Հայ Դատ

Կիլիկիա վերլուծական հարթակի նիստին քննարկւեցան Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առնչւած յայտարարութիւններն ու աշխատանքները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց նիստը գումարւեցաւ կիրակի, 11 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ։

Օրակարգի կէտերուն ներառւած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հնչած պետական-պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչական ձեռնարկներն ու ուղերձները։

Նիստի ընթացքին ժողովականները հաստատեցին, որ Երեւանէն հնչած պետական յայտարարութինները յետդարձ կատարած էին Համահայկական հռչակագիրի բանաձեւած կէտերէն, շրջանցած էին Արցախի մէջ իրականացւած ցեղային զտումի գործողութիւնները եւ ընդհանրապէս օսմանեան կայսրութեան ու Ադրբեջանի իրականացուցած ցեղասպանութիւններու թեմաները շրջանցւած էին ու դուրս մղւած հատուցման պահանջները։ Նկատելի էր պետական ուղերձներուն մէջ Ցեղասպանութեան խնդրին ներհայաստանեան սահմանում տալու քաղաքականութիւնը։

Այս առումով նիստը ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին համահայկականութիւնը, շարունակւող ցեղասպանութեան փաստերը, համազգային օրակարգերու շուրջ համախմբւելու հրամայականը եւ պահանջատիրական երթը հայրենիք-Սփիւռք միացեալ աշխատանքներուն մէջ անշրջանցելի առաջադրանք պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Ադրբեջանի քարոզչական-քաղաքական աշխատանքներուն մէջ, Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովը լուսարձակի տակ առնելով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի փորձագէտները քննեցին Բաքւի որդեգրած ռազմավարութիւնը՝ քրիստոնէական կենտրոններ շահագործելով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութենէն հայկական հետքերն ու պատկանելիութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ։

Դիտարժան նկատւեցաւ Արամ Ա կաթողիկոսին ունեցած հանդիպումներն ու բազմամիլիոն լսարաններ ունեցող իտալական նշանաւոր զանգւածային լրատւամիջոցներուն տւած հարցազրոյցները, որոնց բովանդակութեան առանցք էին շարունակւող ցեղասպանութիւնները՝ օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Բաքւի ներկայ իշխանութիւնները։ Այս իրազեկումները կընկալւին Վատիկանի մէջ Ադրբեջանի դեսպանութեան նախաձեռնած համագումարին պատասխան, որ իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ անպայման։

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակը իր նիստին անդրադարձաւ նաեւ 27-28 մայիս 2025-ին Բեռնի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի հոգեւոր-մշակութային վտանգւած ժառանգութեան պահպանման թեման ունեցող համագումարին, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի մասնակիցի յատուկ պատւիրակութեամբ։

Յայտնեք, որ հրատարակութեան յանձնւած, Անթիլիասի մէջ կայացած Արցախի ցեղասպանութեան տարբեր ծալքերը ներկայացուցած գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն շուտով լոյսին կու գայ։ Հատորին ներառւած են բազմաոլորտ ուղղութիւններով գիտաքաղաքական նիւթեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել այսօրւան համահայկական օրակարգերու մշակման եւ անոնց ընդառաջ աշխատանքներ ծաւալելու առաջադրանքին։

Arfd.am

Related Articles

Back to top button