Յեղափոխութիւնը դէմ է կոյր ահաբեկչութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ձերբակալւած եօթը երիտասարդներէն հինգը դուրս եկան բանտէն, 72 ժամւան պայմանական կալանաւորման աւարտին: Չորսը դաշնակցականներ են, վերջինը` պատահաբար տեղւոյն վրայ գտնւող աշխատաւոր մը, որ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ երեք օր զինք պահած են Քննչական կոմիտէի արգելարանին մէջ: Բանտարկւած կը մնան երկու երիտասարդներ: Մէկը, 18 տարեկան տղայ մը, ունեցած է նռնակի (ձեռնառումբի) նմանողութեամբ խաղալիք մը: Հապճէպով զայն ներկայացուցին դատաւորին, որ առանց երկար ու բարակ մտածելու` երկու ամսւան պայմանական կալանաւորման դատապարտեց: Միւսը` տան մէջ իբրեւ յիշատակ պահած է անգործածելի նռնակ մը, ան եւս նոյն ճակատագրին ենթարկւած է: Երկուքին ալ պարագային, սկզբնական ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու ամբաստանութիւնը վերցւած է եւ մնացած միայն արգիլւած զէնք ու զինամթերք ունենալու անհեթեթ մեղադրանքը:
Թէ՛ եկեղեցականներու, թէ՛ ուղղակի եկեղեցւոյ եւ թէ՛ աշխուժութիւն ցուցաբերող ընդդիմադիրներու նկատմամբ ձեռք առնւած այս բիրտ միջոցառումները զգուշութեան հրաւէրներ են: Իշխանութիւնը, բռնատէրի վերածւած Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրականացման ուղղութեամբ նոր զիջում կատարելու ընթացքի մէջ է: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բանալու շուրջ բանակցութիւններ տեղի կունենան, հայկական գերիշխանութիւնը ձեւականօրէն պահելով, ճամբու հսկողութիւնը այսպէս կոչւած չէզոք ուժի մը վստահելու մասին շշուկներ կը լսւին: Գործնապէս Սիւնիքէն եւս հանգրւանային եղանակով հրաժարելու նախանշաններ կերեւին: Լոյս իջնէ հոգիիդ Գարեգին Նժդեհ. իշխանութիւնները կուզեն կանխել հաւանական որեւէ բողոք, ըմբոստութիւն: Իսկ ո՞վ կրնայ ըմբոստութիւն հրահրել. անշուշտ բարոյապէս` եկեղեցին, գործնապէս` Դաշնակցութիւնը:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ պայքարը Դաշնակցութեան չափ հին է: Այս պայքարը սկսած է Դաշնակցութեան ստեղծման օրէն: Իր անունին կցւած յեղափոխական կոչումը կը սարսափեցնէ ամէն տեսակի պահպանողականները, գոյութիւն չունեցածով գոհացողները, յարմարւողները, բարեկեցութեան անունին տակը զիջողները, ինքնիշխանութիւնը իրաւունքէ հրաժարումով շփոթողները:
Յայտնի լրագրող մը խօսակցութեան մը ընթացքին դիտել կու տար, որ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը նպատակասլաց է, օգտակար, նպաստաւոր ազգի ու հայրենիքի բարգաւաճման համար: Սակայն յեղափոխական մակդիրը կը վախցնէ. յեղափոխութիւնը բռնութիւն կենթադրէ եւ բռնութեան գաղափարին ընդունումէն դէպի ահաբեկչական գործունէութիւն` մէկ քայլ է: Տակաւին «թաւշեայ» եւ «գունաւոր» յեղափոխութիւնները նորարարութիւն չէին:
Ի՞նչ է յեղափոխութիւնը: Բառացիօրէն` ճանապարհ դէպի «եղած»-ի, գոյութիւն ունեցածի, փոփոխութիւն: Մեր, հայերուս պարագային, եղածը` գոյութիւն ունեցողը ընդունելի՞ է: Բռնագրաււած հայրենիք, ցրւած ժողովուրդ, ձուլումի վտանգ, իր գոյութիւնը պահպանելու համար մարտնչող փոքր պետութիւն եւ դեռ շատ անպատեհութիւններ: Փոփոխութեան, գէթ բարելաւման արժանի չէ՞ այս կացութիւնը: Ճիշտ է, որ շատ աւելի վատէն, 800 տարիներու ստրկութենէն ետք այժմ տիրացած ենք անկախ Հայաստանի մը, մեր հայրենիքի մէկ փոքր հողակտորին վրայ: Հողակտոր, որ վտանգւած է, որ կրնանք կորսնցնել, վերադառնալով 1918 նախորդած ժամանակաշրջանէն աւելի վատ վիճակի մը: Պէտք է հանդուրժե՞նք այս վիճակը ու համակերպի՞նք:
Հայութեան մէջ միշտ ալ եղած է հատւած մը, ոչ արհամարհելի կարեւոր հատւած մը, որ վերի հարցումին դրական կը պատասխանէ. կուզէ հանդուրժել, կուզէ համակերպիլ: Աւելի փոքր հատւածը կը մերժէ ընդունիլ ճակատագրական անուրը եւ կըմբոստանայ: Եղածը փոխել կուզէ, բարելաւել կուզէ: Յեղափոխութիւն կընէ:
Յեղափոխութիւնը կապ չունի բռնութեան հետ, ոմանց պարսաւելի արարքներուն բերումով ժխտականացած ահաբեկչութեան հետ: Յեղափոխութիւնը ազգին ու հայրենիքին անընդունելի վիճակը փոխելու կոչւած ազնիւ պայքարին խորհրդանիշն է: Ան նոյնիսկ կապ չունի ընդդիմութեան հետ: Յեղափոխութեան միջոցով է, որ ազգերը կը տիրանան իրենց իրաւունքներուն, ամբողջական կամ մասնակի, որմէ կօգտւին բոլորը` յեղափոխականները եւ անոնց հակառակորդները:
Մի՛ փորձէք Դաշնակցութեան վիզին փաթաթել ժխտական, աննպատակ ու կոյր ահաբեկիչի խարանը. դաշնակցականը ահաբեկիչ չէ. դաշնակցականը ազնիւ յեղափոխական է: