ՀՅԴ Հայ Դատի մարմինին Սինիրլիօղլուի հարցով նամակը` ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրւած դեսպաններուն յղեց հետեւեալ նամակը.
«2026 թւականի յուլիս 8-ին, ռուս կատակարարներ (փրանքսթըր) Վլադիմիր Քուզնեցով (Վովան) եւ Ալեքսէյ Սթոլեարով (Լեքսուս) հեռաձայնեցին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին` ներկայանալով իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, եւ անկէ խնդրեցին աջակցիլ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի պաշտօնանկութեան, արշաւ մը, զոր վարչապետ Փաշինեան կը հետապնդէ 2025 թւականի մայիսէն ի վեր:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, Սինիրլիօղլու մեղադրեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցին քաղաքականացնելու մէջ, ապա համաձայնեցաւ «ուսումնասիրել», թէ ԵԱՀԿ-ը ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ Կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու ջանքերուն: Երբ Սինիրլիօղլու հարցուց, թէ արդեօք իր զրուցակիցը կրնա՞յ «փոխել Կաթողիկոսը», կեղծ Փաշինեանը պատասխանեց, թէ ինք «բոլոր կարելի միջոցները կը քննէ»: Վերջինս նաեւ խնդրեց աջակցութիւն` հանրային քննադատութեան պարագային, ինչին Սինիրլիօղլու պատասխանեց. «Լաւ, ամէն ջանք պիտի թափեմ, պիտի փորձեմ»:
«Սինիրլիօղլու անաչառութիւն պահանջող իր պաշտօնը առաւել եւս վարկաբեկեց` պնդելով, թէ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ-ի ընտրադիտորդական առաքելութիւնը «անարդար» գտնւած էր Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ:
«Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը, միանալով բազմաթիւ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, կը դատապարտէ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի այս յայտարարութիւնները: Անոր համաձայնութիւնը կը խաթարէ ԵԱՀԿ-ի անաչառութիւնն ու առաքելութիւնը: Սինիրլիօղլուի խօսքերը կը բացայայտեն այնպիսի կեցւածք մը, որ անհամատեղելի է անոր պաշտօնի պատասխանատւութիւններուն հետ եւ յստակօրէն կը հակասէ 1975 թւականի Հելսինքեան եզրափակիչ ակտի 5-րդ սկզբունքին, որով ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւնները, ներառեալ Հայաստանը, յանձնառու են պաշտպանելու կրօնի կամ համոզումի ազատութիւնը:
«Պրն. Սինիրլիօղլուն պէտք է հրապարակաւ ետդարձ կատարէ իր այն ակնարկէն, թէ ԵԱՀԿ-ը պիտի աջակցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պաշտօնանկութեան, վերահաստատէ, որ ամբողջական կերպով եւ բացառապէս նւիրւած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի իր պատասխանատւութիւններուն, վերահաստատէ կազմակերպութեան յանձնառութիւնը Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան նկատմամբ եւ անմիջական կապի մէջ մտնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ` ապահովելու համար, որ Հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները լիովին յարգւին»:



