Դաշնակցական Բեմ

«Մեր ժողովուրդը ո՞ւր է …»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Ուրա՜խ լեր», հա՛յ ժողովուրդ: Կաղանդ պապուկը այս տարի քեզի պիտի այցելէ ամանորէն ամիս մը առաջ, դեկտեմբերի առաջին օրը, եւ մե՜ծ նւէր մը պիտի բերէ քեզի. Մինսքի խումբը պաշտօնապէս լուծւած պիտի հռչակւի: Անկէ ետք, ՔՊ-ապետ Փաշինեան եւ իր «խաղաղասէր»-ները ամբողջովին գլուխ-գլխի պիտի մնան իրենց ազերի եւ թուրք արխատաշներուն (եղբայրներուն) հետ, որպէսզի միասնաբար չափեն ու ձեւեն, թէ նոր զիչումներու եւ նահանջներու քարտէզը ի՞նչ ձեւ պիտի ստանայ: «Ասէ՛ք, կանենք»-ը նոր հորիզոններու առջեւ պիտի գտնւի:

Մի՜ հաւատաք այն չարխօսիկներուն, թէ այս բոլորը կը կատարւին ազերիներու – եւ թուրքերու – պահանջով: Մինսքի խումբին լուծարքը (եւ զիջումներու ամբողջ մանկեակը) կը բխի Հայաստանի շահերէն: Իսկ եթէ յիշող կայ, թէ այդ խումբին առաքելութիւնը Արցախի հարցին կարգաւորումն էր, անոնք սխալ ճամբու մէջ են, քանզի ՔՊ-ապետը օր մըն ալ սուրբ հոգիին այցելութիւնը վայելեց (դուք ալ կը կարծէիք որ Ալիեւի պահա՞նջը կը կատարէր) եւ յայտարարեց, որ Արցախը «էն գլխէն» (հոգիիդ լո՜յս իջնէ, Սայեա՛թ Նովա) Ադրբեջանի պատկանած է, այլեւս մենք անոր հետ կապ չունինք: Ո՛չ հող, ո՛չ բանտարկեալ-գերի, ո՛չ բռնագաղթ ու նորագո՛յն ցեղասպանութիւն, ո՛չ յուշակոթողներու փճացում ու եկեղեցիներու մզկիթացումը կապ ունին մեզի հետ: Եւ ինչպէս որ Դոնալդ Թրամփ քանի մը օր առաջ կաւետէր, թէ Միջին Արեւելքի երկրակամարին նոր արեւ կը ծագի, նման արեւ մըն ալ պիտի ծագի Հայաստան-Ադրբեջան (եւ Թուրքիա) յարաբերութիւններուն վերեւ: Պատերազմները պիտի դադրին, Ադրբեջան պիտի պահանջէ, ՔՊ-ականները պիտի տան (պէտք ունի՞նք յիշեցնելու անհատնում ցանկը) առանց դիմադրութեան, խաղաղութեան անունով պիտի շարունակեն մեր ժողովուրդը խաբել, թէ ազերիները նախապայմաններ չունին (Արարատ Միրզոյեանի կողմէ նախապայմանի ակնարկութիւնը արդեօք պաշտօնազրկման պիտի հասնի՞), ու մեր ժողովուրդէն խաւ մըն ալ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, պիտի շարունակէ ծափահարել «ազգընտիր»-ը: Չարխօսիկ են բոլոր անոնք, որոնք կըսեն, թէ Արցախի մէջ հիմա խաղաղութիւն կը տիրէ… բռնագրաւման եւ հայաթափման շնորհիւ, թէ՝ նման խաղաղութեան աղաւնիի մը թեւերը վաղը կրնան սաւառնիլ Հայաստանի վերեւ, սկսելով Սիւնիքէն: Հոն ալ մի՜ հաւատաք ձեր աչքերով տեսածին («Զանգեզուրի միջանցք»-ի ազերիական տեսակէտին իրականացման), այլ վստահեցէ՛ք ՔՊ-ականներուն, թէ ատանկ բան գրւած չէ գրաւոր փաստաթուղթերու մէջ: Իսկ եթէ չէք մոռցած, որ ազերիական կողմը հովին տւած է բազմաթիւ ստորագրւած համաձայնագիրները, արդէն ձեր մեղքերը բազմապատկած կըլլաք…

***

Մինսքի խումբին լուծարքի թւականին հրապարակումը բողոքի եւ դժգոհութեան սպասւած ալիքը բարձրացուց հայկական երկինքներու տակ, սակայն ՔՊ-ականները իրենց աճպարարի գլխարկէն նոր նապաստակ մը նետեցին հրապարակ եւ ձեւով մը լուսանցք քշեցին այդ ալիքը:

Ի՞նչ կը կոչւի այդ նապաստակը: Անիկա կը կոչւի Եկեղեցւոյ – եւ առհասարակ ընդդիմադիրներու – դէմ հալածանքի նորագոյն արշաւ: Թեմակալ առաջնորդներու, ճանչցւած բարերարի մը, քաղաքապետերու եւ այլ ընդդիմադիրներու դէմ արշաւի օղակներէն ետք, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերի լուսաբացը «խաղաղութեան արեւը» ուրիշ ձեւով փայլեցուց Հայաստանի երկինքին մէջ, յիշեցնելով այն արեւները, որոնք համայնավարներու օրով կը փայլէին «կարմիր հայրենիք»-ին վերեւ: Նոր թիրախը՝ Արագածոտնի թեմական շրջանն էր. աաջնորդը՝ Մկրտիչ Սրբազան, 11 քահանաներ եւ քաղաքային ծառայողներ (յայտնապէս հնարովի մեղադրանքներով) հարցաքննութեան տարւած են, քննութիւն բացւած է տարբեր կասկածներով, որոնք (յայտապէս) կը հիմնւին իշխանութեան գործակալները դարձած աշխարհիկ ու կրօնաւոր «հերոսներու» ցուցմունքներուն վրայ:

Էջմիածինի հակազդեցութիւնը նման էր նախընթաց հալածանքներուն եւ բանտարկութիւններուն առիթով հնչած դատապարտանքին, գտաւ բազմաթիւ ձայնակցողներ: Մեկնաբաններու ուշադրութենէն չվիրպեցաւ, որ այս քայլերը կառնւին՝ Ադրբեջանի կրօնապետ Փաշազատէի սպառնական մեղադրանքներէն երկու օր ետք: Հոս ալ ՔՊ-ականները կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, թէ ազերիական կողմը կապ չունի եղածին հետ, այսինքն՝ ազերիական արիւնոտ ու դաւադիր ձեռքերը լւալու մրցավազքը կը շարունակւի, հոգ չէ թէ այս ու նման արարքներ կը լեռնացնեն այն փաստերը, որ այս արարածները լիովին լծւած են ազերիական սայլին, այն ակնկալութեամբ, որ սայլապանը զիրենք պիտի առաջնորդէ… յառաջիկայ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալու:

Արագածոտին եկեղեցիները զգալիօրէն անդամալուծութեան մատնող Չորեքշաբթիի «հերոսապատում»-ին դէմ՝ տեղացիք եղան բողոքի ու ընդվզումի առաջին ալիքը բարձրացնողները: Իրենց շրջանը այցելող լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, շատեր նկատեցին, որ ՔՊ-ականներն ու անոնց անուղեղ գործակատարը դարձած՝ ոստիկանական ուժերն ու ապահովութեան սպասարկուները ազերիներու ձեռքերը դարձած են ընդդէմ մեր Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին, մեր իրաւունքները պաշտպանող ընդդիմադիրներուն: Վաղը արդեօք այս հալածանքներուն իբրեւ բացատրութիւն՝ հրապարակ պիտի նետե՞ն այն չքմեղանքը, թէ «խաղաղութեան արեւ» խոստացող Թրամփն ալ իր բանակները գործի լծած է ընդդիմադիր նկատւող քաղաքներու դէմ, նաեւ «փակած» է կառավարութիւնը ու նետւած է սանձարձակ շահատակութիւններու կրկէսին մէջ…

Շատ բան խտացած էր եկեղեցիի մը բակին մէջ հարցապնդւող տարեց կնոջ մը արդար բացագանչութեան մէջ. «Մեր ժողովուրդը ո՞ւր է…»:

Related Articles

Back to top button