Ուրախացէ՜ք, նոր հող պիտի նւիրենք…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՔՊ-ապետին ու կամակատարներու առօրեայէն
Աչքալուսա՜նք՝ հայրենի ու համայն հայութեան: Ադրբեջանի հետ սահմանազատման յաջորդ փուլը պիտի իրականանայ Սիւնիքի մէջ: Ուրախացի՜ր, Հայ ժողովուրդ: Խաղաղութիւն բերող «ազգընտիր»ը բացայայտեր է, որ հողերու յանձնումի – այսինքն՝ զիջումներու – յաջորդ դաշտը Սիւնիքն է, մունետիկներն ալ կարձագանքեն: Սա վատաբանութիւն ու բամբասանք չէ, այլ կը հիմնւի այս հողաբաշխներուն նախորդ իրագործումներուն վրայ. Արցախը տւին, Տաւուշի սահմանամերձ գիւղեր տւին, աւելի հարաւ՝ Ջրեմուկի եւ Սեւ լիճի շրջանէն սահմանային հողեր, նոյնինքն Գորիս-Կապան մայրուղին տուին, հիմա, նո՛յն տրամաբութեա՜մբ պիտի տան Սիւնիքէն հատւածներ: Ասոնք ուրախութեան պատճառ չե՞ն… թուրք-ազերիին ու թուրքական ուղեղով պատւաստւած հայանուններու համար: Կայ անշուշտ ողբերգութեան մէկ ԼՈՒՐՋ երեսը, որ կարծէք թէ կը վրիպի բոլորի ուշադրութենէն: «Սահմանազատման» զիջողական մտածողութիւնը այնպէ՛ս մը նստած է քաղաքական բեմին վրայ գործողներուն ներսիդին, որ Արցախի եւ այլ ՊԱՏՄԱԿԱՆ սահմաններու թղթածրարը կարծէք թէ «մարսւած» ու մէկդի շպրտւած է (առայժմ), լռելեայն ընդունելի դարձած է, որ պէտք է կենտրոնանալ խորհրդայիններու օրերէն մնացած՝ Հայաստան-Ադրբեջան սահմանագիծ հասկացութեան վրայ, զայն պաշտպանելը դարձած է առաջնահերթ առաջադրանք: Չէ՞ որ յաճախ կը խօսւի «երանելի՜» 9 Նոյեմբերին մասին:
***
ՔՊ-ական իշխանախումբին մէջ, մարդիկ սկսած են տեսնել Աստւածաշունչի նշանաւոր հերոսներէն՝ Զաքարիա քահանային թոռները, ա՛յն Զաքարեային՝ որուն անւան կապւած է «Պապանձումն Զաքարիայի» խօսքը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Բաքւի մէջ խայտառակ ու շինծու դատավարութեան ենթարկւող հայորդիներուն դիմաց, ՔՊ-ականներու լռութեան պատը արագօրէն բարձրացած է, հիմա արդէն անոնք որդեգրած են յօժարակամ պապանձում՝ ի լուր ցկեանց կամ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռի պահանջներուն: «Մեզի ի՞նչ: Անոնք Ադրբեջանի քաղաքացի են, Արցախը Ադրբեջան է: Յանցաւոր են՝ պէտք է պատժւին», կը մտածեն ՔՊ-ականները: Սիւնեցինե՜ր, պատրաստւեցէք մտնելու Ադրբեջան տանող կառաշարին յաջորդ կառքին մէջ:
***
Ընդդիմախօսներու, իշխանաւորներու թուրքահաճոյ գործը քննադատողներու դէմ արշաւը օր-աւուր նոր տարածքներ կը նւաճէ, ՔՊ-ականները կաշխատին լռութեան մատնել լրագրողներ ու տեղեկատու աղբիւրները: Նորագոյն թիրախները եղան «Անթիֆէյք» կայանն ու երկու երիտասարդներ՝ Նարեկ Սամսոնեան եւ Վարգէս Սաղաթէլեան (ասոնք անցեալին ալ բանտ նստած էին. կրնան սենեակ մը վարձել հոն): «Ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ ազատ արտայայտութիւնը, իշխանութեան բերած կորուստները ցոյց տալը արգիլւած է: Յիշեալ երկու երիտասարդները, ըստ Ալէն Սիմոնեանի «ամբաստանագիր»ին՝ խուլիկանութիւն ըրած են: Իսկ քննադատողներու ձեռքը-ոտքը կաշկանդել ու վրան թքնելը խուլիկանութիւն չեն, հերոսութիւն են, ընդիմմադիրի մը ականջն ու լեզուն կտրելու սպառնալիքը խուլիկանութիւն չէ, ժողովրդավարութեան ապացո՜յց է: Կը լսէ՞ք, ժողովրդավար աշխարհներ. ՔՊ-ականներէն ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու յարգանքի դասե՜ր պէտք է առնէք:
***
«Ազգընտիր»ը, Հայաստանի «ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակողն ու զայն ծախել փորձողը ճակատաբաց կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ տարւան ընտրութիւններուն, որո՞նք պէտք չէ մասնակցին, այսինքն՝ դուրս մնան խորհրդարանէն: Պրաւօ՜, «ազգընտի՛ր»: Մէյ մը ստուգէ՛, թէ մերթ ընդ մերթ գլխուդ վերեւ ճօճած մուրճդ ժանգոտա՞ծ է, արդեօք պէտք չունի՞ «իւղոտելու»: Միայն թէ պէտք է զգուշանաս, որ սխալմամբ գլխուդ չիյնայ: Այդ գործը հաւանաբար վաղարշապատցիք ընեն շուտով, իսկ դուն հաւանաբար կը մտածես, թէ որո՞նք պիտի մտցնես Գիւմրիի գահընկեց քաղաքապետին շոգեկառքին մէջ…


