Էրդողանի ռամավարական հակահարւածը հայ պետականութեան լինելիութեան ճգնաժամի լոյսին տակ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Յստակ է, որ վարչապետ Նեթանիահուի յարձակապաշտ ծրագիրները Իրանի դէմ եւ առհասարակ իսրայէլեան ծաւալապաշտութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ արդէն կը բախին Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարմիր գիծերուն։ Այս առումով, կը գտնւինք բոլորովին նոր իրականութեան մը դէմ յանդիման։
Իսրայէլի բացայայտ յաւակնութիւնները Իրանի, Սիրիոյ, Եմենի եւ անշուշտ, առաջին հերթին, Գազայի մէջ ինքնաբերաբար սպառնալիքի տակ կառնեն Թուրքիոյ կենսական շահերը տարածաշրջանին մէջ եւ կը խախտեն թուրք-իսրայէլեան երբեմնի ռազմավարական սերտակցութեան պատմական հիմերը։ Մթնոլորտը սրած է այնքան, որ Թուրքիա պատրաստ կը թւի բուռն քայլերու։ Պատրաստ է պատերազմի…Գէթ այս է իմաստը, իր վերջին ելոյթներով, նախ. Էրդողանի խօսոյթին։ Թուրքիա արդէն իսկ դիմած է տնտեսական լուրջ պատժամիջոցներու ծանր ամբաստանութեան տակ առնելով Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը։
Կացութիւնը լուրջ է եւ աննախընթաց եւ պարտադիր կը դարձնէ հարցադրութիւնը, թէ որքա՞ն է ան պայթիւնավտանգ եւ որո՞նք կրնան ըլլալ անոր տարածաշրջանային հետեւանքները։
Աւելացնեմ անմիջապէս, որ հակառակ ներկայի ձգտւած մթնոլորտին եւ հակառակ Իսրայէլի ցեղասպանական գործողութիւններուն Գազայի մէջ, առայժմ դժւար է պատկերացնել պատերազմական ուղիղ առճակատում մը երկու երկիրներուն միջեւ։ Փաստը այն է, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը շարունակեն բարդ եւ բազմաշերտ կապերով կախւած ըլլալ իրարմէ։ Անոնք կը շարունակեն բնական դաշնակիցներ ըլլալ անբնական տարածաշրջանի մը մշտապէս հակասական չափորոշիչներով։ Անոնք կը գտնւին զիրար միաժամանակ «սիրելու» եւ «ատելու» գերիրական կացութեան մէջ (love-hate relationship)՝ զոր հարկադրւած են դիմագրաւելու ամէն օր եւ ամէն օր աւելի ստիպողական գործօններով եւ յաճախ՝ հակառակ իրենց կամքի՛ն։ Այս բարդ հաշւարկին հանրագումարը հետեւեալն է։ Հակառակ Էրդողանի աննախադէպ սպառնալիքներուն ուղղւած Իսրայէլի՝ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՌԱՅԺՄ ԴԵՌ ԱՒԵԼԻ ՇԱՀԱՒՈՐ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ՉՊԱՏԵՐԱԶՄԵԼՈՎ ՔԱՆ ՀԱԿԱՌԱԿԸ։ Եւ հոս իսկ պէտք է փնտրել այս խիստ անսովոր կացութեան երկւութիւններու բանալին։
Կասկած չկայ, որ թուրքեւիսրայէլեան յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատւած փոխշահաւէտ կապերու հաւասարակշռութիւնը այժմ մտած է խորքային խախտումներու (disruptions) դժւարին մէկ փուլ։ Եւ այս մէկը լոկ պաղեստինեան դատով չէ, որ կը պայմանաւորւի։ Առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիա եւ Իսրայէլ իրարու մէջ կը տեսնեն հակադիր շահերէ սնւող սպառնալիքներ։ Երբեմնի գործակիցները փոխակերպւած են իրերամարտ ախոյեաններու։ Անոնք ունին սուր գիտակցութիւնը, որ իրենք սոսկ շրջանային ուժեր չեն այլեւս, այլ կայսերական շահերու յաւակնորդներ, որոնց յաւակնութեանց ծիրերը այժմ կը մտնեն մէկզմէկու ապահովութեան դաշտերէն ներս եւ ամէն քայլափոխին ծնունդ կու տան նոր հակամարտութեանց։
Առաջին հերթին, պէտք է ընդգծել, որ Իսրայէլի կողմէ հետեւողականօրէն տկարացւած Իրան մը երբեք չի կրնար հանգստութիւն պատճառել Թուրքիոյ, նոյնիսկ ի մտի ունենալով թուրքեւիրանեան վէճերու մնայուն թնճուկը։ Չեն կրնար հանգստութիւն պատճառել նաեւ իսրայէլեան ուժի խարսխաւորման ճիգերը Սիրիոյ, Սիրիական Քուրդիստանի, Իրաքի, Իրաքեան Քուրդիստանի եւ առհասարակ Արեւելեան Միջերկրականի առաջնագծային ռազմաբեմերուն վրայ։ ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ Է ՀԵՏԵՒՑՆԵԼ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ, ԻՆՔՆԻՆ, ԼՈՒՐՋ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓԱՆԹՈՒՐՔԻՍՏԱԿԱՆ ԵՒ ՓԱՆԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԴԺՒԱՐ ԿԸ ԹՒԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐԷ ԳՈՐԾԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՀԱԿԱՌԱԿ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ԱՅԼԱՊԷՍ ՓՈԽՇԱՀԱՒԷՏ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱՅՈՒԹԵԱՆ։ ՅՍՏԱԿ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍԵՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ԿՌՒԱՆՆԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԿԱՐԵՆԱԼ ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ։ ԿՌՒԱՆՆԵ՛Ր՝ ՈՐՈՆՔ ԴԵՌ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ԲԻՒՐԵՂԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼԷ։
Կրկնե՛նք։ Էրդողանի Թուրքիան յանկարծ կանդրադառնայ, որ Նեթանիահուի տեսլականով գործող Իսրայէլը դարձած է տարածաշրջանի ճակատագիրը տնօրինելու յաւակնող ուժ։ Այսինքն՝ նմանը Թուրքիո՛յ… Նմանը Իրանի՛…։ Հետեւաբար անխուսափելի է, որ «նման»ները այլեւս չհանդուրժեն զիրար եւ ի վերջոյ վանեն զիրար։ Տարածաշրջանի կեանքին մէջ տեղի ունեցած է շրջանային ուժերու ներքին ուռճացում մը, որ կառաջնորդէ յարացոյցի (paradigm) անխուսափելի վերիվայրումներու։ Գերտէրութիւններու երբեմնի խաղադաշտին մէջ յանկարծ ինքզինքնին հաստատած են՝ (ա) Պանթուրքիստական Թուրքիան (այսօր արդէն Ադրբեջանի փոխօգնութեամբ), (բ) Նէոսիոնիստական Իսրայէլը եւ (գ) Շիիզմի առաջնորդ Իրանը իրենց միջեւ որպէս առաջին եւ անմիջական կռւախնձոր ունենալով Սիրիան եւ ինքնաբերաբար՝ Լիբանանն ու Իրաքն ու Եմէնը։
Ասիկա տարբեր աշխարհագրութիւն մըն է այլեւս։ Ասիկա երբեմնի պաղ պատերազմի տրամաբանութեան ենթակայ եւ մեծերու կողմէ կառավարելի ռազմադաշտը չէ այլեւս։ Աշխարհակարգը վաղուց դադրած է միահեծան երկբեւեռութեան կանոններուն ենթակայ ըլլալէ։ Եւ եթէ բեւեռները այնուամենայնիւ կը շարունակեն գոյատեւել, անոնք կը գոյատեւեն շատ աւելի «պատանդւած» ներքին կարգուսարքերով եւ համաձայնութիւններով։ Չմոռնանք, որ հոս ներկայ են նաեւ Չինաստանն ու Հնդկաստանը եւ ուրիշներ։ Եւ չմոռնանք մերօրեայ Սաուդեան Արաբիան իր նոր ուժային հեռանկարներով։
Նոր տարածաշրջանը կը տարբերի նախորդէն այն յստակ իրականութեամբ, որ Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Իրան գերտէրութեանց սոսկական ստորադասները չեն այլեւս։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը լծակային յարաբերութիւններ կը ջանայ հաստատել գերտէրութեանց ազդեցութեան գօտիներէն ներս եւ ՈՒՂՂՈՐԴԵԼ ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԵԱՆՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍՏ ԻՐԵՆՑՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՇԱՀԵՐՈՒՆ։ Իսկ Իսրայէլ վաղուց դադրած է «հիւր»ի եւ «նպաստաւորեալ»ի դիրքերէն գործելու ԱՄՆ-ի եւ առհասարակ Արեւմուտքի մէջ։ Ան կը տիրապետէ քաղաքական հզօր կամրջագլուխներու Արեւմուտքի մայրաքաղաքներէն ներս քաղաքականութիւն պարտադրելով ամէն քայլափոխին։ Այս առումով, գերտէրութիւններու քաղաքական բեմը վերածւած է մրցավայրի Իսրայէլի եւ միւս շրջանային ուժերուն միջեւ։ Հակակշռել Իսրայէլի ազդեցութեան գօտին Արեւմուտքի ռազմավարական գօտիներուն մէջ դարձած է Թուրքիոյ եւ այլ շրջանային ուժերու ամէնօրեայ յաճախանքը եւ իրենց լինելիութեան բանալին։ Տիրող առաջադրութիւնն է (մէկզմէկու դէմ) «պատերազմ»ը շահիլ Արեւմուտքի մայրաքաղաքներուն մէջ առաջ քան տարածաշրջանի առճակատման փուլերուն մէջ իրարու բախելէ։ Այս «պատերազմ»ը համաշխարհային է իր բնոյթով եւ բազմամակարդակ։ Զայն պէտք է շահիլ իր ողջ բարդութեան մէջ։
Էրէողանի ազդարարութիւնները, ուղղւած՝ Իսրայէլի, կու գան յստակացնելու, որ Թուրքիան ակնյայտօրէն կը գիտակցի այս նոր կացութեան բարդութիւններուն եւ որ ուժական Իսրայէլ մը իր տարածաշրջանային յարձակապաշտ դիտաւորութիւններով բնաւ հանդուրժելի չի կրնար ըլլալ այլեւս։ Ըսենք, որ տեսական հողի վրայ ան կրնայ հանդուրժելի ըլլալ ՄԻԱՅՆ երբ յարգւին թրքական շահերու ռազմավարական շատ զգայուն շեմերը։ Եւ, անշուշտ, այն ինչ, որ տեղի կունենայ վերջերս տարածաշրջանի բեմին վրայ յիշեալ զգայուն շեմերու բացայայտ ոտնակոխումն է Նեթանիահուի կողմէ։ Էրդողանի սաստը, ուղղւած՝ Նեթանիահուի, կու գայ ըսելու, որ ժամն է խաղաքարտերը բանալու։ Ժամն է զանոնք հիմնովին վերարժեւորելու…Եւ որ այս պայմանը անժամկէտ չէ այլեւս եւ ունի անմիջական եւ շօշափելի հետեւանքներ։
Միաժամանակ կարելի չէ չտեսնել, որ Էրդողանի սաստը ուղղւած է…նաեւ Ալիեւին։ Ու Թրամփի՛ն։ Եւ – ինչո՞ւ չէ – Եւրոպայի մեծերուն։
Նեթանիահուին ուղղւած իր սաստով՝ Էրդողան պատրաստ կը թւի ներքին կարգով հաշւի նստելու իր արբանեակ՝ Բաքւի փոքրիկ իշխանաւորին հետ եւս մաքրելով բոլոր հաւանական երկւութիւնները։ Էրդողան տրամադիր չէ այլեւս անտեսելու Ալիեւի գործօն սերտակցութիւնը Նեթանիահուի հետ։ Ցարդ կը գործէր թրքական յաջող մարտավարութիւն մը Բաքւի միջոցով Իսրայէլի երթուդարձը Կովկասի մէջ վերահսկելու։ Այդ գործընթացը սպառած է ինքզինք։ Հոս կան արդէն կարմիր գիծեր եւ Էրդողան կը «յիշեցնէ» – ի լուր բոլոր շահագրգիռ կողմերուն – որ Անkարա՛ն է, որ պիտի ճշտէ այդ գիծերու կանոնակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ ստորադաս դերակատարութիւն մը միայն վերապահելով Ալիեւին։
Բարդը այն է, որ Էրդողան կրկին կը զգայ, որ այս կէտին վրայ Թուրքիա կը գտնւի ականւած մակոյկի մը մէջ Իսրայէլի հետ միասին։ Սկզբունքով, Էրդողանի սաստը պէտք է խուճապի մատնէ Արեւմուտքը եւ յատկապէս ԱՄՆ-ը։ Տրամաբանական է, որ այդ խուճապը անպայման գոյութիւն ունենայ (եւ ունի՛), բայց ան առայժմ կը խռովէ դիւանագիտութեան ներքին բաւիղները միայն։ Թուրքիոյ համար յստակ է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ ուղիղ առճակատման մը պարագային ԱՄՆ եւ Եւրոպա պիտի դիրքորոշւին ի նպաստ Իսրայէլի։ Ինչպէս ըսինք, Իսրայէլ կը տիրապետէ Արեւմուտքի քաղաքականութեան բոլոր ներքնուղիներուն եւ գործելու տեղ չի թողուր Թուրքիոյ։ Այս առումով, Թուրքիա պէտք է շատ «կարօտնայ» Ռուսաստանը։ Առանց Ռուսաստանի հաւասարակշռող եւ վճռորոշ զէնքին՝ Թուրքիոյ հնարաւորութիւնները – գէթ տեսանելի ապագայի կտրւածքով – սահմանափակ են… Բայց նաեւ ընդունինք մէկ բան։ Ա՛յն՝ որ խորամանկ դիւանագէտի չափանիշներով անոնք աննշան չեն։ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան ՈՒՆԻ իրական զէնքեր Վաշինգտոնի ուշադրութիւնը արագօրէն գրաւելու։
Եւ Էրդողան այն մարդն է, որ չի վարանիր դիւանագիտութեան ռիսkային սահմանագծերուն վրայ գործելու եւ իր կարողականութիւնները փորձարկելու թէ՛ Արեւմուտքի, եւ թէ՛ Մոսկւայի բեմերուն վրայ… Նեթանիահուի ուղղւած Էրդողանեան հակահարւածը – թէկուզ բերանացի – արդիւնաւէտ ըլլալու իսկական գրաւականներ ունի։ Ան կրնայ բաւարար ուժ հաւաքել դիւանագիտութեան հողին վրայ եւ յամենայն դէպս փոխել ռազմադաշտի ընդհանուր հաշւարկը բոլորին համար։ Թուրքիոյ դասական քեմալական խաղը կրնայ առայժմ թոյլ երեւիլ, բայց այնուամենայնիւ ան կանհանգստացնէ Արեւմուտքի եւ յատկապէս Թրամփեան ԱՄՆ-ի աքիլլէսեան կրունկները։ Կանհանգստացնէ մանաւանդ Իսրայէլը։ Երբեք աննշան չէ այն ռազմավարական նեցուկը, որ մինչեւ վերջերս Իսրայէլ ստացած է Թուրքիայէն։ Նեթանիահու կը սխալի, եթէ կը կարծէ, թէ ինք կրնայ յաւիտենապէս նեղ կացութեան մէջ դնել Էրդողանը պաղեստինեան հարցի իր քաղաքական յանձնառութեանց ոլորտին մէջ եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհի իր դաշնակիցներուն առջեւ։
Կասկած չկայ, որ Էրդողանի պատերազմական սպառնալիքով դրսեւորւած ռազմավարական հակահարւածը, առաջին հերթին, կը միտի գոյութիւն ունեցող տարածաշրջանային իրավիճակը խախտելու յօգուտ Թուրքիոյ։ Եւ յատկապէս առաւելութիւն շահելու Իսրայէլի վրայ։ Այս առումով, պատերազմը սկսած է արդէն իսկ։ Ասիկա պաղ պատերազմ մըն է առայժմ։ Ան սկսած է Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծւած քաղաքական այլատիպ գրոհներով, որոնք առայժմ պէտք չունին ռազմական թէժ դրսեւորումներու։ Թուրքիոյ բուռն ազդարարութեամբ դիւանագիտութեան խաղատախտակը արդէն իսկ ենթարկւած է զգալի փոփոխութեան։ Էրդողան յստակ պատգամ մը յղած է աշխարհակարգի տէրերուն։ Ըստ Թուրքիոյ օրակարգին, տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւնները կը կարօտին հիմնական վերանայման եւ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԱԿՆԿԱԼԷ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԻ ԴԻՐՔԵՐ ԶԲԱՂԵՑՆԵԼ ԱՅԴ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ։
Էրդողանի ռազմավարական հակահարւածը կը թիրախաւորէ շարք մը կէտեր տարածաշրջանին մէջ, որոնցմէ մէկն է նաեւ Հարաւային Կովկասը եւ առաջին հերթին՝ Հայաստա՛նը։ Պատմական փաստ է, որ կայսերական շահեր հետապնդող ուժերը իրենց ծաւալապաշտ գործողութիւններուն գինը վճարել կու տան գործընթացի զոհերուն։ Քաղաքականութեան ուժային փոխ-ներգործութեանց օրէնքն է ասիկա։ Շղթայի մը ուժը ճշտողը իր ամենէն տկար օղակն է միշտ։ Իսկ Հարաւային Կովկասի մէջ այդ ողբալի դիրքին տեւաբար մատնւողը Հայաստանն է վերջերս եւ փաշինեանական համակարգը՝ այդ անկումային կարգավիճակը նւիրագործող գործի՛քը։ Ան ստեղծւած է այդ պաշտօնին համար։
Հայաստանը իր ամբողջական հակակշռին տակ ունենալու հրամայականը կենսական արժէք է Թուրքիոյ համար այս օրերուն։ Միայն այդ միջոցով է, որ Թուրքիոյ խաղաքարտը գերակշիռ արժէք կը ստանայ թէ՛ Արեւմուտքի (իմա՛ Թրամփի), թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Ալիեւի, թէ՛ Մոսկւայի եւ թէ՛ Իրանի նկատմամբ… Որմով նաեւ հսկայ այժմէութիւն կը ստանայ (թուրք կայսերական շահերուն համար) Թուրքիոյ պանթուրքիստական քաղաքականութիւնը։ Յատկապէս Էրդողանեան ռազմավարութեան համար պարարտ փորձագէտին հայթայթող Սիւնիքի ճանապարհային իր շահադրդիչներով։ Ան կը դառնայ մեծ հրամայական մը Թուրքիոյ կայսերական օրակարգի ընթացաւորման համար։ Եւ, անշուշտ, պարզ է, որ այս կացութեան մէջ բոլոր խաղաքարտերը դասաւորւած են Հայաստանի լինելիութեան դատին դէմ։ Ողբերգութիւնը այն է, որ փաշինեանական վարչակարգի մականին տակ Հայաստանը տէր չունի։ Իր ինքնահոսի ընթացքով, այս կացութիւնը հայ անկախ պետականութեան վերջնական հաշւեյարդարն է, որ կը կանխատեսէ։
Եւ այս հաշւեյարդարն է, որ կանխելու պատմական մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնւի մեր ժողովուրդը այս պահուն։ Աւելցնենք անմիջապէս, որ այդ պարտաւորութիւնը նախեւառաջ կախւած է երկրի ընդդիմութեան վիզերէն։ Եւ երկբայելու թանկ «հաճոյք»ը վաղուց արդէն գոյութիւն չունի։ Հարցականը գոյութենական է իր տարողութեամբ։
Այս կենաց-մահու հաշւեյարդարը յաջողապէս կանխելու առաջին վճռական քայլը փաշինեանական համակարգի ամբողջական եւ անյապաղ լուծարումն է։ Մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ Էրդողանի ռազմավարական հակահարւածը (ուղղւած՝ Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի) դառնայ Հայաստանի լինելիութեան դատին մահավճիռը։ Այստեղ եւս պարտականութեան դատին կանչւած է, առաջին հերթին, երկրի ընդդիմութիւնը, որ, իր կարգին, արմատական ինքնազտումի հրամայականին առջեւ կը գտնւի։
Ասիկա այն իսկ պահն է, երբ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը պիտի շրջեն պատմութեան վճիռը։ Այլ ելք չունին։ Ընդհակառակն անոնք ունին ոսկեայ պատեհութիւնը Հայաստանի տեղը վերստին ամրագրելու տարածաշրջանի ուժային քարտէզին վրայ։ Անկասկա՛ծ՝ դժւարին առաջադրութիւն մը, բայց նաեւ միա՛կը՝ ծուռ դարձած անիւը շրջելու եւ երկիրը վերստին դնելու նոր վերելքի արժանապատիւ ճակատներուն վրայ։
Մենք պիտի մերժենք զոհ երթալ Էրդողանի մեծ խաղին հայ պետականութեան ամբողջական հակակշիռը կրկին հաստատելով Սիւնիքի դարպասին վրայ։ Այդ դարպասին տիրութիւն ընելու պատմական պատասխանատւութիւնը Հայաստանին կը պատկանի։ Մենք պիտի ըլլանք դերակատարը այդ դարպասին շուրջ կազմաւորւած աշխարհաքաղաքական միջազգային շահերը ի մի բերող եւ դիւանագիտութեան քաոսը կարգաւորող։ Մեր քաղաքական հանճարն է, որ պիտի թամբէ այդ անկայուն ձին եւ քաղաքականութեան կապարը վերածէ ոսկիի…
Էրդողանի ռազմավարական հակահարւածով շղթայազերծւած տարածաշրջանային գործընթացը տեղ մը ի վերջոյ պիտի հաւասարակշռւի։ Մեր անյետաձգելի պարտաւորութիւնն է հայ անկախ պետականութեան իրաւունքներուն տէր կանգնիլ՝ անյապաղ եւ ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ վերջ դնելով փաշինեանական իշխանութեան եւ իր բոլոր մեքենայութիւններուն։



