Դաշնակցական Բեմ

Դատարկաբանութիւններու նոր արար

Փաշինեան կը «դասախօսէ» ամերիկահայերու

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Հայաստանի կառավարութեան ստորագրութեամբ, 3 փետրւարի կէսօրին (Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ժամանակացոյցով), «փայլատակեց» տեսաերիզ մը, ուր ՔՊ-ապետ «ընտրեալ մանտաթաւոր»-ը հանդիպում կունենար ամերիկահայերու հետ:

Մօտաւորապէս 18 վայրկեան տեւողութեամբ տեսագրութիւնը կարելի է մէկ նախադասութեամբ որակել իբրեւ դատարկաբանութեան նոր արար, կամ՝ ազգային գաղափարներէ հրաժարելու լուռ կոչ եւ Հայաստանի ու հայութեան համար վնասարար ուղեգիծին մասին քարոզ:

Խորքին մէջ բան չըսող, նորութիւն չբերող դատարկաբանութիւնը կարելի է մաս առ մաս բզկտել եւ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի՞ անհեթեթութիւններ դուրս տւաւ Նիկոլ Փաշինեան կոչեցեալ արարածը, սակայն պիտի բաւականանանք քանի մը քաղւածքով: Անկէ առաջ, սակայն, ընենք նշում մը. տեսաերիզին մէջ չի ցուցադրւիր, թէ Փաշինեանի «վերլուծումներ»-ն ու «փրկարար տեսութիւնները» ինչպիսի՞ ընկալում կամ հակազդեցութիւն ստեղծած են սրահին մէջ, ու կը յուսանք, որ հոն եղած են ազնիւ ու յանձնառու հայորդիներ, որոնք չեն բաւականացած լուռ ու կրաւորական ունկնդիրի դիրքով, ինչպէս եղած էր պարագան քանի մը օր առաջ, երբ նոյն «մանտաթաւոր»-ը հանդիպում ունեցած էր խումբ զւիցերահայերու հետ, այլ՝ այս անգամ երեսին տւած են, որ սուտերուն ու դատարկաբանութիւններուն ուղին անվաղորդայն է: Մեր այս տողերը պարզապէս անմիջական արձագանգ են եղածին (սեղմ մէջբերումները բառացի չեն, այլ վերցուցած ենք միտք բանին):

Ա. Խօսքի մեկնակէտն իսկ այլանդակութիւն մըն էր եւ մեղմ ասած՝ ստապատիր ներկայացում մը, ինքնաժխտո՛ւմ մը: Փաշինեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ տեղի կունենայ (եղեր) գաղափարական վերափոխում մը, եւ անոր աղերսակից են իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները, այս յեղափոխութիւնը Հայաստանի կը խոստանայ իրականութիւններուն աւելի լաւ ըմբռնողութիւն: «Գաղափարական վերափոխութեան» մասին կը խօսի մարդ մը, որ իշխանութեան հասնելու օրերուն, բարձրաղաղակ կը յայտարարէր, թէ ինք որեւէ գաղափարաբանութեան չի հետեւիր (եւ հիմա արդէն շա՜տ աւելի յստակ կերեւի, թէ իր ուղեղին ու էութեան մէջ բացակայ են ամէն ինչ՝ որ կապ ունի ազգի ու ազգային գաղափարախօսութեան հետ, իր «գաղափարաբանութիւնը» ունի մէկ խորագիր՝ ծառայել-լծակցիլ թուրք-ազերիական ծրագիրներուն):

Բ. Ափսոսանք յայտնեց, որ նման ընթացքի իրազեկ չէ եղած աւելի կանուխ, եւ տեղ մըն ալ խոստովանեցաւ, որ (ոչ բառացի կերպով) ինք անատակ է նման բաներ ըմբռնելու (հասկցուց, թէ իշխանութիւնը վարելով, ինչե՜ր սորվեր է, այսինքն՝ ժողովուրդին ու հայրենիքին գլխուն վրայ սափրիչութիւն կը փորձէ սորվիլ): Եւ ահա, մեկնաբանութիւններ՝ թէ (իր հասկցած) վերափոխութիւնը, (մի՛շտ իր կարծիքով) բարեշրջումը՝ պէտք էր իրականցած ըլլար պատերազմէն առաջ, տասնամեակնե՜ր առաջ…

Փաշինեանի յաճախակի «վարկածներուն» (տարիներու վրայ, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմէն ասդին) ուշադիր հետեւող մը պիտի նկատէ, որ այս մարդը տողատակի, այսինքն՝ առանց բառերը գործածելու, կը հասկցնէ, որ Հայաստանի անցեալի քաղաքական ուղեգիծը (հասաւ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ) հիմնովին սխալ եղած է, եւ ահա, Երկնաւոր Հայրը ի վերջոյ խղճացած է Հայաստանի եւ հայութեան ու պարգեւած է ՔՊ-ապետն ու որ «ուսապարկերը», որպէսզի սխալները սրբագրւին (Աստւածորդիին իսկ նախանձը կը շարժի): Իսկ եթէ քիչ մը աւելի՛ թափանցենք ըսածներուն խորքը՝ դժւար չէ նկատելը, որ Հայաստանի արեւելումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկւին եւ համապատասխան ըլլան… Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի պահանջներուն, ծառայեն անոնց ծրագիրներուն իրականացման: Կը յիշէ՞ք Բոլտըններու եւ յաջորդներու յորդորները…

Գ. Ցնդաբանութիւնները ունէին քանի մը բարձրակէտ: Մէկն ալ հետեւեալն էր. 44-օրեայ պատերազմը մեզ պարտութեան տարաւ ու մենք հնարաւորութիւնը ունեցանք անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն մը ունենալու ճամբան տեսնելու: Քիչ կը մնայ որ մարդս ըսէ. վա՜յ, լա՛ւ որ պատերազմը տեղի ունեցեր է: Եթէ չըլլա՜ր, մենք ուրկէ՞ պիտի հասնէինք նման հնարաւորութեան…:

Դ. ՔՊ-ապետը նկատել տւաւ, որ շրջանին մէջ, մեզի հանդէպ բացասականութիւն մը, այսինքն՝ աննպաստ տրամադրութիւններ զգալի են եւ սա չի նպաստեր ինքնիշխան ու անկախ պետութիւն մը հետապնդելու մեր առաջադրանքին: Բայց, ի սէ՜ր հայրենիքին ու մեր ազգին, ո՞վ է պատասխանատուն նման վերաբերմունքի գոյառման: Ո՞վ է պատասխանատուն նոյնինքն պատերազմին, պարտութեան, բազմահազար զոհերուն ու վիրաւորներուն, հողային հսկայական կորուստներուն (չխօսինք նոր կորուստներու հաւանականութեան մասին), կորուստներ՝ որոնց խորագիրներն են ԱՄԲՈՂՋ ԱՐՑԱԽԸ եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններ: Այս ոլորտին մէջ ալ կը դիտենք քանի մը օր առաջ կատարւած այն «բացայայտումները», թէ Մեղրին ալ «նախկիններու օրով» տրւած էր Ադրբեջանին, իբրեւ թէ հողերու փոխանակման տրամաբանութեամբ մը…: Հայաստանէն արդէն տրւեցան արժանի եւ խարանող բացատրութիւններ, թէ՝ Մեղրին այսօ՛ր ալ կը պատկանի Հայաստանի, մինչդեռ Արցախն ու սահմանային շրջաններ խլւած են մեզմէ, թէ՝ նման «բացայայտումներ» պարզապէս նախերգանքն են մօտալուտ նոր զիջումներու հողային նոր տարածքներու յանձնումին, մարդոց միտքը պատրաստելու…: Այս մասին պարտք կը զգանք աւելցնել՝ հասկցողին շա՜տ բարեւ… (հասկնալու հրաւէրը մասնաւորաբար ուղղւած է այս իշխանութեան չարիքները չտեսնող-չհասկցողներուն, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի):

Ե. «Դասախօսութեան» վերջին բաժինը հասկնալու համար, պէտք է լեզւական լարախաղացութեան վարպետ մը ըլլալ: Անգամ մը եւս սեղանի վրայ դրւեցաւ (իբրեւ թէ) «նահատակ ժողովուրդի վիճակ»-էն դուրս գալու, անոր համար պայքարելու եւ սովորական կեանքի յարելու «տեսութիւնները»: Հոս ալ առ նւազն կարելի է զարմանալ, թէ նման «տեսութիւններ» որո՞ւ բերնէն կը ծորին… Սա այն արարածը չէ՞, որ հեծանիւ քշելով ու կնոջ հետ եփած ճաշերը պատկերասփիւռէն ցուցադրելով՝ կը փորձէ ժողովուրդին ըսել, թէ Հայաստանի մէջ եւ շուրջը ամէն բան բնական է ու կարգին… Ի՜նչ փոյթ, որ կրնայինք նահատակներ չտալ, բայց տւինք… անիմաստ կերպով (չմանրամասնենք): Մեզի կը մնայ տարւիլ ամանորեան եւ այլ խրախճանքներով. «չէ՞ որ ժողովուրդը պէտք է թօթափէ նահատակի վիճակն ու զւարճանայ», հոգ չէ թէ Եռաբլուրի տարածքը բազմապատկւած է, ճակատներու եւ զօրանոցներու մէջ ողջակիզւած-սպանւած զինւորներու ընտանիքները չեն կրցած թօթափել ողբերգութիւններուն լուծը: Իսկ այս բոլորը «բնական ապրելու» պայմաննե՞ր կը ստեղծեն… Մարդիկ որքա՞ն բթացած պէտք է ըլլան, որպէսզի համոզւին ՔՊ-ապետին բարեմի՜տ քարոզներով, յորդորներով, «ապագայ կա՛յ» խոստումներով, երբ այդ «ապագայ»-ին մէկ մասը փոշիացած է արդէն: (Ողջունելի է, որ Երեւանի մէջ իշխանութիւնը վերջին օրերուն քայլ առ քայլ նահանջներ կարձանագրէ եւ իրողական պարտութիւններ կը կրէ ժողովրդային ընդվզումի ալիքներուն դիմաց, նախ՝ փոխադրամիջոցներու սակերու վերատեսութեան, ապա նաեւ եկամտահարկի ծանուցագիներու պայմանաժամին երկարաձգման ճամբով, որոնք այլապէս… աչքի փոշիի գործ կը տեսնեն՝ իսկական եւ անդառնալի կորուստներու թղթածրարին լոյսին տակ):

Զ. Վերադառնանք այլ կէտի մըն ալ. փաշինեանական Հայաստանը (իբրեւ թէ) ճիգ կընէ, պէտք է ընէ, որպէսզի առանց արտաքին օժանդակութիւններու ապրի, կանգնի իր ոտքերուն վրայ: Արդեօք կա՞յ հայ մը, որ չցանկայ նման բան: Աւելի՛ն, կա՞յ հայ մը, որ խաղաղութիւն չցանկայ…: Մի՛ հարցնէք, թէ իշխանաւորները գործնապէս ի՞նչ կընեն «առանց արտաքին օգնութիւններու» ապրելու համար: Եւրոպացի դէտերու (շօշափելի արդիւնքէ զուրկ) պաշտօնավարութիւնը երկու տարի երկարաձգելո՞վ, ռուսական ուժերուն տեղ արեւմտեան ուժերու տեղադրումի ծրագիրներո՞վ (իմանալ՝ թուրքերու իրողական «մանտաթ» տւող ծրագիրով), թէ՞ երկրին տնտեսական յենարանները քիչ-քիչ քանդելու աղաղակող քայլերով: Անգլերէն առած մը կըսէ. «Ձեռքիդ մէջ եղող մէկ թռչունը նախընտրելի է, քան մացառին վրայ երկու թռչունը» (A bird in the hand is worth two in the bush): Չենք ուզեր երկար տարածւիլ եւրոպական շուկայ մտնելու ծանօթ երազներով (այլապէս ցանկալի) եւ ներկայի հնարաւորութիւնները հովին տալու ընթացքով, այդ մասին Հայաստան հասնող «պատգամներով»: Եւ այս մարդիկը երբեմն կը ցնդաբանեն «ռէալ փոլոթիք»-ի մասին:

…Վաղը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան ափերուն, այս ցնդաբանութիւնները ուժեղ հակազդեցութիւն պիտի գտնեն եւ մարդիկ պիտի հասկցնեն դատարկաբանին, որ մեր ազգին մեծամասնութիւնը ապուշներէ չէ բաղկացած, այլ պիտի գտնէ կորուստներէն դուրս գալու եւ վերականգնելու ճի՛շտ ուղին: «Գաղափարական վերանորոգում»-ը չի կրնար ազգին յանձնառութիւնը խորտակել ու նետել սնամէջ վէճերու մէջ:

Related Articles

Back to top button