Դաշնակցական Բեմ

Պատգամներ Գիւմրիէն եւ… Փաշինեանէն

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ…»

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՇԱՐԱԿԱՆ

 

Մայր հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին ապրող հայուն համար, Աւագ Չորեքշաբթին՝ 16 ապրիլը, երկու ցնցիչ փաստ արձանագրեց մեր քաղաքական կեանքին մէջ: Առաջինը Գիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքին ամրագրումն էր, իսկ երկրորդը՝ ՔՊ-ապետին այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագիրը տեղ պիտի չունենայ: Անշուշտ կան ուշագրաւ այլ իրադարձութիւններ, բայց եկէ՛ք, կենտրոնանանք այս երկուքին վրայ:

 

ԳԻՒՄՐԻԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Գիւմրիէն հնչած պատգամը սպասելի էր եւ գործնական ուղեցոյց: ՔՊ-ի պարտութիւնը ամրագրւեցաւ, երբ Վարդան Ղուկասեան ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ, եւ ՔՊ-ականներու գլխիկոր բացակայութեան, ընտրւեցաւ քաղաքապետ:

Ընտրութիւնը անսպասելի չէր, որովհետեւ քւէարկութեան աւարտէն ետք, բոլոր ընդդիմադիրները յայտարարած էին, որ իրենց քւէն պիտի տան առաւելագոյն թիւով քւէ ապահովող ընդդիմադիրին: Մինչեւ քաղաքապետի ընտրութեան նախօրեակն ալ, որոշ շրջանակներ փորձեցին կասկածներ տարածել, թէ մէկն ու մէկը կրնայ «սայթաքիլ» եւ նպաստել ՔՊ-ականներու խաղերուն, սակայն Չորեքշաբթիի նիստը եղաւ վճռական: Ընդդիմադիրները պահեցին իրենց խոստումը, յետդարձ չըրին յանձնառութենէն:

Ուշագրաւ էր, որ ընդդիմադիր պարագլուխները ո՛չ միայն խոստմնադրուժ չեղան (յիշեցէք Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները), այլ իրենց որոշումի յայտարարութեան մէջ գործածեցին ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ նշանակութիւն ունեցող բառ մը. քւէ կու տան ո՛չ թէ Վարդան Ղուկաեանի անձին, այլ՝ ՔՊ-ին հակադրւող ընդդիմադիր առաջատարին: Մէկ խօսքով, Գիւմրին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ՔՊ-ն անընդունելի է Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին մէջ: Ընտրապայքարի օրերուն իրարու դէմ ելած խմբաւորումները մէկդի դրած են երէկի հակադրութիւնները, տարակարծութիւնները (եւ տարբերութիւնները բաւական խորունկ էին), եւ միացած՝ մէկ էական եւ հիմնական նպատակի շուրջ. տապալել ՔՊ-ն: Եւ յաջողեցան: Անոնց միաձայնութիւնը հեռաւոր արձագանգ մըն էր Սիամանթոյի՝ «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» վճիռին:

Ասկէ անդին, նաւը խաղաղ ջուրերու վրայ պիտի նաւարկէ՞, այսինքն՝ Վարդան Ղուկասեան պիտի յաջողի՞ նոյն միասնականութիւնը ունենալ, երբ սկսի ձախաւերներուն հետքերը ջնջելու գործը, եւ վերականգնումի ծրագիրները իրականացման ճամբու մէջ դնել: Գիւմրեցիք այդ յոյսը ունին (անոնց կը միանան նաեւ Հայաստանի բոլոր շրջաններու բնակիչները), սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ իշխանութիւնները վաղը-միւս օր կրնան յերիւրանքներու եւ շինծու պատճառաբանութիւններու տոպրակը վերստին բանալ, ինչպէս ըրած էին ընտրութիւններէն առաջ: Նման խարդաւանանքներով, ՔՊ-ականները անցեալին ընդդիմադիրներէ խլած էին նոյնինք Գիւմրիի եւ այլ քաղաքներու ղեկը եւ նշանակած՝ իրենց մարդիկը: Շուտով յայտնի եղաւ, նա՛եւ նոյնինքն Գիւմրիի մէջ՝ որ ՔՊ-ականները խոստում իրականացնող չեն, կ’ընեն խոստումներուն ճիշդ հակառակը: Գիւմրին միակ դաշտը չէ, նման վարքագիծ ի զօրու էր Արցախէն մինչեւ Հայաստան, կը տարածւի նաեւ դէպի սփիւռքեան ափեր:

Նախաճաշակը հնչեց քաղաքապետական խորհուրդի նիստի պահուն, երբ ՔՊ-ականները յայտարարեցին, որ ընտրութիւնները «կեղծւած են», կը պահանջեն նոր ընտրութիւն (եւ տեսէ՜ք, թէ կեղծիքի մասին խօսողը ո՛վ է): Նոյնը ըսին Փարաքարի ընտրութիւններուն մասին, մինչդեռ հոն ՔՊ-ականներու պարտութիւնը աւելի՛ աղաղակող էր եւ Գիւմրիի զուգահեռ՝ ընդդիմադիրները միաձայնութեամբ ընտրեցին իրենց քաղաքապետը:

Ս. Յարութեան տօնի եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, գիւրմեցիներու տւած պատգամը յստակ է. եթէ ընդդիմադիրներու մասնակի հաշիւները մէկդի քշւին, դիւրին է ՔՊ-ն տապալել թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:

 

ԱԶԵՐԻԱՀԱՃՈՅ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Գիւմրեցիներու այս պատգամին իմաստը, լուռ հրաւէրը աստիճան մը եւս շեշտւեցաւ, երբ նոյն օրը, վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեան փութաց պատռել Ադրբեջանի կամակատարը ըլլալու իր դիմակէն խաւ մը եւս (եթէ տակաւին հոն դիմակ ու գաղտնիք տեսնող կայ), եւ հրապարակ եկաւ քաղաքական պատգամով մը: Մարդուկը յայտարարեց, որ այո՛, (Ադրբեջանի պահանջին համաձայն) նոր Սահմանադրութիւն պիտի մշակւի եւ (Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի պահանջին համաձայն), անոր մէջ տեղ պիտի չգտնէ Անկախութեան հռչակագիրը, որովհետեւ նման յղում կատարելով՝ Հայաստան ինքնիշխանութիւն պիտի չունենայ: Արդեօք դեռ հաւատացող կա՞յ, որ նման քայլեր համապատասխան չեն թուրք-ազերիական պահանջներու…

Իմաստուն եւ կշռադատող հայը հարց պիտի տայ. այդ ո՞ր տրամաբանութեան հիմամբ կը կատարւի նման հաստատում (նման հարց տւողը կուզէ իշխանապետին մէջ տրամաբանութեան նշոյլ տեսնել): Պատասխանը յստակ է. եթէ մարդուն ուղեղին մէջ տեղադրւած են թուրքական եւ ազերիական շահերո՛ւ տրամաբանութիւնը, թշնամիին ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ իրականացման ի խնդիր գործելո՛ւ «յանձնառութիւնը»՝ նման քաղաքական մտածողութիւն ու կեցւածք կը գտնէ իր բացատրութիւնը: Եթէ ընթերցողս ալ պահ մը, մի՛այն ակնթարթ մը որդեգրէ նոյն մտածողութիւնը, փաշինեանական տրամաբանութիւնը պիտի նկատէ «հայրենասիրական», որովհետեւ պիտի սկսի մտածել ու դատել… թուրքի ու ազերիի ուղեղով:

Իրաւունք ունի՛ն ընդդիմադիրները, որոնք Փաշինեանի նորագոյն այս խոստովանութեան մէջ կը տեսնեն Արցախի եւ Ցեղասպանութեան գծով մեր բոլոր պահանջներէն հրաժարում, ճի՛շտ այնպէս՝ ինչպէս, կրկնենք, կը պահանջեն Թուրքիա եւ Ադրբեջան: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, մարդը ասկէ աւելի պարզ ու յստակ բառերով կրնա՞յ ըսել հայութեան, թէ պէտք է մոռնալ մեր Դատը, իր բոլոր երեսներով ու փուլերով: Մոռացումի թելադրանքը միայն Արարատով եւ նման խորհրդանիշերով չէ սահմանափակւած, այլ կընդգրկէ ՄԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԴԱՏԸ, նոյնինքն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ Անկախութեան հռչակագիրը՝ Արցախի տիրութեան ու Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իր երեսներով, հիմքն է մեր վերանկախացած ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, առանց այդ հիմերուն, պետութեան շէնքը փուլ կու գայ: Եւ հոս կարեւոր կը նկատենք անգամ մը եւս շեշտել, որ պետութիւն, պետականութիւն հասկացութիւնները համազօր չեն իշխանութեան, վերջինը գնայուն է ու փոփոխական, իսկ պետութիւնն ու պետականութիւնը՝ գերիվեր ու մնայուն արժէքներ են:

Այս մօտեցումով ալ, եւ լսելէ ետք Փաշինեանի (եւ այլոց նոյնիմաստ) խոստովանութիւնները, մեր ժողովուրդը, ներառեալ… փաշինեանասէրները կոչւած են քանդելու իշխանաւորներու ստապատիր քարոզչութեան շղթաները, տեսնելու, թէ ՔՊ-ականները ինչպիսի՜ խաբէութեամբ կը փորձեն հաւասարութիւն դնել ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւններուն միջեւ, որպէսզի այդ յերիւրանքին ետին թաքցնեն ո՛չ միայն իրենց ձախողութիւնները, նահանջները, այլեւ արդարացնեն իրենց «ազգընտիր մանտադակիր» ըլլալը:

Այս վարչախումբը պէտք է անյապաղ հասցնել իր մայրամուտին, նոյնինքն ՔՊ-ականները պէտք է տեսնեն, որ իրենց պոսը լիովին ու անվերապահ գործակիցն է թշնամիին, ապա՝ յանցաւորները նստեցնել ամբաստանեալի աթոռին, ենթարկել արդար դատավարութեան, որպէսզի վերաբացւի մեր Դատին հետապնդման ուղին:

…Քանի մը օր ետք, Ս. Յարութեան տօնին, մեր եկեղեցիներուն մէջ պիտի երգւի «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ» շարականը: Մեր «անմահ փեսան» մեր Դատն է ու անվիճելի իրաւունքը: Թէքէեանի բառերով՝ «Ահաւոր բան»-ը այլեւս մութին մէջ չի կատարւիր:

16 Ապրիլ 2025

Related Articles

Back to top button