Դաշնակցական Բեմ

Get Lost!

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Գրած եմ քանիցս, որ Սեւանն ու ազերիներու վերադարձը ՀՀ սահմաններէն ներս հարցեր են, որոնք բանակցային սեղանին վրայ տեղ չեն կրնար ունենալ։ Պիտի գիտնանք, որ այդ հարցերու ընդգրկումը վիճելիներու ոլորտին մէջ Հայաստանի վերջնական մահն է եւ այն պա՛հը՝ երբ խօսակցութիւնը կանգ կառնէ եւ ազգը կը մտնէ վերջին առճակատման զօրաշարժերու փուլ։ Հետեւաբար հայկական կողմի պատասխանը Ալիեւի բարբաջանքներուն եւ առհասարակ աշխարհակարգի տէրերուն պիտի ըլլայ շատ կարճ՝ GET LOST! (Կամ – ի հարկին – անոր թրքերէն հանրածանօթ համազօրը։)

Պատկերը ներկայիս հետեւեալն է։ Իրական բանակցային գործընթացը այսօր տեղի կունենայ Վաշինգտոնի, Անկարայի եւ Բաքւի միջեւ միայն։ Ամօթալի եւ անընդունելի կարգավիճա՛կ մը՝ Հայաստանի համար։ Սկզբունքով, Երեւանը հոն է, բայց իրողապէս (de facto) դուրս դրւած է բանակցային գործընթացէն։ ԱՄՆ-ի դիւանագէտներուն ճիգն է (ինչպէս շեշտեր էի հոկտ. 29, 2025 թւակիր յօդւածիս մէջ) գտնել «Միջանցք»-ի մէկ տարբերակ, որ մէկ կողմէ կը գոհացնէ թուրքեւադրբեջանական կողմը եւ միւս կողմէ կապահովէ ԱՄՆ-ի իրական հակակշիռը Թրամփի Ճանապարհին վրայ։ Պարզ խօսքով, այսօր բանակցութիւնները կընթանան առանց հայկական խաղաքարտի ընդգրկման, եւ անշուշտ՝ ՀՀ վեհապետական իրաւունքներու հաշւոյն։

Իրերու հոլովոյթի այս համատեքստին մէջ է, որ պէտք է հասկնալ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները։ Յիշեալ յայտարարութիւնները բնականաբար ունին նւազագոյնի եւ առաւելագոյնի երկակի եզրեր։ Անոնք առնւազն կը ծառայեն որպէս բանակցային խաղաքարտեր թուրքական կողմի պահանջները աւելի սուղ դիրքերու բարձրացնելու նպատակով, բայց նաեւ կը ծառայեն որպէս թաքուն սպառնալիք բանակցային գործընթացը դէպի փակուղի առաջնորդելու։ Ի վերջոյ նաեւ թուրքեւադրբեջանական կողմի վախճանական առաջադրութեա՛մբ՝ ԱՄՆ-ի դիրքերը «Միջանցք»-ին վրայ թուլցնելու, զանոնք «ձեւական»ացնելու եւ «Միջացք»ը – ԱՄՆ-ի իսկ օրհնութեամբ – թուրքացնելու։ Յամենայն դէպս՝ նպատակ ունենալով մխրճելու գործընթացը նոր ճահիճի մը մէջ՝ պարտաւորեցնելով ԱՄՆ-ը Հայաստանը աւելի եւս հրելու թուրքեւադրբեջանական կողմի նկատմամբ վասալական դիրքերու վրայ։ Վաշինգտոնի մէջ, այս կացութեան կու տան lose-lose proposition յորջորջումը։ Կատարեալ պարտութիւն որեւէ չափորոշիչո՛վ։ Իրավիճա՛կ՝ որ անպայման պէտք է մերժւի Հայաստանի կողմէ առանց այլեւայլի եւ ընդփոյթ։

Այս ճահիճէն դուրս գալու միակ ձեւը Հայաստանի կողմէ խաղատախտակը շուռ տալու խիզախ ռազմավարութիւնն է։ Ճի՛շտ է. Հայաստանի դիրքերը ներկայիս նսեմացւած են խաղասեղանին վրայ, բայց հայկական կողմը տակաւին ունի մէկ կարեւոր խաղաքարտ, զոր պիտի գիտնայ գործածել։ Ան կրնայ գործածել զայն պայմանաւ որ ան կարողանայ գործել ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի ՄԻ ԲԵՐԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։ Խաղաքա՛րտ՝ որ դեռ ի վիճակի է ԱՄՆ-ի դիրքերը արագօրէն զգայնացնելու։ Զայն զգաստացնելու։ Անոր յիշեցնելու՝ որ Թրամփի Ճանապարհի լինելիութիւնը, ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ, կախւած է Հայաստանի տրամադրութիւններէն։

ՊԱՐԶ ԽՕՍՔՈՎ, ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԱՅՍ ՇՆԱԿԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ ԽԱՂԷՆ ԴՈՒՐՍ ՔԱԼԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՂ ԿԱՄՔ… Ասիկա միակ ուղին է, որմով Հայաստանը կը վերահաստատէ իր ինքնութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ եւ իր կարմիր գիծերէն հեռու կը քշէ գործընթացի բոլոր շնագայլերը։

Բնականաբար խիզախութեան այս քաղաքականութիւնը ունի իր ռիսքերը Հայաստանի համար։ եւ Հայաստանը պիտի անպայման պատրաստ ըլլայ այդ ռիսքերը դիմագրաւելու։ Քաջ գիտնալով՝ որ ասոնք առողջ ռիսքերն են իր լինելիութեան պայքարին։ Բախտատած այն անառողջ եւ անպատիւ ռիսքերուն ՝ որոնց դէմ յանդիման կը գտնւի ան այսօր փաշինեանական համակարգի յանցագործ քաղաքականութեամբ։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ՔԱԼԷ ՆԵՐԿԱՅ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ, ՈՐ ՈՐԵՒԷ ԱՅԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷ ԱՌԱՋ (ԵՒ ՈՐԵՒԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՊԷՍ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ) ԹՈՒՐՔԵՒԱԴՐԲԵՋԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԸՆԴՈՒՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆՕՐԷՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՒԱԾ ՈՉ-ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՈՒԽՏԱԳԻՐ (non-aggression pact) ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ։

Յստակ պէտք է ըլլայ բոլորին, որ մենք երկիր չենք ունենար առանց քաղաքական եւ յեղափոխական ողնայարի։ Մենք երկիր չենք ունենար առանց մեր երկրի ամէն մէկ թիզ հողին համար կենաց մահու կռիւ մղելու վճռականութեան։ Մենք երկիր չենք ունենար առանց թշնամին իր չափերուն բերելու հաստատակամութեան։ Առանց մեր ներքին ոգեղէն ուժականութիւններէն բխող հզօր leverage-ի։ Առանց մեր Հայրիկէն ժառանգւած երկաթէ շերեփի։ ԱՅՍՔԱՆ ԲԱ՛Ն։

Հայրենիք

Related Articles

Back to top button