Դաշնակցական Բեմ

Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներու պատմութեան վրայ – Գ.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Լուսաւորչի կանթեղը հայ հաւատքի կարկառուն ու անժխտելի ապացոյցներէն մէկն է, որ կը յատկանշէ Մայր Աթոռը՝ Էջմիածինը:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Յետոյ Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ)

 

Հայաստանի մէջ, համայնավար իշխանութիւններու օրերուն, եւ ընդհանրապէս խորհրդային կայսրութեան տարածքին, հակակրօնական եւ հակաեկեղեցական ընդհանուր մթնոլորտին, ապա նաեւ՝ գետնի վրայ անոր կիրարկման մասին ուրւագծային պատկեր մը ներկայացնելէ ետք (նոյն խորագիրին տակ մեր նախորդ երկու սիւնակները), եկէ՛ք, պահ մը կենտրոնանաք Եկեղեցին, այսինքն՝ Էջմիածնակենտրոն համակարգը քայքայելու ձգտող այլ կիրարկումներու վրայ, որոնք քիչ մը աւելի հեռու կերթան, քան «Ազատ եկեղեցի» ու Անաստւածներու միաւորներ ստեղծելու՝ կազմակերպակա՛ն հնարքները, ու այժմէն իսկ ընենք հաստատում մը. թէ՛ նախընթացները, եւ թէ այս սիւնակին մէջ պարզւելիք իրականութիւնները չունեցան վախճանական այն ելքը, որուն կը ձգտէին Հայաստանի համայնավար իշխանութիւններն ու զանոնք հովանաւորող կարմիր Մոսկւան: Տարբեր պէտք չէ ըլլայ այժմու արշաւներուն՝ թուրքական ներշնչումով հովերուն վախճանը…:

Այլ խօսքով, այս սիւնակին մէջ, քաղւածքներ պիտի ընենք, «կազմակերպական»է անդին՝ անհատ եկեղեցականներու օգտագործման պատմական իրականութիւններէն: Այս կալւածին մէջ ալ, ՉԵԿԱ կոչւած համակարգը եղած է գլխաւոր դերակատարն ու գետնի վրայ տնօրինումներ պարտադրողը, թուլամորթներ եւ ստրկամիտներ զինւորագրողը:

Դարձեալ պիտի պահպանենք հպանցիկ նշումներու ձեւը, որովհետեւ այլապէս, պէտք է երկար մէջբերումներ կատարենք մեր օգտագործած գլխաւոր աղբիւրէն(*), որ այլապէս մեզ կրնայ տանիլ պատմութեան անցած եւ մոռացութեան արժանի այնպիսի՛ պատահարներու, որոնք դուրս կը մնան մեր դիտարկումներու դաշտէն, եւ սակայն, օրին եւ տասնամեակներ շարունակ, ահաւոր փոթորիկներ ստեղծած են հայութեան կեանքին մէջ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Անթիլիաս եւ այլուր: Դուրսերէն՝ համայնավարներու ծրագիրներով սարքւած այդ տագնապներուն թաքուն ծալքերը շատոնց բացայայտւած են եւ հայութեան քաղաքական դաշտին մէջ բարեբխատաբար ըստ բաւականին համերաշխութիւն ու համախոհութիւն հաստատւած է:

 

Եկեղեցականներու զինւորագրում

Այստեղ քաղւածաբար բերւած տեղեկութիւնները պէտք է դիտարկել գոնէ երկու մօտեցումով: Նախ այն, որ Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ քայքայման դէմ պայքարող իշխանութիւնները անդրադարձած են, որ Եկեղեցին իր դերն ու հմայքը չէ կորսնցուցած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ԱԶԳը կը մնայ հաւատարիմ ԱԶԳԱՅԻ՛Ն եկեղեցիին, անկախ, թէ ո՛վ է զայն կառավարողը, ինչպիսի՛ կամայականութիւններու եւ բռնադատութիւններու խաղալիք կը փորձեն դարձնել զայն: Երկրորդ, այս ենթապատկերը աչքի առջեւ ունենալ՝ երբ այսօր ականատես կըլլանք «նոր հայրապետ» շարժումին, «Եկեղեցին ջուլանոցէ կամ չարչիական առեւտուրի վայր» յորջորջումներուն, կաթողիկոս եւ թեմական առաջնորդներ պախարակելու աղաղակող քաղաքականութեան, որոշ «դժգոհ» քահանաներ եւ հոգեւորականներ իրենց համակարգին դէմ հանելու՝ նմանա՛պէս աղաղակող փաստերուն, նաեւ սփիւռքեան որոշ շրջաններու մէջ կարգ մը հոգեւորականներու ցարդ «գաղջ» կեցւածքներուն, որ բարեբախտաբար չունի համակարգային տարողութիւն: Այս դրական վիճակին փաստը վերջին շրջանին արտայայտութիւն գտաւ մէկէ աւելի ապացոյցներով, որոնց շարքին՝ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն կեցւածքները՝ Էջմիածինի կողքին, Արամ Ա Կաթողիկոսին յաճախակի յայտարարութիւններն ու կոչերը՝ ուղղւած՝ իշխանութիւններուն, իսկ նորագոյնը՝ Էջմիածին մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Գերագոյն խորհուրդի նստաշրջանէն բխած յայտարարութիւնը. անիկա սոսկական՝ Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութենէ շատ աւելին էր, հայրենիքի ու ազգի, պատմութեան ու մշակոյթի պաշտպանութեան բաւական ամբողջական փաստաթուղթ էր, պիտի մնայ իբրեւ պատմական նորագոյն վաւերաթուղթ:

Կազմակերպական հարւածներու ուղեգիծին քովն ի վեր, Եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու կեանքին մէջ անհատներու «որսորդութիւնը» կերտած է ի՛ր պատմութիւնը: Հայաստանի մէջ, եկեղեցւոյ բազմաթիւ ծառայողներ բռնադատութիւններու ենթարկւած են, տեղի ունեցած են սպանութիւններ (քահանայ մը սպանւած է պատարագ մատուցելու պահուն), ուրիշներ անօթութեան մատնւած են եւ ստիպւած՝ ապրուստի այլ միջոցներու դիմած են, աքսորականներու թիւը կը մնայ անորոշ: Զուգահեռաբար, սակայն, եկեղեցւոյ ծառայողներու դիմաց բացւած է մե՜ծ դուռ մը. «Եկէ՛ք, դարձէ՛ք մեր գործակատարները եւ մենք կը շարունակենք ձեզ հոգալ, ոմանք ալ հասցնել բարձր պաշտօններու»:

 

Օրւան «հերոսները»

Արձանագրենք քանի մը անւանի դաւաճաններու եւ գործակալներու անունները (Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի այլօրինակ ժառանգորդները):

Պոլսոյ մէջ ունեցած ենք Պասմաճեան անունով հոգեւորական մը, որ եպիսկոպոս դառնալու համար, ընդունած է գործակցիլ իշխանութիւններուն հետ: Բաղդադի մէջ ունեցած ենք Ռուբէն Մանասեան անունով եպիսկոպոս մը, որուն փաստւած անբարոյութիւնները… ներւած են, արժանացած է «պաշտօնի բարձրացման»: Սպահանի մէջ գործած է Մեսրոպ Մովսէսեան անունով արքեպիսկոպոս մը, որ նմանապէս ընդունած է դառնալ ՉԵԿԱի ծառայող մը, պայքարած է պարսկահայերու պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրւած առաջնորդի մը՝ Ներսէս Մելիք-Թանգեանի դէմ: Յունաստանի մէջ ՉԵԿԱն «զինւորագրած» է Կարապետ Մազլմեան անունով եպիսկոպոս մը, որուն՝ կարմիրներուն մատուցած ծառայութիւններուն փաստերը ունենալով՝ յունական կառավարութիւնը տւած է արտաքսման որոշում (յետոյ յետս կոչւած՝ տարբեր պատճառներով): Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ ունեցած ենք Ղեւոնդ Դուրեան անունով եպիսկոպոս մը, որ սկզբնապէս եղած է Էջմիածինի դէմ կարմիրներու ճնշումներուն սուր քննադատ մը (ինչպէս այլ հոգեւորականներ եւ ազգային կուսակցութիւններ), սակայն յետոյ «ապաստանած» է Ամերիկա, դարձած է կարմիրներուն սերտ գործակից մը (Հայաստանի Եռագոյնին, Ցեղասպանութեան յիշատակման մերժումին ու նման՝ կարմիրներուն հաճոյակատարութեան երկար պատմութիւն մը կայ հոն, աւարտած՝ իր սպանութեամբ: Կրկնենք, մենք նպատակ չունինք մտնելու այդ օրերու անհաճոյ եւ դուրսէն սարքւած դէպքերու ծալքերուն ու վէճերուն մէջ): Ան մէկն էր «Ազատ եկեղեցի»ի յարողներէն, որ նաեւ, ի շարս այլ «հերոսութիւններուն», ցնծութեամբ ողջունած է Էջմիածինի ընչազրկումը, ցարերու օրով կիրարկւած վարքագիծին կրկնութեան մէջ (եւ քայլ մըն ալ անդին անցնելով) տեսած է «եկեղեցին երկրաւոր, նիւթական կապանքներէ ձերբազատելու միջոց»…: Հայաստանի մէջ, պատմութիւնը արձանագրած է Բենիկ վարդապետի մը  (որ կամաւորաբար ծառայած է կարմիրներուն), նաեւ Մելեան անունով եւ քանի մը այլ քահանաներու եւ աշխարհականներու անուններ, որոնք հարկադրաբար, սպառնալիքներու եւ շանթաժի ճամբով լծւած են նոյն սայլին: Պէտք ունի՞նք զուգահեռներ մատնանշելու այս օրերու իրադարձութիւններուն, ընդունելով հանդերձ, որ ամէն բան նոյնը չէ:

Յիշատակութեան արժանի դէպք մըն է 1932-ի կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Գէորգ Սուրէնեանց պատմակերտ կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Աթոռը թափուր մնացած է երկու տարի: Ընտրութեան համար Էջմիածին երթալու պատրաստւող հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներ իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտած են յետաձգումներու, ստացած են պատգամներ, թէ ժողովի գումարման պարագային, պէտք է ընտրեն իշխանութիւններուն «ընտրեալը»: Այսօր ալ կարելի է հարց տալ, թէ համայնավար հակակրօն համակարգը ինչո՞ւ արտօնած է, ի վերջոյ, կաթողիկոսի ընտրութիւնը (այդպիսով ակամայ վկայելով որ նախորդ աւելի քան 10 տարիներու իր արշաւներն ու քաղաքականութիւնը մնացած են ապարդիւն), հետեւաբար թէ՛ օրին, եւ թէ՛ հետագայ դէպքերու հետեւողներու մտքին մէջ շեշտելով այն հարցումը, թէ Եկեղեցւոյ ինչպիսի՛ դերակատարութիւն պիտի վերապահւէր Խորէն եւ յաջորդ կաթողիկոսներու օրով: Ուսանելի կէտ է մասնակից եւ քւէ տւող պատգամաւորներու թիւը  (60, ընդամէնը 130-ի վրայ. եղած են բացակայողներ եւ սպիտակ քւէ նետողներ): Աւելի պարզ խօսքով, իշխանաւորները կուզէին – եւ որոշ ատեն մը, որոշ չափով յաջողեցան – Եկեղեցին վերածել «Տրովադայի ձի»ի, որուն միջոցով, պիտի փորձէին իրենց կարմիր ազդեցութիւնը տարածել գաղութներուն մէջ: Այսօր, ՔՊ-ական իշխանութիւնը տակաւին այդքան «չէ լիազօրւած», անոր թափանցումի ճիգը առաւելաբար քաղաքական-ժողովրդային սահմաններու մէջ է, իսկ այս իմաստով ՉԵԿԱ-ի դերը ձեւով մը վստահւած է Սփիւռքի յանձնակատարին եւ անոր հսկողութիւնը վայելող համակարգին, որոշ չափով ալ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն:

Ընտրութեան չեն մասնակցած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի, Սուրիոյ պէս թեմեր, կարելի է վստահ ենթադրութիւն ընել, թէ ի՛նչ պատճառներով:  Պատմութիւնը արձանագրած է, որ եթէ թեմակալ փոքրաթիւ առաջնորդներ դարձած են համայնավարներուն, այսինքն՝ ՉԵԿԱին ուղղակի գործակալները, անդին, բազմաթիւ ուրիշներ մերժած են «արջու ծառայութիւն» ընել, պահպանած են Էջմիածինին իրենց հաւատարմութիւնը: Մի՛շտ ալ կարելի է հարց տալ, թէ այդ օրերուն, արդեօք Եկեղեցիէն ներս բարեկարգումներու հարցեր, պահանջ չկա՞ր, կամ արդեօք անցեալ դարերուն նման հարցեր չե՞ն ծագած: Պատասխանը յստակ է, սակայն նոյնքան եւ աւելի՛ յստակ է, որ Եկեղեցին, իբրեւ անկախ կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւել կամ նւազ չափով իր հարցերը ի՛նք լուծած է, մինչեւ իսկ աղանդաւորական «փոթորկոտ» շարժումներ ի վերջոյ անցած-գացած են, իսկ Եկեղեցւոյ ԱԶԳԱՅԻՆ դերակատարութիւնը, այսինքն՝ պետական իշխանութեան լծորդի կամ, անոր բացակայութեան՝ այդ լուծն ալ իր ուսերուն վերցնելու գործը շարունակւած է ի շահ հայրենիքին ու ազգին: Այդ ճշմարտութեան իմացութիւնն է որ արտաքին թշնամիները, անոնք ըլլան ցարական, Օսմանեան թէ համայնավար (չմոռնանք նաեւ հին դարերու դաւանաբանական տագնապները՝ Բիւզանդիոնի ու Հռոմի հետ) գլխաւոր թիրախի վերածած են ազգային այս կառոյցը, անկախ անկէ, թէ ո՛վ էր բազմած Աթոռին: Հիմա եղածը տարբեր չէ. բուն թիրախաւորողը դարձեալ մեր թշնամին է՝ թուրքն ու ազերին, ՔՊ-ական իշխանութիւնները ԿԱՄԱՒՈՐ եւ ՍԻՐԱՅՕԺԱՐ դարձած են անոնց ծրագիրներուն հետեւորդները, իրականացնողները, որքա՛ն ալ մերժեն ընդունիլ այդ դաւին իրենց մեղսակցութիւնը, ի՛նչ անուն ալ հագցնեն Եկեղեցւոյ դէմ իրենց արշաւներուն, զայն զինեն կաթողիկոսի կամ որոշ հոգեւորականներու ԱՆՁԵՐՈՒՆ ուղղւած սլաքներով ու նիզակներով:

Շինծու փոթորիկներու մթնոլորտին մէջ, 1932-ին ի վերջոյ կաթողիկոս ընտրւած է Խորէն Մուրադբէկեանը, որ ծանօթ էր ցարական իշխանութիւններու 1903-ի կամայականութեանց դէմ պայքարին մասնակցութեամբ (Խրիմեան Հայրիկի կողքին), իսկ խորհրդայիններու օրով՝ դէմ կանգնած է «Ազատ եկեղեցի»ին ու նման յելուզակութիւններու, յելուզակներո՛ւն: Այս կաթողիկոսին մասին վկայութիւններ կան, որ հարկադրաբար գործակցած է համայնավար իշխանութիւններուն հետ, մինչեւ իսկ անոր կը վերագրւին (յայտնապէս պարտադրաբար) բացասական քայլեր, սակայն ան շուտով շահած է «եղերաբախտ» տիտղոսը, որովհետեւ 1938-ին, կաթողիկոսարանի իր բնակավայրին մէջ խեղդամահ սպանւած է իշխանաւորներու գործակալներուն ձեռքով: Տասնամեակներ ետք է որ անոր աճիւնները Գայիանէի վանքի գերեզմանատունէն փոխադրւած է Էջմիածին եւ այժմ կը ննջէ Խրիմեան Հայրիկի եւ այլ պատմակերտ կաթողիկոսներու կողքին:

Այս բոլոր խժդժութիւններուն՝ հալածանքներու, բռնադատութիւններու եւ սպանութիւններու հետեւանքով, հայութիւնը ահաւոր յուզումներ ապրած է օրին: Ուշագրաւ է, որ ներքին բեմին վրայ տեղի ունեցող դէպքերը համատարած արձագանգ չեն գտած հայութեան մէջ, ներառեալ՝ արտասահմանը, ուր ՉԵԿԱ-ի սադրանքներով բաժանւածութիւնն ու պառակտումը շատ աւելի տիրապետող եւ ահաւոր հետեւանքներով յղի եղած են, քան Էջմիածինի գլխուն փաթթւած պատուհասները(**):

 

Եզրակացութիւն

Ինչպէս մեր այս սիւնակներու շարքին սկզբնաւորութեան նշեցինք, տագնապալի օրերու վրայ այս թռուցիկ ակնարկը կատարեցինք՝ մեր ընթերցողին եւ ընդհանրապէս մեր ազգակիցներուն յիշեցնելու դաժան իրականութիւններ, որոնք երբեմն կը սեպւին «անցած-գացած օրերու դէպքեր», արժանի՝ մոռացութեան: Ժամանակն ու նոր իրականութիւններ իսկապէս ալ եկած են փոշիի – հետեւաբար նաեւ մոռացութեան – որոշ շղարշ տարածելու այդ դէպքերուն վրայ: Սակայն ահա, Հայաստանի իշխանութիւններու հակաեկեղեցի արշաւը պատճառ կըլլայ, որ այդ քողը մասամբ վերցնենք եւ փորձենք ցոյց տալ նմանութիւններ ու տարբերութիւններ (պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ խօսքը բացարձակապէս ճիշտ չէ, սակայն դէպքերու նմանութիւնը աղաղակող է. յաճախ կը խօսւի Անիի վաճառքի փաստին մասին):

Աւելորդ չենք նկատեր քանի մը իրականութիւն, փաստացի՛ իրականութիւն անգամ մը եւս արձանագրել:

Ա. Եկեղեցւոյ եւ անոր իշխանաւորներուն դէմ անցեալի հալածանքները եւ բռնադատութիւնները, միջամտութիւնները առաւելաբար դուրսէն եղած են, հիմա գլխաւոր դերակատարն է «ազգընտիր» կոչւած վարչապետն ու իր խումբը: Սա անվիճելի ողբերգութիւն է: Ժամանակի հեռաւորութեան վրայ, այսօր շատ աւելի պարզ կը տեսնենք, որ անցեալին, ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ դէմ արշաւները, հալածանքները ուրկէ՛ խմած են իրենց ջուրը: ՔՊ-ականները մեր թշնամիներուն հաճոյանալու տենդով, փորած են հին ջրհորները եւ իրենց գործը կոռոգեն վերաբխող ջուրերով:

Բ. Թէ՛ աղանդաւորական շարժումներու օրերուն, թէ՛ համայնավարներու մեքենայութիւններու փուլին, մեր Եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդներուն դէմ արշաւները առերեւոյթ ունեցած են «բարեկարգչական» պատճառաբանութիւններ, սակայն ուշ կամ կանուխ, «բարեկարգիչներուն» դիմակները պատռւած են ու անոնք ի սպառ դուրս ինկած են մեր ժողովուրդի կեանքէն:

Գ. Ներկայ փուլին – հանգրւաններ կերտած փուլին -, իշխանաւորները կը վարեն շա՜տ աւելի վտանգաւոր եւ վնասարար քաղաքականութիւն. անոնք համայնավարներուն պէս յստակօրէն ու ճակատաբաց չեն հակադրւիր մեր Եկեղեցւոյ ու անոր առաջնորդներուն, այլ կը յաւակնին ըլլալ մեր Եկեղեցւոյ «սրտցաւ զաւակները»: Դժւար չէ տեսնելը՝ որ Եկեղեցւոյ եւ անոր սպասաւորներուն դէմ սաստկացող պայքարը ի՛նչ փուլերու կը զուգադիպի (նորագոյնը սկսաւ Արցախի եւ արցախցիներու իրաւունքներուն միջազգային բեմերու վրայ Կաթողիկոսի պաշտպանողականէն անմիջապէս ետք- ազերի կրօնապետի մը «կոչով»):

Դ. Այս պայքարը, անոր այսպէս կոչւած՝ գաղափարակա՛ն խորքը չի սահմանափակւիր միայն Եկեղեցիով. թիրախ են կուսակցութիւններ եւ ազգային մտածողութեան պաշտպաններ, Արցախի եւ մեր բոլոր հողերուն իրաւատիրութիւն ընողները: Եկեղեցւոյ դէմ պայքարի միջոցներէն մէկն ալ, ինչպէս համայնավարներու օրերուն, իբրեւ թէ «դժգոհ» եկեղեցականներու զինւորագրումն է իշխանութեան կողքին (այս կամ այն կարգալոյծ քահանային մատուցած չ-պատարագին ներկայութիւն ու նման խզումներու քաջալերանք, եւ այլն): Տեսանելի է, որ մեր ժողովուրդը, բացարձակ մեծամասնութիւնը աչքերը բացած է այս արտառոց իրականութիւններուն վրայ եւ պատրաստ է պաշտպանելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, կանգնիլ անոր բարձրացուցած դրօշին տակ: Հարց կը մնայ, թէ ՔՊ-ականներու կողմէ Էջմիածինի վրայ ուղղակի յարձակում մը ինչպիսի՛ հակազդեցութիւն պիտի գտնէ գետնի վրայ (ոչինչ պէտք է խնայել ներքին բախումներ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, եւ անոր ամենէն կարճ ճամբան՝ անյետաձգելի իշխանափոխութիւնն է, եւ ո՛չ թէ սպասել յառաջիկայ տարւան ընտրութիւններուն…)

Անցեալ դարու 20-ական եւ 30-ական տարիներու բռնադատութիւնները միայն Եկեղեցիով չէին սահմանափակւած, այլ այդ մողոքին զոհ գացին հայրենասէրներ, ազգ ու մշակոյթ պաշտպանողներ, նոյնինքն մաքրակրօն համայնավարներ. Եղիշէ Չարենցն ու կարգ մը սերնդակիցներ Եկեղեցւոյ հետ առնչութիւն չունէին…: Այդ փուլը, շինծու ու ներածւած տագնապներու փուլը ահաւոր հետքեր ձգած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, անոնք այս կամ այն ձեւով զգալի են նաեւ այսօր (չմտանք ընկերային կալւածին՝ ընտանիք-արժէքի պահպանման դաշտը, որուն մասին համայնավարներու, կարգ մը աղանդաւորականներու  եւ ՔՊ-ականներու «տեսութիւնները» ունին հասարակաց բազմաթիւ գիծեր): Այս օրերու դէպքերն ալ ծանր եւ երկարատեւ հետեւանքներ կը սպառնան: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար նորահաս սերունդին պէտք է խնայել նման արհաւիրք:

——————

(*) «Հայ Եկեղեցւոյ տագնապը եւ անոր պատասխանատուները», Ա. Պարտիզեան, Բոստոն, «Հայրենիք» հրատարակութիւն, 1936:

(**) Ինչպէս նշեցինք նախապէս, առաւելաբար օգտագործած ենք յիշեալ հատորը, հիմնականին մէջ անոր առաջին բաժինը: Եթէ քաղւածը շարունակէինք, պէտք էր անդրադառնայինք «տագնապ»ին այն մանրամասնութիւններուն եւ զարգացումներուն, որոնք ծագած են Ղեւոնդ Դուրեան եպիսկոպոսի դերակատարութեան ու սպանութեան արձագանգներուն լոյսին տակ. անոնք կը պատկանին պատմութեան տխուր մէկ ժամանակաշրջանին, եւ ներկայի դէպքերուն ու անոնց միջեւ ուղղակի զուգորդութիւն չկայ բարեբախտաբար:

Related Articles

Back to top button