Գիւմրի. Ութերորդ Վէրքը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արդեօք անակնկա՞լ էր այն՝ ինչ որ պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ, պատմական երկրաշարժի տարեդարձին օրը: Անսպասելի՞ էր, որ ՔՊ-ապետն ու իր ուսապարկերը բռնագրաւէին Եօթը Վէրք եկեղեցին, արտաքսէին տեղւոյն քահանաները եւ իրենց թմբուկը նւագող հոգեւորական մը խորան բարձրացնէին, որպէսզի պատարագէ եւ, ենթարկւելով ինքնակոչ «կաթողիկոս»ին, «թեմական առաջնորդ»ին, այսինքն՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգին՝ դուրս գայ կանոնական ընթացքէն ու չյիշատակէ Կաթողիկոսին անունը: Այս բոլորին լոյսին տակ, այդ եկեղեցին դարձաւ ո՛ւթ վէրքով եկեղեցի…
Եթէ անակնկալի եկողներ կան, ա՛յդ է… անակնկալը, որովհետեւ մասնաւորաբար վերջին շաբաթներուն, չըսելու համար իշխանութեան ղեկին նստելէն ասդին, այս արարածը ամէն քայլափոխի ոտնատակ ըրած է ԱՄԷՆ ՕՐԷՆՔ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, սկսելով Սահմանադրութենէն մինչեւ արդարադատութեան սկզբունքները, պաշտպանական համակարգը, Եկեղեցւոյ դարաւոր դրութիւնները, մեր ամբողջ պատմութիւնն ու երկրի աշխարհագրութիւնը, կաշխատի բռնի կերպով իր դաւադիր սայլին լծել ամբողջ ժողովուրդը…
Առաջին անգամը չէ, որ ՔՊ-ական խմբակը նման բռնարարքի կը դիմէ, կաշխատի նոր չափ-ձեւ տալ մեր եկեղեցական օրէնքներուն ու ընկալեալ դրութիւններուն: Ամէն մարդ կը տեսնէ, եւ ճի՛շտ կը մեկնաբանէ, թէ այս ապօրինութիւնները կըլլան իբրեւ մէկ օղակը՝ ընտրապայքարին: Տագնապը շատո՜նց դուրս եկած է Կաթողիկոսի անձին շուրջ վէճերու սակարանէն, դարձած է Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութիւն մը: Եւ ճիշտ կըսեն բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնեն, թէ եղածը շատ աւելին է, քան ինչ որ ըրած են դրսեցի բռնագրաւողներն ու բռնակալները…:
Գիւմրիի 7 դեկտեմբերի դէպքը նորագոյն – չըսենք՝ աւելորդ – ապացոյց մըն է, որ իշխանութիւնը պահելու համար, այս «ազգընտիր»ը իր գործակիցներուն հետ վաղն ալ ամէն տեսակի ապօրինութեան, օրէնքներու բռնաբարման պիտի դիմէ, յենելով իրեն վարձկան դարձած ոստիկաններուն եւ ուժայիններուն, կանգ պիտի չառնէ ընտրական խախտումներու առջեւ, պետական գանձը պիտի գործածէ ըստ կամս, պիտի հնարէ նոր ապօրինութիւններ: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ հոս արձանագրելը իմաստ չունի:
***
Անակնկալը, սպասւող անակնկալը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռենք եւ անպայմա՛ն պէտք է գտնենք, պէտք է իրականանայ: Այդ ալ՝ ժողովրդային զանգւածներուն – եւ ո՛չ միայն ընդդիմադիրներուն – ձեռքերուն միացումն է, որպէսզի ազգակործան խմբակը անյապաղ վտարւի երկրի վարչական համակարգէն (իսկ Եկեղեցին ազգի մէկ մասնիկն է): Պէտք է աչք ու ականջ, նաեւ միտքերու պատուհանները լայն բանալ, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար, որ «Եկեղեցին պիտի բարեկարգենք» ըսողները ո՛չ միայն այդ իրաւունքը չունին, այլ նաեւ համապատասխան գիտելիքը չունին իրենց ըրածին մասին (անոնգ գործակատար դարձած եկեղեցականներու մասին ալ «գովեստի սակարան»ը բարձր է). եւ հոս, «չի քալեր» այն բարեմիտ մտածումը, թէ «պէտք է ներել, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ’ընեն», քանզի շա՛տ լաւ գիտեն թէ ինչ կ’ընեն, լա՛ւ գիտեն, թէ ո՛չ միայն կը քանդեն Եկեղեցին՝ ազգի կարեւորագոյն բերդը, այլ նոյնինքն հայրենիքն ու ազգը. կը մնայ, որ մեր ժողովուրդն ալ լիարժէքօրէն իրազեկ դառնայ չարիքներուն, միանայ ԳՈՐԾԻՆ:
***
Վերջին շրջանին, Հայաստանի լրատու աղբիւրներուն մէջ – նաեւ՝ ընդդիմադիր պատուհաններէ – աւելի՛ յաճախ նետեր կարձակւին, նիզակներ կը ճօճին ՔՊ-ականներու դէմ պայքարող ընդդիմադիրներուն, ի շարս որոնց՝ խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն դէմ: Հրետորական հարցումներ կը նետւին մէջտեղ, թէ՝ «ընդդիմադիրները ի՞նչ կընեն», ու խրատականներ իրարու կը յաջորդեն, թէ՝ պէտք է սա ընել, նա ընել: Անմիաստ է նման հարցականներու պատասխաններ որոնելը, որովհետեւ նո՛յն մեկնաբաններն ու քաղաքական դէմքերը քիչ ետք կը թւարկեն ընդդիմադիրներուն բոլոր ըրածները՝ քաղաքական բեմին վրայ թէ հրապարակային ցոյցերու-շարժումներու ճամբով իշխանաւորներուն ձախաւերութիւնները, կաշառակերութիւններն ու միայն սեփական (այսինքն՝ թշնամիին) շահերու պաշտպանի ընթացքը: Չեն մոռնար նաեւ ժողովուրդը սթափեցնելու անդուլ ճիգերը, որոնք, ինչպէս ծանօթ է՝ սպասւած արդիւնքին չեն հասնիր, որովհետեւ ամէն քայլափոխի, իշխանականներու ստապատիր քարոզչութիւնն ու մանաւանդ բռնարարքները կը բթացնեն այդ ճիգերը: Ընդդիմադիրներուն դիմաց մնացող ճամբաներէն մէկն ալ՝ իրենց կարգին՝ բիրտ ուժի դիմելն է (տեղ մը թերեւս կարդարանայ այն մտածումը, որ երբ անուղղան ամէն օրէնք կոտնակոխէ, ես ինչո՞ւ պէտք է ա՛յսքան կառչած մնամ օրէնքին), սակայն նման քայլի չի դիմւիր, որովհետեւ ընդդիմադիրներուն քով իմաստութիւն կոչւածը նախաճաշին հետ չէ կերւած-սպառած: Բիրտ միջոցի չդիմելը երկչոտութիւն չի նշանակեր: Իշխանախումբը քանիցս փորձած է նման ոլորտի մէջ ներգրաւել ընդդիմադիրները (եկեղեցիներու մէջ վերջին շաբաթներու ոտնձգութիւնները նորագոյն փորձն են). վերջինները շատ լաւ գիտցած են, որ նման փորձութիւն՝ կը նշանակէ իյնալ քաղաքացիական բախումներու ոլորապտոյտին մէջ, որ կրկնակիօրէն վնասակար է երկրին ու ժողվուրդին: (Հաւանաբար չէ մոռցւած, որ իշխանապետը անձամբ խոստովանած է, թէ իր հոգին կը հրճւի նման բախումներէ, արիւնահեղութիւններէ…): Կայ նաեւ միւս գիտակցութիւնը, որ այս վարչախումբը անսպառ աջակցութիւն կը վայելէ թէ՛ մեր թշնամիներէն եւ թէ անոնց ճամբով՝ Հայաստանի մէջ շահեր հետապնդողներէ: Այս վիճակը անկարելիի դիմաց չի դներ երկիրը, մասնաւորաբար ընդդիմադիր ճակատը (խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական), որուն շուրջ բռունցք դառնալու կոչւած է ամբողջ ազգը, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, եւ ատիկա առաջին յենարանը պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւոր պայքարի մը՝ զայն տարբեր դաշտերու վրայ տարածելու համար:
***
Գիւմրի իրադարձութիւններուն մասին պատկերասփռւած քանի մը հարցազրոյց լսեցինք կիրակի օր: Մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին մէկ-երկու ճիշտ մտածում: Մեկնաբան մը նկատեց, որ ամէն բան ընդդիմադիրներէն սպասելը արդար չէ, որովհետեւ անոնք շատ բան ըրած են, պէտք ունին ժողովրդային մասնակցութեան ընդլայնումին: Ըսել կուզէր, որ երբ գործակալ իշխանութեան դէմ գործնապէս պայքարողներ կան, չի բաւեր տունը նստիլ եւ դիտել, կամ այլապէս արդար ու ճիշդ մեկնաբանութիւններով հրապարակը ողողել, այլ, ինչպէս արձանագրեցինք քիչ առաջ, անհրաժեշտ է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԲՌՆՑՔՒԻԼ ընդդիմադիր ճակատին մէջ ու շուրջը:
…Իշխանախումբը վաղը կրնայ աւելի վատ քայլերու հասնիլ, ինչ որ հրամայական եւ անյետաձգելի կը դարձնէ մեր ակնարկած անակնկալին մարմնաւորումը: Իսկ թէ Երկրաշարժէն 37 տարի ետք, ա՛յդ վէրքին կարգ մը հետքերը ինչո՞ւ չեն դարմանւած՝ բոլորովին այլ ողբերգութիւն է. անիկա հին վէրք է արդարե՛ւ:


