Վաղւան Լիբանանի կերտումը

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ 13 ապրիլ 1975-ին, այն Ռըմմանէի մէջ փոխադրակառքի մը վրայ զինեալ յարձակումին հետեւանքով ծայր տւած լիբանանեան պատերազմէն 50 տարի ետք, երկրի քաղաքական կողմերը կրցած են դասեր քաղել:
Ապրիլ 13-ի բռնկումը ունէր իր արմատները, սկսելով զուտ լիբանանեան ենթահողէն, որ պարարտ էր թէ՛ շրջանային, եւ թէ՛ միջազգային միջամտութիւններ եւ շահագործումներ հրաւիրելու:
Այլ խօսքով, Լիբանանի անկախութենէն ի վեր երկիրը չէր կրցած երկարատեւ անդորրութիւն վայելել, ամուր պետականութիւն, լիբանանեան պատկանելիութիւն եւ ներքին համերաշխութիւն ստեղծել: Երկրի համայնքային, դասակարգային եւ ընկերային բաժանումները բաց դաշտ կը ստեղծէին եւ կը ստեղծեն տակաւին, որպէսզի արտաքին միջամտութիւնները լաւագոյնս «արդիւնաւորւին»:
Իսկ այս բոլորին մէջ միակ վնասողը եղած է լիբանանցի ժողովուրդը:
Այսօր, երբ կը յիշենք պատերազմի սկզբնաւորութիւնը, շարունակութիւնը ամբողջ 15 տարի, աւարտը` Թաէֆի համաձայնագիրով եւ այնուհետեւ եղած այլ պատերազմներ եւ հսկայական ցնցումներ, թէ՛ տեղական մակարդակի թէ՛ շրջանային մակարդակի վրայ, պարտաւոր ենք իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի կատարելու յստակ հաստատումներ:
1975-ին ծայր տւած պատերազմը ներքին քաղաքացիական պատերազմ չէր, ո՛չ ալ միջհամայնքային բախումներ:
Պատերազմը այլոց պատերազմն էր Լիբանանի մէջ, լիբանանեան գործիքներով, բայց միշտ արտաքին ուժերու լարումով:
Դերակատարները տարբեր էին, տարբեր ժամանակներու ընթացքին: 15 տարւան ընթացքին, դերակատարները կրնան փոխւած ըլլալ, դաշնակիցները կրնան հակադրւած ըլլալ եւ ապա դարձեալ դաշնակցիլ:
Լիբանանը զէնքի վաճառքի, անոր փորձարկման, տնտեսական շահերու լաւագոյն միջավայրն էր, ուր պետութիւններ, օգտւելով լիբանանեան ներքին պառակտումներէն, յաջողեցան հեռակայ կարգով իրենց հարցերը լուծել մեր երկրին մէջ:
Թաէֆով «աւարտած» պատերազմը ոչինչ կրցաւ լուծել երկրին մէջ: Համաձայնագիրը, որ պատրաստւեցաւ արաբական եւ արեւմտեան ուժերու օրհնութեամբ, ժամանակաւոր կերպով դադրեցուց պատերազմը, բայց ո՛չ կարելի եղաւ զայն ամբողջութեամբ կիրարկել ո՛չ ալ լուծել երկրին տագնապները: Ժամանակաւոր հանդարտութիւնն ու զարգացումը խաբուսիկ էին, եւ 1990-էն այսօր կրկնւող տագնապները փաստեցին, որ ոչ մէկ հարց կրցած է իր վերջնական լուծումին հասնիլ:
Պատերազմող կողմերը իրենց ղեկավարներով ստանձնեցին երկրին ղեկն ու համայնքային, կուսակցական եւ իրենց ներկայացուցած շրջաններու նեղ շահերով բաժնւեցան իշխանութիւնը, օրէ օր Լիբանանը դնելով գահավէժ ընթացքի մէջ:
Փաստ է, որ զէնքը չլուծեց լիբանանեան հարցը:
Փաստ է, որ անպատժելիութեան եւ ամենաթողութեան քաղաքականութիւնը ոչ միայն չնպաստեցին ազգային միասնականութեան ստեղծումին ու պահպանումին, այլեւ աւելի խորացուցին ներքին պառակտումը:
Հիմնական բացակաները մնացին հայրենիքի գաղափարը, մէկ ու միակ լիբանանեան պետութեան տեսլականը, լիբանանցի քաղաքացիի տիպարը, երկրի գերիշխանութեան գերազանցութիւնը եւ պատկանելիութեան խնդիրը:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ քաղաքական կենսափորձով Լիբանանի մէջ, առաջին իսկ օրէն մերժեց զէնքի լեզուն եւ հետամուտ եղաւ հարցերը զգօնութեամբ դիմագրաւելու ու երկխօսութեամբ լուծելու քաղաքականութեան, միշտ պայքարելով համոզել երկրին մէջ գործող կողմերը, որ զէնքի գործածութիւնն ու արտաքին ուժերու միջամտութեան հրաւէրը տեւարար պիտի առաջնորդէ երկրի քանդումին, արտագաղթի, տնտեսական քայքայումի:
Եւ դեռ, սպանութեան ու անոր հետեւանք ոխի, վրէժի եւ իրերամերժութեան խորացման:
Յիսուն տարի ետք, կրցա՞նք սորվիլ մեր պատմութենէն:
Այսօր, նոր վարչակազմի իշխանութեան հասնելէն ետք պիտի կարենանք գէթ յոյսը ներշնչել, որ Լիբանանն ու լիբանանցին պարտին յիշել արհաւիրքը, դասեր քաղել հինգ տասնամեակներու դառն փորձառութենէն ու չկրկնել անցեալի սխալները:
Շրջանային եւ միջազգային առօրեայ փոփոխութեանց մէջ, մենք պարտաւոր ենք մտածել Լիբանանի գերիշխանութեան, ներքին միասնականութեան, պետականութեան ապաւէնի, անկախութեան եւ ազատութեան ու Լիբանանի քաղաքացիութեան գերադաս սկզբունքներուն մասին:
Մեր Լիբանանը պէտք չէ վերադառնայ անցեալին:
Յիշելով անցեալը, օգտւելով դասերէն, պարտաւոր ենք կերտել վաղւան Լիբանանը:
Ազդակ