեւեալն է. «Թուրքիա՛, Ադրբեջա՛ն, դուք ըսէ՛ք, մենք ընենք…»: Իսկ եթէ հոն ազգային հպարտանք, իրաւունք եւ արժէքներ-ժառանգութիւն մատաղ կերթան, որո՞ւ հոգը, ճի՛շտ այնպէս, ինչպէս կը պատահի ֆուտբոլի մարզին մէջ:

…Եթէ ուղտին ի ծնէ ծուռ վիզը կարելի չէ շտկել, Հայաստանի մէջ շատ բան կարելի է շտկել ու վերականգնել: Ու պէտք ունի՞նք կրկնելու, որ ատիկա կըլլայ հայրենապաշտպաններու ձեռքերուն միացումով, «շիտակցնող» ամբողջական ծրագիրի մը շուրջ բոլորւելով, վիզ ծռողներուն իշխանութենէ հեռացումով եւ Հայաստան-Արցախի ու ամբողջ հայութեան բոլոր իրաւունքներու ճամբուն վերաբացումով:

Related Articles

Back to top button