Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման մէկ ու միակ ուղին իշխանափոխութիւնն է

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Յարաբերութիւնները երկու կողմերու համապատասխան մասնակցութեամբ եւ վստահութեամբ կը մշակւին: Առանց փոխադարձ ըմբռնողութեան, գործակցութեան եւ համընդհանուր շահերու հետապնդման մօտեցումին՝ անիմաստ եւ ապարդիւն են յարաբերութիւնները ե՛ւ յարաբերութիւններու մասին քննարկումներ կատարելը:
Դիւրին է մեծ-մեծ լոզունգներով խօսիլ ու գրել Սփիւռք-Հայաստան կապերու հզօրացման ու համախմբումի մասին: Դիւրին է միշտ ըլլալ «մէջտեղ»-ը՝ օգտւելու հոսկէ-հոնկէ, սակայն դժւարը երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնումն է, երբ մէկ կողմը՝ Հայաստանի իշխանութիւնները, սփիւռքի նկատմամբ ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են, ոչ մէկ գործակցութեան ոգի կայ, եւ համապատասխան կամքն ալ գոյութիւն չունի: Ընդհակառակը, այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները եւ անոնց հետեւորդները, այսպէս կոչւած, կը վերականգնեն սփիւռքը «կթան կով»-ի վիճակի մէջ տեսնելու եւ կամ ալ «նարինջ» ուտողի դերը յանձնելու կացութեան մէջ, ինչ որ անընդունելի է:
Ուստի, երբ կը շեշտենք Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ու զարգացման կարեւորութիւնը, ապա իրաւունք չունինք այսօրւան «ամուսնալուծւած» պատկերին մէջ համահաւասար պատասխանատւութիւն փոխանցելու երկու կողմերուն: Ներկայ կացութեան մէջ ու յարաբերութիւններու վատթարացման մէջ իր էական բաժինը ունի Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնց գործօնը անպայմա՛ն պէտք է շեշտւի:
Տակաւի՛ն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ճիգ գոյութիւն ունի սփիւռքը պառակտելու եւ մասնատելու: Այս ալ պէտք չէ անտեսել ու մոռնալ: Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի կառոյցներու մէջ «ներգրաււելու»՝ թափանցելու փորձի մէջ են պետական լծակները՝ ներսէն գրաւելու կուսակցութիւնները եւ ի մասնաւորի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սփիւռքեան կառոյցները, որպէսզի նշեալ կազմակերպութիւններն ալ իրենց էութենէն պարպւին եւ կամակատար դառնան նոր ուղիին՝ «Նոր Հայաստան»-ին:
Յետոյ, որո՞ւ հետ յարաբերիլ: Իշխանութիւն մը, որ նահատակներու ծնողներուն նկատմամբ նւազագոյն յարգանքը չունի. իշխանութիւն մը, որ 5000 տան ճրագը մարած է. իշխանութիւն մը, որուն համար Շուշին «տժգոյն» է. իշխանութիւն մը, որ ազգային արժէքային համակարգը քանդել կը փորձէ. իշխանութիւն մը, որ պատրաստ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը «պատմական հարց»-ի վերածելու. իշխանութիւն մը, որ կը շեշտէ, թէ Մուշը, Սասունն ու Վանը Թուրքիա են. իշխանութիւն մը, որ Ադրբեջանի բանտերուն մէջ հայ գերիներուն օրակարգը մոռցած է, մինչ Հայաստանի բանտերը կը լեցնէ սրբազաններով եւ դաշնակցականներով. իշխանութիւն մը, որ թշնամիին հետ նահատակներու արեան կաթիլները ոտնահարելով՝ պատրաստ է ամէն ինչ յանձնելու, զիջելու, տալու, որպէսզի գահը պահէ, հարստութիւն դիզէ, վարպետներուն կամքը կատարէ, հայրենիքը քանդէ… Կարելի է հարիւրաւոր կէտեր թւել…
Այս իրադրութեան մէջ անհեթեթութիւն է սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսիլը: Այսօր մեր եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ չկան հասարակաց գիծեր, որոնց մասին կարելի է քննարկել, խօսիլ: Նշեալ պայմաններուն մէջ միայն կարելի է քննարկել Հայաստանի իշխանութիւններու ամէնէն արագ, ամէնէն արդիւնաւէտ եւ նւազագոյն ցնցումներով հեռացման գործընթացը: Ուրիշ օրակարգի քննարկումը մեղսակցութիւն է՝ արձանագրւած բոլոր ոճիրներուն, ձախողութիւններուն եւ դաւաճանութիւններուն:
Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու հիմքը համընդհանուր նպատակներն են, որոնք այսօր գոյութիւն չունին: Կը բաւէ «բարոյախօսութիւններով» եւ «փրկարարական» կարգախօսներով հաւաքականութիւնը նոր ուղիներու առաջնորդելու աւերիչ ճիգի մէջ ըլլալ:
Այդ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէկ, միակ, անյետաձգելի եւ մեր ուղին Հայաստանի իշխանափոխութիւնն է, չարիքի հեռացումն է: Այս ուղիէն շեղումը նոյնինքն դաւաճանութիւն է:
«Ազդակ»