Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշւէտւութեան եւ վերարժեւորումի

ՅԱԿՈԲ ՋԱՆԲԱԶԵԱՆ

 

37 տարիներ առաջ, այս օրը՝ 1988 թւականի Դեկտեմբեր 7-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան մէջ սարսափազդու եւ աւերիչ երկրաշարժը, որ աւելի քան 25 հազար հայորդիներու կեանքը խլեց եւ տասնեակ հազարաւոր հայեր անտուն ու անօթեւան ձգեց։

Այսօր Դեկտեմբեր 7-ը թւանշան մը չէ միայն օրացոյցին վրայ. ան հայուն ցաւի ու ողբի տարեթիւն է, տարեթիւ մը նաեւ վերարժեւորումի ու հաշւէտւութեան օր։

1988 թւականին Հայաստանը խորտակւեցաւ ահաւոր երկրաշարժով։

Կառոյցներ ու շէնքեր սարսափազդու քարակոյտերու վերածւեցան, անոնց մէջ մարմիններ կորսւեցան, բայց հայրենիքն ու պետութիւնը կանգուն էր իր իսկ խղճին մէջ՝ մեր լեռներուն պէս։

Ահաւոր կացութեան մէջ մայրեր իրենց զաւակները փնտռեցին փլատակներուն մէջ, հայրեր ձեռքերով քար փշրեցին ոչ որովհետեւ ուժ ունէին, այլ որովհետեւ ուրիշ ճար չունէին։

Այո՛, Դեկտեմբեր 7-ին երկիրը դղրդաց եւ դարձաւ խոցւած ու աղէտալի, հայ բեկորներ ցնցւեցան, բայց երբեք չսասանեցան։

Եւ այսօր Սփիւռք–Հայրենիք ապրեցանք՝ ոչ որովհետեւ մոռցանք աղէտը, այլ որովհետեւ ուզեցինք ապրել՝ ոտքի կանգնելու վճռականութեամբ։

Այսօր սակայն, 37 տարի ետք, Հայաստանը կրկին կը ցնցւի՝ոչ բնութեան երկրաշարժի դղրդիւնով, այլ մեր իսկ դաւաճանատիպ իշխանութեան սատանայական ծրագիրներով։

Այսօր փլուզումի կենթարկւին ոչ թէ հայրենիքի ամրակուռ շէնքերը, այլ փլուզումի ենթակայ են Արամ Մանուկեաններէն մեզի ժառանգ մնացած անկախ հայրենիքն ու գերեվարւած Արցախը։

Արցախ հայաշխարհը փուլ եկաւ ՀՀ դաւաճանատիպ վարչապետի ստորին քաղաքական հաշիւներուն պատճառով՝ պատճառ դառնալով տասնեակ հազարաւոր հերոսածին զաւակներու նահատակութեան,

Արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան։

Եւ այս բոլորը կատարւեցան՝ոչ բնութեան աղէտով, այլ քաղաքական դաւաճանութեամբ։

Այսօր նոյն այդ դաւաճան իշխանութիւնը ձեռքը երկարած է Հայոց Առաքելական Եկեղեցիին։

Ահաւոր է պատահածը մեր հայրենիքին մէջ, եւ յատկապէս լուսաւորչակերտ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին շրջակայքին ու զանազան եկեղեցիներու մէջ։

Հայրենի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս այսպէս կոչւած վարչապետին կողմէ կատարւած անվայել հալածանքները Ամենայն Հայոց ազգընտիր եւ սրբալոյս միւռոնով օծւած Հայրապետին դէմ ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները խորապէս կընկճեն համայն հայութեան հոգեւոր ու հոգեկան աշխարհը, եւ կարծէք Յոբի համբերութիւնն անգամ պիտի սպառէր ի տես այս խայտառակութիւններուն։

Պատերազմ, ցաւ, արհաւիրք, տեղահանութիւն եւ կոտորած՝ անցնող 7 տարիներուն կարծես հայ մարդուն անբաժան ընկերակիցներ դարձած են։

Արցախի եւ արցախահայութեան վէրքերը տակաւին չսպիացած, նոր արիւնահոսութիւն մը կը դիմագրաւէ այս անգամ հայրենի մեր ժողովուրդը, եւ այսպէս հայուն ցաւն ու վէրքը անվերջ կը կուտակւին։

Սակայն Եկեղեցին հայկական, որ կանգուն մնացած է դարերու պատերազմներու, կոտորածներու ու հալածանքներու ընթացքին, երբեք չէ խոնարհած ո՛չ սուլթաններուն եւ ո՛չ մէկ պիղծ աթոռի առջեւ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը խոցւի, ազգընտիր Հայրապետն ու տասնեակ հոգեւորականներ կը թիրախաւորւին, որովհետեւ Եկեղեցին չխոնարհեցաւ եւ չծառայեց իշխանութեան սնանկ աթոռին։

1988-ին մեր երկրի սրտին հարւած տւող աղէտալի թշնամին՝ բնութիւնն էր։

Այսօր՝ մեր թշնամին մեր իսկ պետական համակարգը վարչապետն ու իր պնակալէզն է։

Դեկտեմբեր 7-ը այսօր մեզ կը յուշէ, թէ հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման փլատակներէն վեր բարձրացաւ, բայց հողին մէջ մեր լեզուն, եկեղեցին ու արժանապատւութիւն չթաղեց։

Գրառումս յիշատակի անդրադարձ չէ միայն, այլ նաեւ ցասումի ու բողոքի արտայայտութիւն է՝ Արցախը դատարկողներուն, Եկեղեցին հալածողներուն, եւ պետութիւնը օտար շահերու ծառայեցնողներուն դէմ։

Իսկ քեզի, հայ ժողովուրդ,մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանաս քու լռութեամբ։

Դեկտեմբեր 7-ը օր մըն էր, երբ քարերը կործանեցին Սպիտակի եւ Գիւմրիի հայրենի օջախները։

Չթողունք, որ ՀՀ դաւաճանատիպ քաղաքական փլատակներն ու դատարկամիտ վարչապետը կործանեն մեր անգին ազգը եւ հայրենիքը։

Թորոնթօ

7 դեկտեմբերի 2025 թ.

Related Articles

Back to top button