Մսխւած պատեհութիւն մը չխօսելու…
![](/wp-content/uploads/2025/02/537-780x470.jpg)
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Տարիներ առաջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բեմէն Նախ. Որդի Բուշ կը քննադատէր Ֆրանսան եւ քանի մը այլ ԵՄ-եան անդամ երկիրներ Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ խստապահանջ քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալնուն համար։ Որուն հետեւելով Արեւելեան Եւրոպայի նորանդամ երկիրներէն մէկը յանկարծ հանդէս կու գար ձայնակցելով ԱՄՆ-ի նախագահին…
Կարծեմ այդ նոյն օրն էր, որ Նիւ Եօրք կը ժամանէր նաեւ Ֆրանսայի նախագահը՝ Ժակ Շիրաք օդակայանին մէջ իսկ շրջապատւելով մամլոյ թղթակիցներէն։ Հարցո՛ւմ՝ «Պրն. նախագահ, Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Նախ. Բուշին ձայնակցող երկրի ելոյթին մասին…» Պատասխան՝ «Կը կարծեմ, թէ յիշեալ երկրի նախագահը մեծ պատեհութիւն մը կորսնցուց լռելու…»
Ժակ Շիրաքի այս դիպուկ պատասխանը յիշեցի, երբ աչքէ կանցնէի Փաշինեանի զւիցերական վերջին գոհարները։ Յատկապէս Արեւմտահայերէնի մասին իր յայտնագործումները…Պատասխանելով հարցումի մը՝ վարչապետը կը փութար Արեւմտահայ մեր գրական լեզւաճիւղը հաւասարեցնելու Իջեւանի բարբառին…որ այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ ինչպէս շատ մը այլ բարբառներ։ Իրեն համար այս մէկը բնական պրոցէս էր։
Արեւմտահայերէնն ալ այլ բան չէր, եթէ ոչ՝ բարբա՛ռ մը իր անխուսափելի ճակատագրով։ Այս բառերը իմս են եւ սակայն ոգին այս թեթեւամիտ եւ անիրազեկ ելոյթներուն դժբախտաբար իրն են։ Եւ որքա՜ն եպերելի։
Այո՛, տեղ մը միջազգային հարցախոյզի մը տւեալներով հրապարակւած է այն տեսակէտը, որ Արեւմտահայերէնը վտանգւած լեզուներու շարքին կը դասւի։ Եւ անշուշտ լուրջ տւեալներ կան այս ուղղութեամբ մտահոգուելու եւ գործի լծւելու։ Այպանելին ՀՀ վարչապետին թութակաբանութիւնն է։ Փոխանակ հրապարակաւ դրօշ պարզելու եւ տէր կանգնելու մեր ազգային այս մեծ հարստութեան, փոխանակ հաստատակամօրէն յայտարարելո՛ւ՝ որ հարցախոյզները չեն, որ պիտի ճշտեն մեր լեզւական զինարանի ճակատագիրը, ՀՀ վարչապետը կը միանայ դասալքութեան թէզերուն։
Լեզո՛ւ մը՝ որ հզօրագոյն աւիշներով վերապրած է թշնամիին հինգ ցեղասպանական եղեռնագործութիւններէն եւ կերտած սերունդներ, տոկացած համաշխարհային պատերազմներու աւերին եւ ստեղծած աշխարհի ամեէն հզօր գրականութիւններէն մէկը (շատ մը ձեւերով՝ աւելի հզօր քան պետականը) եւ այսօր իսկ կաճի նոր եւ հզօր ղօղանջներով, ինչպէ՞ս կը խուսափի ՀՀ վարչապետին ուշադրութենէն։ Ինչպէ՞ս ան օր-ցերեկով կը լքւի։ Եւ Եւրոպայի իսկ սրտին վրայ՝ ուր մեր ժողովուրդը պէտք ունի մեծագոյն խրախուսանքի։ Բան մը խանգարւած է հոս, Պարոնայք։ Բան մը նեխած է Դանիոյ թագաւորութենէն ներս…կըսէ Համլէտը։ Բան մը իսկապէս խաթարւած է մեր երկրի լինելիութեան պայքարներու ճակատին վրայ։
Պրն. վարչապետը մեծ, շատ մե՜ծ պատեհութիւն մը փախցուց իր անիրազեկութիւնը չցուցադրելու։ Պատեհութիւն մը լռելու։ Պատեհութիւն մը ՉԽՕՍԵԼՈՒ։