Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի յիսնամեակին առիթով. Բուրջ Համուդի հայեցի դիմագիծը վերականգնելու անյետաձգելի մարտահրաւէրը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Յիսուն տարիներ առաջ, 13 ապրիլ 1975-ին սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքներէն անմասն չմնաց նաեւ Լիբանանի հայութիւնը, որ 15 տարի ֆիզիկապէս պաշտպանեց հայկական թաղամասերը եւ ի մասնաւորի` հայահոծ Բուրջ Համուդը, որ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով վերածւած էր կռւախնձորի:
15 տարիներ ու հարիւրաւոր նահատակներ, որպէսզի Բուրջ Համուդը պահպանէ իր հայեցի դիմագիծը, եւ որպէսզի շրջանը չպարպւի հայկականութենէն: Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող կամաւորները գիշեր-ցերեկ հսկեցին, ջուր ու ճաշ բաժնեցին, շտապ օգնութիւն տրամադրեցին, փոխադրեցին, կռւեցան, վիրաւորւեցան եւ զոհւեցան` չյանձնելու համար հայահոծ շրջանը, չփոխելու միջավայրը, որովհետեւ բոլորը լաւապէս գիտէին, որ Բուրջ Համուդը համայն հայութեան միջնաբերդն էր, որուն զիջումը կամ կերպարանափոխումը ոչ միայն կազդէ Լիբանանի հայութեան, այլեւ իր ժխտական ու կործանարար ազդեցութիւնը կը ձգէ համայն հայութեան վրայ:
Այո՛, տխուր պատկերներուն մէջ հայութիւնը միակամ էր, մէկ էր: Ներքին ամրութիւնը երաշխիքն էր յաջողութեան, եւ 15 տարիներ Բուրջ Համուդը պահպանւեցաւ, մնաց կանգուն ու ամուր` թոյլ չտալով, որ զինեալներ մուտք գործեն շրջան, գրաւեն մեր թաղամասերը եւ նեղութիւններ պատճառեն մեր հայորդիներուն:
Սակայն այն, ինչ պատերազմը չկարողացաւ ընել, պատերազմէն ետք մենք մեր ձեռքերով ըրինք, ընդունինք կամ ոչ, եւ անցնող 35 տարիներուն մերթ ընդ մերթ շրջան մուտք գործեցին տարբեր համայնքներու եւ տարբեր ազգութիւններու հաւաքականութիւններ, երբեմն ծրագրւած եւ երբեմն ալ` պատահականութեան ձգւած:
Պատերազմին դիմագիծի պահպանումը զէնքով իրագործւեցաւ, բայց յետպատերազմեան հանգրւանին կամայ կամ ակամայ թոյլ տրւեցաւ, որ ներս մտնեն դիմագիծի խաթարման բոլոր ազդակները, եւ այսօր ժամանակն է ամրագրելու, որ օրին արտաքին միջամտութիւններուն չափ ու սահման չդրւեցաւ, առաջքը չառնւեցաւ:
Այս կացութեան դիմաց ու զուգահեռ, հայութիւնը հետզհետէ դիմեց արտագաղթի եւ լաւագոյն պարագային ներգաղթի` տեղափոխւելով հիմնականին մէջ Լեռնալիբանանի տարբեր ու յարաբերաբար աւելի հանգստաւէտ եւ լաւ պայմաններ ունեցող շրջաններ: Մէկ կողմէ օտարներու մուտքը, եւ միւս կողմէ` հայաթափումը այսօր արդէն իսկ վտանգած են Բուրջ Համուդի երբեմնի հայեցի ու իւրայատուկ դիմագիծը:
Ժամանակն է, որ հաւաքաբար արժեւորենք յետպատերազմեան 35 տարիները, քննենք իրագործումներն ու բացթողումները, առարկայական ու մասնագիտական մօտեցումներով մշակենք օրւան պայմաններուն համահունչ ծրագիրներ եւ, ամենէն կարեւորը, ստեղծենք հետեւողականութեան պահպանման գործընթաց, որպէսզի անհատներու կամեցողութենէն եւ կարողականութիւններէն կախեալ չըլլան աշխատանքները:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին յիսնամեակը առիթ է հաւաքաբար մտածելու մեր նւիրեալ տղոց քաջագործութիւններուն մասին` տոգորւելու հերոսներու կամքով եւ կիսատ չձգելու զինեալներու սկսած գործը: Ժամանակն է, որ հաւաքաբար մտածենք, թէ վերստին ինչպէ՛ս կարելի է Բուրջ Համուդը վերստին դարձնել համայն հայութեան սիրտը, եւ թէ` ինչպէ՛ս կարելի է վերակենդանացնել շրջանի հայկական ոգին:
Վերջապէս, յարգա՛նք` բոլոր նւիրեալներուն, որոնք պատերազմի դաշտին վրայ թէ խաղաղ պայմաններուն մէջ իրենց կարելին կատարեցին պաշտպանելու մեր թաղամասերը` համայն հայութեան յատուկ արժէք ու կարեւորութիւն ունեցող Բուրջ Համուդը, հայրենիքէն հեռու մեր հայաշունչ օրրանը…