Հայ Դատ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը կողջունէ Շւէյցարիոյ ազգային խորհուրդի բանաձեւը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը նամակ մը Լիբանանի մէջ Շւէյցարիոյ դեսպան Մարիոն Վէյխելթին՝ ողջունելով Շւէյցարիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ որդեգրումը պատմական բանաձեւի մը, որ երկրի դաշնակցային կառավարութեան կոչ կուղղէ կազմակերպելու միջազգային խորհրդաժողով մը՝ ջատագովելու համար արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:

«Կողջունենք այս բանաձեւին որդեգրումը, որ Շւէյցարիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ կարեւոր ու քաջարի քայլ մըն է եւ կընդգծէ հայերու վերադարձի իրաւունքին աջակցող միջազգային իրաւական ու քաղաքական աճող թափը: Շւէյցերիոյ նահանգային խորհուրդին ու կառավարութեան կոչ կուղղենք՝ վաւերացնելու բանաձեւը եւ կազմակերպելու նման միջազգային խորհրդաժողով մը. ինչ որ մարդու իրաւունքներու եւ տագնապներու խաղաղ լուծման շւէյցերիական դիւանագիտական աւանդութենէն բխող քայլ մըն է», եզրափակեց Հայ Դատի մարմինը:

Related Articles

Back to top button