COP29-ին ընդառաջ Հայ Դատի համակարգին աշխատանքները
Նոյեմբեր 11-22, 2024-ին, Ադրբեջանի մայրաքաղաք Բաքւի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որուն կակնկալւի որ կը մասնակցին կառավարական հազարաւոր պատւիրակներ, լրագրողներ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ադրբեջան այս համաժողովը կօգտագործէ մոլորոցնելու միջազգային հանրային կարծիքը իր էութեան մասին։
Միաժամանակ, այս համաժողովը առիթ է, որ ներկայացնենք Ադրբեջանի իսկական՝ ցեղասպանական, ռազմատենչ, ամբողջատիրական հակաժողովրդավարական էութիւնը, բարձրաձայնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան մէջ Ադրբեջանի բացասական վարքագիծի մասին։
Հայ Դատի համակարգը -յանձնախումբեր եւ գրասենեակներ- այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք արդէն սկսած են իրականացնել յատուկ մշակւած ծրագիր՝ հասնելու համար այն բոլոր շրջանակներուն՝ կառավարական, քաղաքական, հասարակական եւ լրատւական, որոնք որեւէ չափով առնչւած են COP-29-ին։ Այդ աշխատանքներուն նպատակն է շեշտել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, մղել նշեալ շրջանակները ազդեցութիւն բանեցնելու Ադրբեջանի վրայ՝ պահանջելով Արցախի մէջ իր գործադրած ցեղասպանական արարքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս իր ներխուժումին, եւ հայ գերիներու անօրէն պահպանելու հարցերով իր հայատեաց քաղաքականութիւնը փոխել։
Այս աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահւած է իւրաքանչիւր հայու, որ ընկերային ցանցերու (social media) վրայ օգտատէր է։ Կոչ կուղղենք բոլորին, որ ընկերային ցանցերով այս նպատակով օտար լեզուներով գրառումներ կատարեն, միաժամանակ օգտագործելով առնւազն այս չորս hashtag-ները. #COP29Exposed, #COPout29, #COP29, #COP29Azerbaijan։ Այս կայքէջէն վերցնել Հայ Դատի համակարգին կողմէ պատրաստւած կարգ մը գծանկարներ եւ պատկերիզներ, որոնք կարտայայտեն մեր տեսակէտները։ Խիստ կարեւոր է բոլոր գրառումներուն եւ կամ գծանկարներուն հետ օգտագործել վերոյիշեալ hashtag-ները։
Մեր տեսակէտները բարձրաձայնելու համար յարմար առիթ են նաեւ յառաջիկայ օրերուն մեկնարկող 2024-ի Ողիմպիական խաղերը, Փարիզի մէջ։
Ընկերային ցանցերու վրայ, հայկական շրջանակներու հետ համագործակցաբար, նման աշխատանքի մասնակից է նաեւ Միջազգային Քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն։ Այս առիթով հայութեան ուղղւած իր ուղերձը Օքամփոն կեզրափակէ գրելով. «Միջազգային հանրութեան ջանքերը միաւորելով՝ դուք կարող էք հասնել նրան, որ COP-29-ում դիտարկւեն ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ արդարութեան հարցերը: Հայեր, ժամանակն է լինել փոփոխութիւնների առաջամարտիկը: Գրառումներ արէ՛ք, մեկնաբանէ՛ք եւ բարձրացրէ՛ք ձեր ձայնը: Ձեզ կը միանան շատերը, այդ թւում՝ ես»:
Քաղաքական հանրայայտ դէմքեր, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններ արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են COP29-ի Բաքւի մէջ գումարւելուն առնչութեամբ։ Ոմանք նոյնիսկ կոչ ըրած են պոյկոտելու այդ նախաձեռնութիւնը։
Հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար, մենք պարբերաբար կանդրադառնանք այս աշխատանքներուն։
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
22 յուլիսի 2024