Փունջ մը լուր…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
…Իսկ մեկնաբանութիւնը՝ ընթերցողիս: Բոլորի աւարտին պէտք է արձանագրել՝ հասկցողին շատ բարեւ:
1. Հիմա, երբ յայտնի դարձած է, որ ՆԱՏՕ-ին՝ Ուկրաինոյ անդամակցութեան հարցը սառնարան դրւած է, չըսելու համար, թէ օրակարգէ դուրս հանւած (սա պատերազմին մէկ ազդանշանը եղած էր), Եւրոպական միութիւնը Ուկրաինոյ առաջարկ կը ներկայացնէ, որպէսզի անդամակցի այս խմբակին, հաւաստելով, որ նման քայլ շատ օգտակար պիտի ըլլայ չորս տարիէ ի վեր քար ու քանդ եղող, զէնքի մուրացկան դարձած այդ երկրին: Եւրոպական Միութիւնը ըստ էութեան տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան դաշտ է, պաշտպանական, ռազմական հարցերը իր «գլուխէն վեր են», անիկա ՆԱՏՕ-ին գործն է, իսկ ՆԱՏՕ-ի պոսն ալ Վաշինգտոնն է, որուն՝ Ուկրաինոյ տագնապին հանդէպ կեցւածքը գլխիվայր շրջւած է, շնորհիւ Թրամփ-Պուտին ծանօթ համաձայնութեան:
2. Իտալիոյ մէջ բողոքի հսկայական ցոյցեր եւ գործադուլ տեղի ունեցաւ ուրբաթ օր (կրնան շարունակւիլ եւ արձագանգ գտնել այլ երկիրներու մէջ): Ժողովուրդը բողոքի ելած է «Թրամփի սիրելի գործակից»(ներէն) վարչապետ Ջորջիա Մելոնիի դէմ. դժգոհ է՝ որովհետեւ անոր կառավարութիւնը կրճատումի կենթարկէ ընկերային ապահովութեան ու կրթական մարզերու եւ այլ հանրօգուտ բիւջէները: Ցուցարար մը կաղաղակէր, թէ կառավարութիւնը ժողովուրդին համար առաջնահերթ եղող կալւածները կանտեսէ ու շինծու սպառնալիքներու պատճառաբանութեամբ կը բարձրացնէ պաշտպանութեան-սպառազինումի բիւջէն (Ֆրանսա եւ Գերմանիա ալ կը քարոզեն, թէ Ռուսիայէն սպառնալիք կը զգան): Եւրոպացիք շատո՜նց կը զգան Թրամփի՝ «ձեր պաշտպանութեան բիւջէն պէտք է բարձրացնէք» պահանջին այրուցքը, որուն ծայրէն կախւած է… Ուկրաինոյ պատերազմի խարոյկը Ամերիկայէն գնւած-գնւելիք զէնքերով հրահրելու ստեպղինը: Իտալացիք միակը չեն, որ կը զգան խայթոցները:
3. Պուլղարիոյ կառավարութիւնը հրաժարեր է, որովհետեւ ժողովուրդը բողոքի ցոյցերով ճնշումի տակ առած է զայն: Կառավարութեան մարդիկը մեղադրւած են իբրեւ կաշառակեր ու չարաշահ: Ուրեմն, կարելի՛ է եղեր փտած կառավարութիւն մը վար բերել: Ուկրանիոյ մէջ, Զելենսկիի սերտ գործակիցներու չարաշահութիւններն ալ գայթակղութիւն ստեղծեցին վերջերս, մէկէ աւելի անգամ: Եւրոպացի «կոյրերը» կը շարունակեն նիւթական հսկայական օժանդակութիւններ հասցնելու մրցակցութիւնը…:
4. Ամերիկացիք փողով-թմբուկով դիմաւորեցին Մարիա Քորինա Մաչատօ անունով վենեզուելացի ընդդիմադիր մը, որ քանի մը օր առաջ, դստեր ձեռամբ ստանձնեց ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ Նոպէլեան մրցանակը: Ան երկու օր առաջ «մաքսանենգւած» էր Վենեզուէլլայէն դուրս, իր երկրի նախագահին՝ Մատուրոյի ընդդիմադիր է, բաւարար արժանիք մը՝ այս մրցանակին արժանանալու համար (Թրամփ նախանձով կը դիտէ զայն): Եւ յանկարծ, երախտագէ՜տ Մաչատօ յայտարարեր է, որ կողջունէ իր երկրին հասնող ամերիկեան հարւածները: Խաղաղութեան մրցանանակի՜ր եւ ողջունե՞լ քարիւղատարի մը բռնագրաւումը (ժամանակին, երբ աշխարհը իր բանականութիւնը չէր կորսնցուցած, նման արարքներ «ծովահէնութիւն» կորակւէին, հիմա ալ՝ երբ նման բաներ տեղի ունենան Կարմիր ծովուն կամ Ծոցի ջուրերուն մէջ…): Անոր ողջոյնը նկատի ունենալու է նաեւ այն յարձակումները, որոնք ամերիկեան նաւատորմին ու ծովուժին կողմէ կը կատարւին Քարայիպեան ծովու մերձ-վենեզուելական ծովափին դիմաց: Ծանօթ է, որ այդ յարձակումներէն մէկը հսկայ փոթորիկ ստեղծեց ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ, երբ ի յայտ եկաւ, որ յարձակման ենթարկւած մակոյկի մը նաւազներէն երկու անպաշտպան փրկւածներ կրկին յարձակման ենթարկւած են եւ սպանւած՝ ամերիկեան ուժերու կողմէ:
5. Թրամփի «խաղաղութիւն հաստատեցի» յոխորտանքները խարակներու կը բախին ու ծովամոյն կըլլան հոս-հոն: Քամպոտիա-Թայլէնդ սահմանին վրայ բախումները վերսկսած են քանի մը օրէ ի վեր, «պտղաբերելով» աւելի քան 500 հազար գաղթական: Թրամփի «խաղաղեցուցած» մէկ այլ շրջան՝ Ռուանտա-Քոնկօ սահմանագիծն ալ տաքցած է, կան զոհեր: Սուդանի մէջ ջարդերը կը մնան լուսանցքի վրայ, իսկ Գազայի ու Արեւմտեան Ափին մէջ, պաղեստինցիներու ջարդը կը շարունակւի, անոնցմէ խլուած հողերուն իւրացումը կը նւիրականանայ, բնութիւնն ալ «աղ-պղպեղ» կը ցանէ տնազուրկ դարձած գազացիներու ողբերգութեան վրայ, փոթորիկի հետեւանքով ջրամոյն կը դառնան անոնց վրանները: Լիբանան իր բաժինը կը ստանայ իսրայէլեան «բարիքներ»էն (նոյնը՝ հոն գտնւող ՄԱԿ-ի ուժերը) ու կերազէ, որ Թրամփ «բան մը պիտի ընէ» ի նպաստ իրեն: Չարաճճիներ հրապարակ նետեր են կատակ մը, թէ՝ բանագնաց Պարրաք Հարաւային Լիբանանի համար ալ քազինոներու եւ զբօսավայրերու ծրագիր մը կուզէ ծախել լիբանանցիներուն, ինչպէս որ ատենին կը խօսւէր Գազայի քանդւած շրջաններուն մասին…
6. Հայաստանի մէջ, «սահմանագծում»ի շոգեկառքին նոր կայարանը կը թւի ըլլալ Սոթքի շրջանը, ուր կան ոսկիի հանքեր: Ազերիները շատո՜նց նստած են հանքին մօտ, խլած են մաս մը, հիմա, ՔՊ-ականներու «խաղաղասիրութեան» դիմաց՝ իբրեւ բարի կամեցողութեան «տուրք», կուզեն ամբողջացնել խլումը: Նոյնիմաստ զրոյցներ շրջան կընեն Ջերմուկի մօտակայ Ամուլսարի հանքերուն մասին: Ծանօթ է, որ ազերիները բազմած են Ջերմուկի բարձունքներուն, քանի մը տարի առաջ ստախօս հանեցին ՔՊ-ական կամակատար՝ զինւորական իմաստո՜ւն հրամանատարի մը այն հաւաստիքը, թէ «երբ օդերը պաղին, անոնք պիտի հեռանան մեր բարձունքներէն»: Այս հարցերը տակաւին կը մնան լուսանցքի վրայ, որովհետեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒՆ դէմ ՔՊ-ական իշխանութեան արշաւները նոր թափ կը ստանան, ի հաճութիւն Ադրբեջանի, որուն դարձեալ կը տրւի «Նոր սահմանադրութիւն պիտի մշակենք» խոստումը: (Ս. Ծննդեան տօնը կը մօտենայ, «Փառք ի բարձունս… ի մարդիկ հաճութիւն» երգը տարբեր ձեւով պիտի հնչէ Հայաստանի բարձունքներուն ու սահմաններուն վրայ, ցանկին վրայ է Մեղրիի շրջանը՝ ազերիական յորջորջումով՝ «Զանգեզուրի անց»ը):



