Իրական Հայաստան եւ իրական ամբարիշտներ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Պետութիւն եւ եկեղեցի հակամարտութիւնը գոյութիւն ունեցած է եկեղեցական նւիրապետութիւններու կազմաւորման օրերէն: Եկեղեցական նւիրապետութիւնները կազմաւորւած են, չորրորդ դարէն սկսեալ, պետական աւատապետական դրութեան նմանողութեամբ, ուր կաթողիկոսը թագաւորն է, իսկ առաջնորդ եպիսկոպոսները` աշխարհներու (նահանգներու) տէր նախարարները: Այս նմանութիւնը սակայն կը վերաբերի եկեղեցւոյ, որ մարդերու համախմբում-ժողով է, միայն ու միայն արտաքին, տեսանելի կազմակերպութեան: Այս կազմակերպութիւնը կապ չունի եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, այսինքն` հաւատքին հետ: Քրիստոնէական հաւատքին առնչւած հարցերը կապւած են մարդկային իմացականութեան, հոգեկան ապրումներուն եւ խիղճին հետ: Եկեղեցւոյ իսկական պետը Յիսուս Քրիստոսն է. Քրիստոսի յանձնարարութիւնները կատարողները` եկեղեցւոյ սպասաւորները` սարկաւագ, քահանայ եւ եպիսկոպոս, ծառայողներ են: Անոնք եկեղեցի կոչւած հաստատութեան պաշտօնեաները չեն: Այս հասկացողութեամբ, անոնք չեն կրնար ենթակայ ըլլալ պետութեան պաշտօնէութեան վերաբերող կամ առհասարակ աշխատանքային պետական օրէնքներուն:
Եկեղեցական նւիրապետութեան մաս կազմող պաշտօնեաները կենթարկւին կանոններու, որոնք որոշւած են, ըստ աւանդութեան, առաքեալներու կողմէ, կամ որդեգրւած են Տիեզերական ժողովներու, եկեղեցիներու ներքին ժողովներուն, հեղինակաւոր եւ սրբացւած հոգեւորականներու ու կաթողիկոսներու կողմէ: Այս կանոնները չեն վերաբերիր ժողովուրդներու ընթացիկ կեանքին, որոնք պետական օրէնքներուն կառնչւին, այլ` եկեղեցականներու ու հաւատացեալներու հոգեկան կեանքին, յարաբերութիւններուն ու քրիստոնէավայել կենցաղին:
Երբ կը խօսինք եկեղեցական նւիրապետութեան մասին, խօսած կըլլանք եկեղեցական կարգերու աստիճանաւորումին մասին, իւրաքանչիւր աստիճանին տրւած իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Այս կարգերը չեն ստացւիր, պետական պաշտօններուն նման, միայն ընտրութեամբ կամ նշանակումով: Ընտրութիւնը կամ նշանակումը կը նւիրականացւին ձեռնադրութեան միջոցով: Ձեռնադրութիւնը եկեղեցական խորհուրդ մըն է, այսինքն` արարողութեամբ կատարւող գործողութիւն մը, որուն միջոցով ընծայեալը (ձեռնադրւողը) կը տիրանայ շնորհքի մը, որ Սուրբ հոգիին միջոցով կը շնորհւի իրեն: Այդ շնորհքը իրեն կու տայ, համաձայն իր կարգին, իրաւունքներ, միաժամանակ` պարկեշտութեան, հնազանդութեան, ծառայութեան ու աղօթարար կենցաղի պարտաւորութիւններ: Անսաստողները կենթարկւին եկեղեցական մեղմ պատիժներու, ծանրագոյն պարագային` նաեւ կարգէ զրկումի, կարգազուրկ դառնալու: Այս պատիժներուն որոշումը իրաւասու է տալու յանցանք գործողին կարգէն բարձր դիրք ունեցող եկեղեցականը, որուն ենթակայութեան տակ կը գտնւի ան: Եկեղեցական կանոնները ո՛չ հարցաքննութիւն կը նախատեսեն, ո՛չ դատ ու դատաստան, ո՛չ փաստաբան, ո՛չ ալ դատախազ: Վերադաս եկեղեցականը կրնայ ատեան կազմել ու յանցաւորին տալ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, ապա որոշում կայացնել ատեանի առաջարկին հիման վրայ:
Եկեղեցւոյ կանոնական այս սկզբունքները բացատրեցինք, յստակ դարձնելու համար, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսիսեանը կարգազուրկ հռչակելու ու գահազուրկ դարձնելու մասին բոլոր հաղորդումները զուրկ են իրաւական նշանակութենէ: Կաթողիկոսը գահընկեց դարձնելու իրաւասութիւնը կը պատկանի զինք ընտրող Ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովին: Պետական պաշտօնէութիւնը, ինչ աստիճանի ալ ըլլայ, չի կրնար եկեղեցական կանոնին անտեսումով որոշում կայացնել եւ կաթողիկոսը կոչել իր աշխարհական անունով: Քաղաքական անպիտան միջոցառում է, իշխող մեծամասնութեան եւ վարչապետին կողմէ, իրենց քաղաքական դիրքորոշումը չբաժնող կաթողիկոսը հալածանքի ենթարկել իր ընտրութենէն եւ օծումէն քսանվեց տարիներ ետք, ենթադրեալ զանցառումի մը համար, որ հաւանաբար կատարւած է անկէ ալ առաջ: Եկեղեցին եւ իր նւիրապետութիւնը կարելի չէ քաղաքական խաղաքարտի վերածել:
Վարչապետին ներկայութիւնը, Յովհաննավանքի եկեղեցւոյ մէջ, կարգազուրկ հռչակւած ըմբոստ եկեղեցականին մատուցած անօրինական պատարագին, ծանր զանցառութիւն է, եկեղեցւոյ կանոններու խախտում: Հայաստանի բոլոր շրջաններէն հաւաքւած թերեւս քանի մը հազար համախոհներու ներկայութեամբ կատարւածը ամբարշտութիւն է, պետութենէն անջատ եղող եկեղեցւոյ դարաւոր կանոններու անտեսում, եկեղեցին պետութեան ենթակայութեան տակ դնելու մտադրութեան նախապատրաստութիւն:



