Եթէ երէկ Ցեղասպանութիւնն ու հատուցումն էին Հայ Դատի հետապնդման առանցքային նպատակները, այսօր նաեւ Արցախն է, որ մեզի համար պէտք է մնայ էական ու այժմէական

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը՝ ՀՅԴ Հայ Դատի համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեանը.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու հայրական օրհնութեամբ կողջունենք ձեզ։
Ահաւասիկ դարձեալ հաւաքւած էք ազգային պահանջատիրութեան նոր մղում ու շեշտաւորում տալու վերանորոգ հաւատքով ու ամուր յանձնառութեամբ։ Մեզի համար սիրելի է ու ողջունելի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման նւիրւած եւ զօրեղ կամքով ու աննւաճ ոգիով թրծւած որեւէ նախաձեռնութիւն։ Այսպէ՛ս եղած է միշտ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքը ամէն տեղ։
Արդարեւ, մօտէն ծանօթ ըլլալով անցնող տասնամեակներուն Հայ Դատի ուղղութեամբ ձեր առած քայլերուն ու նւաճած իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ դժւար պայմաններուն մէջ կատարւող հետեւողական ճիգին, կրնանք անվարան վկայել, որ դուք արժանի էք մեր ժողովուրդի բարձր գնահատանքին. որովհետեւ ինչ որ կը կատարէք մեր ժողովուրդի բռնաբարւած իրաւունքներու ձեռքբերման համար կը կատարէք՝ հեռու անձնական, կուսակցական ու շահադիտական մօտեցումներէ. կը կատարէք բարձրագոյն աստիճանի նւիրումով, խոր հաւատքով ու գիտակից յանձնառութեամբ։
Ծանօթ ըլլալով ձեր գործունէութեան ու ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, որոնք երբեք նպաստաւոր չեն Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, կուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, որ ազգային մեր պահանջատիրութիւնը իր բոլոր բնագաւառներով ու տարածքներով կը կարօտի վերանայման ու վերարժեւորման՝ մարտավարական նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններու վերադասաւորումով։ Եթէ երէկ Ցեղասպանութիւնը ու հատուցումն էր Հայ Դատի հետապնդման առանցքային նպատակը, այսօր նաեւ Արցախն է, որ մեզի համար պէտք է մնայ էական ու այժմէական։ Սփիւռքը յատկապէս փուշ է Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի աչքին. Սփիւռքը իրենց բառով խանգարիչ է, Հայաստանին եւ մեր ժողովուրդին առնչւած իրենց հեռաւոր նպատակներուն։ Այս մօտեցումը մեզ պէտք է մղէ կազմակերպչական նոր ուժ ու գործունէական նոր կենսունակութիւն տալու Հայ Դատի աշխատանքներուն։
Վստահ ենք, որ յիշեալ եւ այլ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկւին ձեր կողմէ եւ ապա համապատասխան աշխատանքի ուղեգիծ պիտի ճշտւի։
Այս առիթով, Մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք Հայ Դատին հետ ինքզինք նոյնացուցած եւ այս ուղղութեամբ կենտրոնական դեր կատարած Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Հայ Դատի բոլոր յանձնախումբերուն եւ բոլոր անոնց, բարեկամ թէ բարերար, որոնք զանազան կերպերով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման ծրագիրներուն։
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
24 Սեպտեմբեր 2026 Անթիլիաս, Լիբանան



